Մայիսի սկիզբին, Երեւանի մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի Հայերու Միութեան եւ Համաշխարհային Հայկական Կոնգրէսի կողմէ յայտարարուած գիտական եւ ստեղծագործական լաւագոյն աշխատանքներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ, Գանատայի «Հորիզոն» թերթի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեանին շնորհուեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան «լրագրողներու լաւագոյն հրապարակումներու» մրցոյթի պարգեւը: Վրէժ-Արմէն Արթինեան երկար տարիներ աշխատակցութիւններ ունեցած է «Հորիզոն»ի, «Ազդակ»ի, «Ազատ Օր»ի եւ հայկական այլ թերթերու հետ:
Վրէժ-Արմէն Արթինեան իր պատուավըճարը որոշած է յատկացնել Արցախի նահատակ զինուորի մը ընտանիքին:
Այս մրցանակաբաշխութեան գլխաւոր մեկենասն է Ռուսաստանի Հայերու Միութեան նախագահ պրն. Արա Աբրահամեան:
Այս տարի պարգեւատրուած են 62 մտաւորականներ, գրողներ, լրագրողներ, արուեստագէտներ եւ գիտնականներ։
Հաստատելով, թէ հայ թերթին եւ հրապարակագիրներուն շնորհուած պարգեւները աշխատանքը շարունակելու քաջալեր ուժ կը հանդիսանան՝ կը շնորհաւորենք մեր աշխատակից Վրէժ-Արմէն Արթինեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Գաղութներ «Հորիզոն»ի աւագ խմբագիրը շնորհուեցաւ լրագրողներու լաւագոյն հրապարակումներու մրցոյթի պարգեւով
«Հորիզոն»ի աւագ խմբագիրը շնորհուեցաւ լրագրողներու լաւագոյն հրապարակումներու մրցոյթի պարգեւով
«Հորիզոն»ի աւագ խմբագիր Վրէժ-Արմէն Արթինեանի շնորհուեցաւ լրագրողներու լաւագոյն հրապարակումներու մրցոյթի պարգեւը