Կիրակի՝ 3 Դեկտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի կողմէ։ Ս. Պատարագի աւարտին, ներկայութեամբ շրջանի Թաղական Խորհուրդի եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններու վարչութեանց անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ՝ հաւատացեալ հոծ բազմութեան, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Հայաստանի երկրաշարժի 29րդ տարելիցին առիթով։ Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց 29 տարիներ առաջ պատահած դժբախտութիւնը՝ մեր հայրենիքէն ներս անմեղ զոհերու նահատակման առիթով եւ հաւատացեալները հրաւիրեց, որպէսզի իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն այդ անմեղ զոհերը, որոնք մեզմէ բաժնուեցան։ Ան իր խօսքին մէջ յորդորեց ժայռի նման միշտ ամուր ու կանգուն մնալ ամէն տեսակ փորձութիւններու դէմ-յանդիման ու բացագանչելով աւարտեց իր խօսքը՝ ըսելով.- «Հաւատարի՛մ մնացէք մեր հայրենիքի բարօրութեան, բարգաւաճման ու անսասանութեան»։
Թղթակից
Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Հայաստանի ահեղ երկրաշարժի ընթացքին զոհ գացած մեր անմեղ զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ