Հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մոմավառութիւն 7 Դեկտեմբեր 1988-ի
Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին
Այս տարի Քորոնա վարակի կանխազգուշացման պետական տնօրինումներուն առ ի գործադրութիւն, Հայաստանի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին յատուկ արարողութիւնը պիտի կատարուի եկեղեցիներէն ներս։
Երեքշաբթի՝ 7 Դեկտեմբեր 2021-ի Թեմիս բոլոր եկեղեցիները բաց պիտի ըլլան առաւօտեան ժամը 11։00-13:00, մոմավառութեան համար։
Ժամը 11:40-ին պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժին զոհուած հոգիներուն յիշատակին:
Ուստի, կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը մոմավառութեամբ յարգելու յիշատակը եւ աղօթակից ըլլալու անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։
Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ
արարողութեան պիտի հանդիսապետէ Թեմիս Առաջնորդ
Սրբազանը Հայրը՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան:
Խունկ ու աղօթք հայրենիքի զոհուածներու լոյս հոգիներու յիշատակին:
Կը խնդրուի մեր ժողովուրդի զաւակներէն գործադրել Քորոնայի կանխարգիլման պետական բոլոր տնօրինումները։
ՅՈՒՆԱՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ