«Էրեբունի» բժշկական կեդրոնին մէջ լոյս աշխարհ եկաւ հնգեակ մը. 4 աղջիկ, 1 տղայ։ Աննան, Թեհմինէն, Ռոզին, Լիլիթը եւ Արան ծնան Կարապետեաններու ընտանիքին մէջ, որ կը բնակին Մեծամօրի շրջանը:
Աշխատանքի եւ սոցիալական ապահովութեան նախարարութիւնը Կարապետեաններու ընտանիքին, որը հնգեակ ունեցաւ, պիտի յատկացնէ 7.5 միլիոն դրամ՝ իւրաքանչիւրին՝ 1.5 միլիոնական դրամ:
Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ կը տեղեկացնէ նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անուշ Դանիէլեան:
7.5 մլն դրամէն՝ 2,5 մլն դրամը ուղղակիօրէն կը տրամադրուի ծնողներուն, իսկ մնացած 5 մլն-ը կը փոխանցուի իւրաքանչիւր երեխայի անուամբ բացուած ընտանեկան դրամագլուխի հաշուին, իւրաքանչիւրին՝ 1 մլն դրամ:
Անուշ Դանիէլեան շնորհաւորեց ընտանիքին՝ գրելով.- «Ճիշդը միանգամից 5 երեխայ ունենալն է»:
Հնգեակ մը լոյս աշխարհ եկաւ
Հնգեակ մը լոյս աշխարհ եկաւ