Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ ձեզ հետաքրքրական եւ այժմէական ներկայացման մը՝ «Արհեստական Բանականութիւնը» (Τεχνητή Νοημοσύνη — AI) նիւթով։
Տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 18 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Նէոս Գոզմոսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահին մէջ։
Ձեռնարկը առիթ մըն է, որ առաջին ծանօթացում մը ունենանք Արհեստական Բանականութեան հետ եւ անդրադարձ կատարենք, թէ ինչպէս ան արդէն ներկայ է մեր առօրեային մէջ։
Նիւթը պիտի ներկայացնէ ընկերուհի Երան Թերզեան։
Ուրախ պիտի ըլլանք ձեզ տեսնելու, որպէսզի միասին զրուցենք եւ կարծիքներ փոխանակենք այս նիւթին շուրջ։
Կը հրաւիրուին մասնաճիւղի անդամուհիները, Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ վերոնշեալ նիւթով հետաքրքրուած բոլոր հայրենակիցները։
Վարչութիւն










