ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ.- Այ­սօ­րո­ւան թի­ւով «Ա­զատ Օր» իր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը հրամց­նէ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ­Յա­րա­բե­րա­կան մար­մի­նի ան­դամ Ա­րաք­սի ­Մի­քա­յէ­լեա­նի ու­նե­ցած երկ­րորդ հար­ցազ­րոյ­ցը գա­ղու­թի ա­շա­կեր­տու­թեան հետ, այս ան­գամ հան­դի­պե­լով «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ։
­Գա­ղու­թա­յին՝ մին­չեւ օրս բարձ­րա­գոյն կրթա­րա­նը ան­խա­փան կը գոր­ծէ մօտ 35 տա­րի, տո­ւած ըլ­լա­լով հա­րիւ­րա­ւոր շրջա­ւարտ­նե­րու հունձք մը եւ միշտ մնա­լով գա­ղու­թա­յին մար­մին­նե­րուն հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կան։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ զրոյց­նե­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան ի­րենց տա­րի­քին հան­դէպ պատ­շաճ մօ­տե­ցու­մով՝ 14-16 տա­րե­կան պա­տա­նի­նե­րը մեր­ձե­նա­լու ու ի­րենց հո­գեմ­տա­յին աշ­խար­հին նուրբ թե­լե­րը շօ­շա­փե­լու զգու­շա­ւո­րու­թեամբ։
Դ­րա­կա­նօ­րէն մեզ կը զար­մաց­նեն մե­րօ­րեայ պա­տա­նի­նե­րը։ ­Գի­տա­կից են ի­րենց ներ­կա­յու­թեան հա­մար հայ դպրո­ցէն ներս, միա­ժա­մա­նակ լա­ւա­պէս ըմբռ­նած են մեր վար­ժա­րա­նի դերն ու բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­նի են, ի­րենց կեան­քը կը խայ­տայ տա­րի­քի յու­զա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով, սա­կայն նոյն պա­հուն ի­րենց նե­րաշ­խար­հէն կը ցայ­տի սէրն ու կա­պը դէ­պի ա­մէն ինչ հայ­կա­կան։ ­Հայ­րե­նի­քը դե­րա­կա­տար է ի­րենց կեան­քի աճ­ման մէջ, կը գի­տակ­ցին հայ լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թեան, թէ­կուզ հա­յա­խօ­սու­թիւ­նը գո­վե­լի աս­տի­ճա­նէն հե­ռու է տա­կա­ւին։ ­Գա­ղու­թի միու­թե­նա­կան կեան­քը՝ պա­տա­նե­կան, մշա­կու­թա­յին, սկաու­տա­կան եւ մար­զա­կան զբա­ղում­նե­րը ա­կումբ­նե­րէն ներս տե­ւա­բար կու գան լրաց­նե­լու ի­րենց կեան­քի կազ­մա­ւոր­ման ա­մէ­նէն նուրբ տա­րի­նե­րը։
Ան­կեղծ հաս­տա­տում մը։ ­Մեր գա­ղու­թի վար­ժա­րան­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ներշն­չել ու ո­գե­ւո­րել։ ­Հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը ներ­գոր­ծա­կան դեր կը պա­հէ հայ պա­տա­նին հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նէն ներս տես­նե­լու ջան­քե­րուն մէջ։
Ե­րա­նի մեր պա­տա­նի տղոց ե­րա­զը ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նայ ե­կող սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ ­Կա­րի­քը կայ գա­ղու­թա­յին զօ­րա­շար­ժի՝ միջ­նա­կար­գը լրաց­նե­լու եւ ամ­բող­ջաց­նե­լու երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի յա­ւե­լեալ ե­րեք կար­գե­րով։ Այ­լեւս ժա­մա­նակ­նե­րը հա­սուն­ցած են, որ­պէս­զի հա­մա­կար­գո­ւած աշ­խա­տան­քով, բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան անհ­րա­ժեշտ զո­հո­ղու­թիւն­նե­րով, յու­նա­հայ գա­ղու­թի կրթա­կան կեան­քը ա­ռա­ւել ծաղ­կի ու հա­յա­նայ։ ­Ներ­կայ սե­րունդ­նե­րուն պարտ­քը, կտակն է հա­յոր­դի­նե­րուն։

***

­Միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նը իւ­րա­քան­չիւր պա­տա­նիի հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման հա­մար, կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րո­ւան­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ: ­Հոս՝ պա­տա­նին ո՛չ միայն գի­տե­լիք­ներ ձեռք կը բե­րէ, այլ որ­պէս ան­հատ կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի, կը սոր­վի շուր­ջին­նե­րուն հետ շփո­ւիլ, դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­յա­րել եւ սա­կաւ առ սա­կաւ իր տե­ղը գտնել հա­սա­րա­կու­թեան մէջ:
­Միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար դպրո­ցը գի­տե­լի­քի աղ­բիւր է, որ եւ հի­մը կը հան­դի­սա­նայ, որ­պէս­զի պա­տա­նի­նե­րը հասկ­նան ի­րենց շրջա­պա­տող աշ­խար­հը եւ պատ­րաս­տո­ւին ա­պա­գայ մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը ընտ­րե­լուն հա­մար: Այս գոր­ծըն­թա­ցին կա­րե­ւոր ներդ­րում պի­տի ու­նե­նան ու­սու­ցիչ­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ գոր­ծուն օ­ղակ կը հա­մա­րո­ւին։ Ա­նոնք պի­տի օգ­նեն, որ­պէս­զի պա­տա­նի­նե­րը ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­ներն ու հե­տաքրք­րու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տեն, ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րա­յին եւ հե­տաքրք­րա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծեն ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար:
­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին դպրոց­նե­րը կա­րե­ւոր դեր կը պա­հեն հա­մայն­քի կեան­քէն ներս. կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն զատ, գա­ղու­թա­յին կա­րե­ւոր կեդ­րոն­ներ են, մայ­րե­նի լե­զո­ւի բնա­կան օր­րան, եւ կը ստեղ­ծեն ա­պա­հով մի­ջա­վայր: ­Յու­նա­հայ պա­տա­նիին հա­մար, դպրո­ցը միայն կրթու­թիւն ստա­նա­լու վայր չէ, այլ մի­ջա­վայր մըն է, ուր պէտք է պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձեր կեր­տո­ւին, ո­րոնք պի­տի պահ­պա­նեն ի­րենց ար­մատ­նե­րուն հետ կա­պը եւ, հարկ ե­ղած ճկու­նու­թեամբ, միա­ժա­մա­նակ կրեն հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ինք­նու­թիւն­նե­րը:
Այ­սօ­րո­ւան յու­նա­հայ պա­տա­նին կա­րո­ղա­ցած է ինք­զինք տե­ղա­ւո­րել ժա­մա­նա­կա­կից ըմնբռ­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։ ­Քա­նի մը լե­զու­նե­րու կը տի­րա­պե­տէ, մաս­նա­գի­տու­թիւն ձեռք բե­րե­լու ընտ­րու­թեան եւ լա­ւա­գոյն հա­մալ­սա­րան­նե­րը ու­սա­նե­լու փա­փաք ու­նի: Այս ա­մէ­նուն հետ մէկ­տեղ՝ այժ­մեայ պա­տա­նին հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման դա­րաշր­ջա­նը կ­՚ապ­րի՝ ա­նոր դրա­կան եւ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով:
­Շա­րու­նա­կե­լով մեր ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն ներս, Հ.Կ.­Խա­չի «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճէ­նա­զեան» ազ­գա­յին միջ­նա­կար­գի ա­շա­կեր­տու­թեան Ա. Բ. եւ Գ. կար­գե­րը ան­կեղ­ծօ­րէն եւ լրջօ­րէն պա­տաս­խա­նե­ցին մեր հար­ցում­նե­րուն: Ա­րագ հար­ցում­նե­րու շար­քէն յստա­կա­ցաւ, որ գրե­թէ բո­լո­րը ընտ­րե­ցին հայ­կա­կան ճա­շի ջերմ պա­հե­րը ըն­տա­նի­քին հետ, միա­ժա­մա­նակ՝ կա­րե­ւո­րե­ցին ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը ­Հա­յաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ հո­ղե­րուն վրայ:
­Հար­ցում­նե­րուն շար­քը յստա­կե­ցուց, թէ մեր պա­տա­նի­նե­րէն շա­տե­րը մեծ ակն­կա­լիք­նե­րով կը յա­ճա­խէն հայ­կա­կան միջ­նա­կար­գը, ո­րով­հե­տեւ ըստ ի­րենց, միջ­նա­կար­գը վեր­ջին ա­ռիթն է հա­յե­րէ­նը լա­ւա­պէս սոր­վե­լու եւ տա­րա­ծե­լու, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լու հա­մար: ­Մէկ մա­սը նշեց, թէ միակ վայրն է, որ ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն կը հան­դի­պին եւ ա­պա­հով ըն­տա­նե­կան մի­ջա­վայր գո­յու­թիւն ու­նի: ­Միւս մասն ալ յայտ­նեց, թէ ծնող­քին փա­փաքն է, որ հայ­կա­կան միջ­նա­կարգ յա­ճա­խեն:
— ­Մէկ բա­ռով նկա­րագ­րե­ցին ի­րենց դպրո­ցը՝ տա­լով ա­նոր ըն­կեր­ներ, չա­րաճ­ճի, ու­րա­խու­թիւն, կռո­ւիլ, սոր­վիլ, ար­ձա­կուրդ­ներ, տուն, ըն­տա­նիք, կեան­քի ու­ղի, ար­գե­լա­նոց, ո­մանց հա­մար քիչ մը չար­չա­րանք, հրա­շա­լի, հե­տաքրք­րա­կան եւ ­Հա­յաս­տան բնո­րո­շում­նե­րը:
— Ե­րե­ւա­կա­յե­ցին ե­րա­զե­լի դպրոց մը, ուր կայ կրպակ, ճա­շա­րան, մար­զա­րան, լո­ղա­ւա­զան, մար­զան­քի դաշտ, գրա­դա­րան, նկար­չա­րան, ե­րաժշ­տա­նոց, թա­տե­րաս­րահ, ինչ­պէս նաեւ փա­փա­քե­ցան օ­դա­փո­խիչ­ներ, հա­մազ­գեստ, հայ­կա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նի ա­ւե­լի բարձ­րա­գոյն կար­գեր՝ ի­րենց ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ:
— ­Մեր կող­մէ տրո­ւած հար­ցում­նե­րուն, թէ ին­չո՞ւ կը սոր­վին եւ ու­րիշ ուր կը գոր­ծա­ծեն հա­յե­րէ­նը, պա­տաս­խա­նե­ցին, որ ի­րենց մայ­րե­նի լե­զուն է, ո­րով­հե­տեւ հայ են, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լեն եւ հա­յե­րէն խօ­սին, ա­ւե­լի կա­պո­ւին ի­րենց հայ­րե­նի­քին ու մեր մայ­րե­նին չկոր­սո­ւի, շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ: ­Յա­տուկ շեշ­տով կա­րե­ւո­րե­ցին միու­թե­նա­կան կեան­քը՝ ը­սե­լով, թէ կա­րե­ւոր ժա­մեր են շաբ­թո­ւան մէջ, ուր ի­րենց ըն­կեր­նե­րը կը հան­դի­պին եւ հա­յե­րէն կը խօ­սին, պտոյտ­նե­րու կ­՚եր­թան, հե­տաքրք­րա­կան եւ ու­սու­ցո­ղա­կան հա­ւաք­ներ կը կա­տա­րեն:
­- Հար­ցու­մին, թէ ի՞նչ ա­ւան­դու­թիւն ու­նի դպրո­ցը, որ պի­տի չփո­խէին, խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշե­ցին բո­լոր կա­րե­ւոր տօ­նե­րուն ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­լը, հայ­կա­կան տօ­նե­րը՝ ­Բա­րե­կեն­դա­նի ծե­սե­րը, ­Վար­դա­նան­ցը, Ս.­Սար­գի­սը, ­Վար­դա­վա­ռը, ­Ղա­փա­մա­յի եւ ա­նու­շե­ղէ­նի օ­րե­րը, հա­յե­րէ­նի, մար­զան­քի, թո­ւա­բա­նու­թեան եւ ա­րուես­տա­գի­տու­թեան դա­սե­րը:
— Ե­թէ օ­տա­րի մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէին հայ ազ­գը, ա­պա պի­տի նշէին, թէ ա­ռա­ջին ազ­գը ե­ղած ենք, որ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պե­տա­կան որ­պէս կրօնք ըն­դու­նած ենք. մեր ազ­գա­յին պատ­մու­թեան է­ջե­րէն պի­տի խօ­սէին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, մեր մշա­կոյ­թէն՝ հա­յե­րէն եր­գե­րու եւ հայ­կա­կան պա­րե­րու, հայ­կա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րու մա­սին: ­Հա­յը պի­տի բնու­թագ­րէին որ­պէս քաջ ու զօ­րա­ւոր, ազ­նիւ ու աշ­խա­տա­սէր անձ մը:
— Ե­թէ յու­նա­կան միջ­նա­կար­գի դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ դաս մը պի­տի ա­ւելց­նէին, ան պի­տի ըլ­լար Ու­րար­տո­ւի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը, Ա­րա ­Գե­ղե­ցի­կը, ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թը, ­Մեծն ­Տիգ­րա­նը, ­Քաջն ­Վար­դա­նը (Ա­ւա­րայ­րի ­Ճա­կա­տա­մար­տը), ­Բագ­րա­տու­նեաց եւ ­Ռու­բի­նեան թա­գա­ւո­րու­թին­նե­րը, ­Բիւ­զան­դիո­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի կա­պե­րը, ­Մեծ Ե­ղեռ­նը, Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը:
— Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի կամ հայ ազ­գի «դես­պա­նը» ըլ­լա­յին, ա­պա թշնա­մի­նե­րէն պաշտ­պա­նո­ւե­լու հա­մար, ­Յու­նաս­տա­նի հետ զի­նո­ւո­րա­կան դա­շինք պի­տի կնքէին, բո­լոր հա­յե­րուն հայ­կա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն պի­տի տա­յին: Ուժ պի­տի տա­յին ­Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան եւ պատ­մա­կան վայ­րե­րը գո­վազ­դե­լուն՝ ընդգ­ծե­լով գե­ղե­ցիկ բնու­թիւ­նը եւ իւ­րա­յա­տուկ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը:
— ­Շատ ու­րա­խա­լի է, որ ա­պա­գայ մաս­նա­գի­տու­թեան շուրջ ալ ձե­ւա­ւո­րո­ւած կար­ծիք ու­նէին, ինք­նավս­տա­հու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան, որ կը փա­փա­քին ըլ­լալ վար­սա­յար­դար, հրշէջ, զի­նո­ւոր, բժիշկ՝ ա­տամ­նա­բուժ, ման­կա­բուժ, ա­նաս­նա­բուժ, դե­ղա­գործ, կո­ղո­վագն­դա­կի եւ ոտ­նագն­դա­կի համ­բա­ւա­ւոր մար­զիկ, խո­հա­րար, մսա­գործ, քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, դա­տա­ւոր, հիւ­րա­նո­ցի տնօ­րէն, նա­ւա­տէր, գոր­ծա­վար, հայ բա­րե­գործ, ե­րաժշ­տա­գէտ, ճար­տա­րա­գէտ եւ տար­րա­բան:
Այս­պի­սով կ­՚ամ­փո­փենք հար­ցում­նե­րու մեր շար­քը եւ այս հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցու­մը։ Ինչ­պէս խո­հե­մու­թեամբ ը­սին պա­տա­նի­նե­րը՝ ի­րենք են յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­պա­գան եւ մեր բո­լո­րին քա­ջա­լե­րանքն ու վստա­հու­թիւ­նը կը սպա­սեն՝ յու­սա­լով որ վայ­րը, ուր կը ձե­ւա­կեր­պո­ւին ի­րենց ա­պա­գա­յի նպա­տակ­ներն ու ե­րա­զանք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծել եւ օ­րըս­տօ­րէ բար­գա­ւա­ճիլ:

ԱՐԱՔՍԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ