­Չո­րեք­շաբ­թի, 17 ­Յու­նիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան, նշո­ւե­ցաւ ­Գա­րէա­յի մա­տու­ռի «Ս. ­Սա­հակ եւ Ս. ­Մես­րոպ» խո­րա­նի օծ­ման 10-րդ ­տա­րե­դար­ձը եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը, սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ ու մա­տա­ղի օրհ­նու­թեամբ, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի բա­րեխ­նամ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ Ս. եպս. Ե­մի­շեան:
Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձաւ օ­րո­ւան ­Ղու­կա­սու Ա­ւե­տա­րա­նէն «ուր որ է ձեր գան­ձը՝ հոն կ­՚ըլ­լայ նաեւ ձեր սիր­տը» պատ­գա­մին, բա­ցատ­րե­լով ա­նոր խորհր­դա­ւոր ի­մաս­տը: ­Խօ­սե­ցաւ նաեւ սուր­բե­րու տօ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, շեշ­տե­լով նոր սե­րուն­դի դաս­տիա­րակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ մեր ազ­գա­յին կրօ­նա­կան մշա­կոյ­թով:
Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան:
Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Նէոս ­Գոզ­մոս-­Ֆիք­սի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­Գա­րէա­յի դպրաց դա­սե­րու ան­դա­մու­հի­նե­րու կող­մէ, խմբա­վա­րու­թեամբ Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ հոգշ. Տ. Եզ­րաս վրդ. ­Թե­նե­քէ­ճեա­նի:
Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին, Ազգ. ­Վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պետ տօքթ. Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեան, տեղ­ւոյն եւ Ատ­տի­կէի ­Թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, շրջա­նիս Հ. Կ. ­Խա­չի «Աղ­թա­մար» մաս­նա­ճիւ­ղի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան միա­ւո­րի ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը օրհ­նեց մա­տաղն ու նա­խա­գա­հեց հո­գե­հան­գիս­տի ա­րա­րո­ղու­թեան, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ շրջա­նիս հան­գու­ցեալ քա­հա­նա­նե­րու, սար­կա­ւագ­նե­րու, դպիր-դպրու­հի­նե­րու, ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Ա­ւար­տին, ­Տէր ­Նա­րեկ քհնյ. հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հօր՝ իր ներ­կա­յու­թեան եւ հայ­րա­կան հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ յա­նուն ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րեց իր ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը մաղ­թե­լով ա­ռող­ջու­թիւն եւ ա­րեւ­շատ օ­րեր թե­միս ա­ռաջ­նոր­դու­թեան մէջ:
­Յա­ջոր­դա­բար, տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դիս ա­տե­նա­պետ պրն. Ա­սա­տուր Ե­զե­կիէ­լեան, իր կար­գին շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր ար­տա­սա­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ներ­կա­յու­թեան եւ տօ­նին ա­ռի­թով, ա­պա շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. հօր ձեռ­նադ­րու­թեան եւ օծ­ման 25-ա­մեա­կը, որ ճիշտ այս օ­րո­ւան կը զու­գա­դի­պէր: Այս առ­թիւ, օ­րո­ւան մա­տա­ղին հետ, բաշ­խո­ւե­ցաւ նաեւ քաղց­րե­ղէն:
­Վեր­ջաց­նե­լով՝ գնա­հա­տան­քի խօսք կ’ար­ժէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց աշ­խա­տան­քով կամ նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով սա­տա­րե­ցին տօ­նա­կան ե­րե­կո­յի յա­ջո­ղու­թեան: ­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ տիկ. ­Շա­քէ Ա­ճէ­րեա­նին, տիկ. Ա­նա­յիս ­Չի­լին­կի­րեա­նին եւ պրն. Գ­րի­գոր ­Խո­րո­զեա­նին, մա­տա­ղին եւ Ս. ­Պա­տա­րա­գի «­Մաս»ին պատ­րաս­տու­թեան հա­մար:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ