Արդի սփիւռքի իրականութեան մէջ, հայալեզու կրթութիւնը 100 տարիէ աւելի պատմութիւն ունի։ Ան անքակտելիօրէն կապուած է հայու ինքնութեան գիտակցութեան, հայ բարեսիրական միութիւններու, ինչպէս նաեւ անհատներու նիւթական եւ բարոյական ներդրումին։ Այդ նիւթաբարոյական ներդրումին/զոհողութեան մասնակից են մեր ծնողները, մեր ազգային իշխանութիւնը, մեր տեղական պայմաններուն մէջ՝ յունահայ գաղութին կազմութեան առաջին օրերէն իսկ՝ Հայ Կապոյտ Խաչը եւ դպրոցներուն հայ ուսուցչական կազմերը, բարերարները, անձնակազմը…։
Մայրենի լեզուն այն ազդակն է, որ կը բնորոշէ հայ դպրոցին դիմագիծը։ Սփիւռքի մէջ, հայկական ինքնութեան գիտակցութեան եւ ժառանգելու ու այդ սփռելու միակ միջոցը հայ վարժարանն է։ Տեղական լեզուին ու մշակոյթին ուսուցման զուգահեռ, մարտահրաւէր է հայրենիքէն դուրս Հայ լեզուին եւ հայ մշակոյթին ուսուցումը, անոր պահպանումն ու զարգացումը, որպէսզի այդ կենդանի ուժ դառնայ ու իր դերը ունենայ ժամանակակից դարաշրջանին մէջ. հայու ինքնութեան կողքին՝ համաշխարհային քաղաքացի ըլլալ։ Հայ դպրոցը մշակութային կամուրջ մըն է մեր ժողովուրդին դիրքն ու ազդեցութիւնը ամրապնդելու միջազգային հանրութեան մէջ։ Սփիւռքի օտար եւ սակայն հմայիչ իրականութեան մէջ, կարիքներն ու ակնկալիքները տարբեր են։ Առաքելութիւն է հայ երեխային իւրացնել հայերէնը, անոր միտքը հայերէնով մշակել, անոր հնարաւորութիւն տալ մտածել եւ արտայատուիլ հայերէնի ընծայած կարողութիւններուն ընդմէջէն։
ԻԱ. դարուն առաջին կէսին մէջն ենք եւ արդէն բոլորս կը զգանք թէ պայմանները որքան զգալիօրէն փոխուած են, համեմատած Ի. դարուն երկրորդ կիսուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան եւ անոր յաջորդած շրջանին հետ։ Հայկական սփիւռքին մէջ անցեալի յարգելի մանկավարժներ ու դաստիարակներ ջանասիրաբար աշխատեցան հայերէնը պահպանել։
Իսկ այսօր հայկական ծագումով նորահաս սերունդներուն կրթութիւնը կը վերաբերի հայերէնն ու հայկական մշակոյթը վառ պահել ու զարգացնել՝ արդի մանկավարժական մեթոտաբանութեան ընդմէջէն։ Այն է ԻԱ. դարու հայ դպրոցին մարտահրաւէրը եւ ամէն ճիգ պէտք է ու կը թափէ ա՛յդ յաջողելու համար։
Յունական դաստիարակչական համակարգը մեր հայ դպրոցին հնարաւորութիւն կու տայ ընտրել յունալեզու բաժնին ուսուցիչները։ Իսկ հայերէնի ուսուցիչները, հերթաբար կը վերապատրաստուինք, կ՚օգտուինք ընծայուած արդի բոլոր դաստիարակչական եւ մանկավարժական գործիքներէն։
Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային դպրոցին տնօրէնի պաշտօնին վրայ ունեցած փորձառութիւնս կը վկայէ, թէ որքան կարեւոր է դպրոցական մշակոյթը. մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի յունալեզու եւ հայալեզու ծրագիրներուն մանկավարժները, մէկ ամբողջութիւն կազմած, օրական կը գործածկցինք, միասնաբար կը հոգանք, կը գուրգուրանք աշակերտին վրայ, անոր դաստիարակութեան, զարգացման ու ապագայի ձգտումներուն յաջողութեան համար։ Շնորհիւ բոլորիս անխոնջ աշխատանքին, յաջողած ենք տարիէ տարի վեր բարձրացնել հայ դպրոցը, որ ներշնչումի աղբիւր է նոյնիսկ յունական շրջանակներուն մէջ։
ՀԱՅԿԱՆՈՒՇ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Տնօրէնուհի Հ.Կ.Խ. «Զաւարեան»
ազգային վարժարանի