ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքները համակարգելու, այդ աշխատանքներուն նոր թափ տալու եւ աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու նպատակով, Պրիւքսէլի Հայ Տան մէջ 27-28 Մայիսին տեղի ունեցաւ երկօրեայ խորհըրդաժողով՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ։
Հ. Յ. Դ. մամլոյ դիւանէն կը տեղեկացուի, թէ Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու (Անգլիա, Յունաստան, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա) եւ Չեխիայէն ու Ջաւախքէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղան, ընդհանուր՝ շուրջ 35 հոգի։
Խորհրդաժողովին բացումը կատարեցին Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանը եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ ընկ. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։ Անոնք կարեւորեցին տարածաշրջանային այս խորհրդաժողովներուն գումարումը, որ սովորաբար տեղի կÿունենան 2-3 տարին անգամ մը, իսկ մինչ այդ՝ կը գումարուի Հայ Դատի յանձնախումբերու համահայկական խորհրդաժողովը, ինչպէս անցեալ տարի՝ տեղի ունեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։
Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախորդ մէկ տարուան աշխատանքները։ Լսեց զեկոյցներ՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու մասին (Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան), Արցախի բանակցութիւններու եւ միջազգային իրավիճակի մասին (Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան), Ատրպէյճանի «խաւիարային դիւանագիտութեան» մասին (Մուշեղ Եկմալեան), Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի եւ հատուցումներու մասին (Պետօ Տէմիրճեան եւ Կիրոյ Մանոյեան), միջազգային հանրութեան՝ Արցախը որպէս հակամարտութեան գօտի կարծրատիպի փոփո- խութեան՝ Արցախի մեկուսացումէն դուրս բերելու գործընթացի մասին (Հեղինէ Էվինեան), Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ համաեւրոպական կառոյցներու հետ աշխատանքներու մասին (Հեղինէ Էվինեան, Աշխէն Ֆիքսովա), Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու կազմութեան մասին (Գասպար Կարապետեան), Ջաւախքի հայութեան իրավիճակի մասին (Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող՝ Արտակ Գաբրիէլեան), Սուրիահայութեան վիճակի եւ աջակցութեան աշխատանքներու մասին (Կիրոյ Մանոյեան, Պետիկ Պետրոսեան), հանրային կապերու մասին (Պետօ Տէմիրճեան, Յարութ Շիրինեան)։ Բոլոր զեկոյցներէն ետք՝ հարց-պատասխաններուն յաջորդեցին ժողովականներուն կարծիքներու փոխանակումը եւ եզրակացութիւնները՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու կատարելիք աշխատանքներու մասին։
Խորհրդաժողովին ծանուցուեցաւ, որ Հոկտեմբեր 16-17ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի գումարուի Եւրոպահայութեան 4րդ համաժողովը, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ։ Համաժողովը պիտի կայանայ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի հիմնադրութեան 15ամեակին առիթով եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի բանակցութիւններու աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ հատուցումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ինքնորոշման աշխատանքներուն։
Խորհրդաժողովին փակումը կատարեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը, որ ինչպէս բացման իր խօսքին մէջ, դարձեալ գոհունակութիւն յայտնեց մեծ թիւով երիտասարդներու Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ այս խորհրդաժողովին մասնակցութեան համար։
Շաբաթ՝ 27 Մայիսի երեկոյեան, Հ.Յ.Դ. Պելճիքայի մարմնին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։ Երեկոն խանդավառեց երգիչ Աղասի Իսպիրեան։
Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողով
Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբերու խորհրդաժողով՝ Պրիւքսէլի մէջ