Աւելի քան քսան տարիներու վրայ երկարող տարեկան «Քերմես»1-ը կը հանդիսանայ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ իրագործումներէն մէկը, որ կը համախմբէ յունահայ բազմութիւնը եւ առիթը կու տայ միասնաբար վայելելու ընկերային ջերմ պահեր։
Այս տարուան հաւաքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ընդարձակ բակին մէջ, մէկտեղելով մօտ 220 հայրենակիցներ ու անոնց ընտանիքները հայկական միջավայրի մէջ։
Զգալի էր փոքրիկներուն ներկայութիւնը, որոնց ուրախ կանչերը եւ խանդավառ շարժումները վերջ չունեցան յատուկ սարքուած խաղավայրէն ներս, հսկողութեամբ երիտասարդ կամաւորներուն։
Ելոյթը նուիրուած էր Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին, որուն շուրջ ծաւալեցաւ նաեւ յայտագիրի մէկ մասը։
Ներկայ եղան Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը, շրջանի Հ.Կ.Խաչի վարչութեան անդամներ, Համազգայինի պարախումբերու անդամները եւ զանազան միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, որ բարի գալստեան ջերմ խօսքերէն ու ողջոյններէն ետք, անդրադարձ կատարեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 180-ամեակին մասին, նշելով պատմական երկար ուղին հայութեան նորագոյն պատմութեան մէջ։ Հետաքրքրական եղաւ սահիկներու ցուցադրութիւնը, պատմական տուեալներու ներկայացումով, սկսելով Պոլսոյ եւ Կիլիկիոյ ոստաններուն մէջ հիմնուած Աւետարանական համայնքներէն եւ հասնելով մինչեւ մերօրեայ պատկերը։ Ցուցադրուեցան նաեւ նկարներ Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի գործունէութենէն, անցեալի կրթական եւ հոգեւոր կեանքէն։ Ներկայացումը զարդարուած էր հոգեւոր երգերու հնչիւններով եւ գրաւեց բոլորին ուշադրութիւնը։
Հայկական աւանդական ութը պարերով հանդէս եկան «Աւետիս» համոյթի փոքրիկներու եւ պատանիներու խումբերը, պարուսուցութեամբ Շուշանիկ Սեմերճեանի։ Երկու խումբերը տպաւորեցին իրենց շարժումներով եւ խլեցին ժողովուրդի ծափահարութիւնները։
Երեկոն շարունակուեցաւ ընկերային մթնոլորտի մէջ, ճոխ եւ համեղ ճաշերով, որոնք կը պատրաստուէին կամաւոր խումբերուն կողմէ։ Նաեւ, տիկիններուն կողմէ պատրաստուած պազարին ընթացքին, ներկաները առիթ ունեցան ստանալու զանազան անուշեղէններ եւ այլ իրեր, սատարելով եկեղեցւոյ գործունէութեան։
Նոյն պահուն, կազմակերպուեցան յատուկ խաղեր եւ մրցումներ փոքրիկներուն համար, ուրախացնելով բոլորը եւ հաճելի ժամանցի պահեր ստեղծելով աշակերտական տարիքի սերունդին մօտ։
Գնահատելի է հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ տարեկան նախաձեռնութիւնը, որ ամէն տարի նոյն թարմութեամբ կը դառնայ ժամադրավայրը տասնեակ հայրենակիցներու, հայաբոյր մթնոլորտի տաքուկ զգացումներով։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, տիկնանց մարմնոյ եւ տասնեակ կամաւորներու անխոնջ աշխատանքին արդիւնքը մեծապէս կը գնահատուի ներկաներէն, որոնց քաջալերանքը ակներեւ կը դառնայ իւրաքանչիւր տարի։
1. «Քերմես» (kermis) բառը կը գործածուի նկարագրելու համար տօնավաճառ մը, ժողովրդական տօնակատարութիւն մը կամ բարեգործական ձեռնարկ մը՝ խաղերով, ուտելիքներով եւ զանազան գործունէութիւններով։ Բառը ծագած է ֆլամանտական/հոլանտական kermis բառէն, որ կը նշանակէ «եկեղեցական տօն»։










