­Չո­րեք­շաբ­թի, 29 ­Յու­նո­ւար, 2025, կ­.ե. ­ժա­մը 6-ին, ­Լութ­րա­քիի «Ա­լեք­սատ­րիօ» դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ յղա­ցու­մով ա­շա­կեր­տա­կան ձեռ­նարկ մը՝ «­Լութ­րա­քիի եւ ­Կորն­թո­սի հայ որ­բե­րը» նիւ­թով։ ­Կազ­մա­կեր­պողն էր «Է­լեֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լոս» ­Լութ­րա­քիի ա­ռա­ջին նա­խակր­թա­րա­նը։ Ե­լոյ­թը հո­վա­նա­ւո­րեց Ա­մե­րի­կեան դպրո­ցի պատ­մա­կան ար­խի­ւի բա­ժան­մուն­քը (Ιστορικό Αρχείο Αμερικανικής Σχολής — Γεννάδειος Βιβλιοθήκη)։ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը ըն­դա­յա­ռա­ջեց ­Լութ­րա­քիի նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նի հրա­ւէ­րին եւ մեր սա­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան հայ­կա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով։ ­Յու­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նին՝ ­Դի­միթ­րիս ­Սիղ­րի­մի­սի հետ հե­ռա­ձայ­նա­յին ա­ռա­ջին կա­պի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած ա­ռա­ջար­կին՝ մաս­նակ­ցիլ «Το Λουτράκι στο σταυροδρόμι της Ιστορίας: Μαρτυρίες και μνήμες του 1922» դպրո­ցա­կան ձեռ­նար­կին, ան­մի­ջա­պէս, ա­ռանց վա­րա­նու­մի, մեր պա­տաս­խա­նը ե­ղաւ դրա­կան։ «­Յու­նա­կան կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մը 3-րդ ­դա­սա­րա­նէն մին­չեւ 6-րդ ­դա­սա­րան, 159 ա­շա­կերտ­ներ մեր պատ­մու­թեան է­ջե­րը փնտռած են, մեր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեամբ հե­տաքրք­րո­ւած են եւ հա­յու­թիւ­նը պի­տի ծա­նօ­թաց­նեն ­Լութ­րա­քիի եւ շրջա­կայ­քի ի­րենց ծնող­նե­րուն ու բնա­կիչ­նե­րուն», ե­ղաւ մեր մտա­ծու­մը։
­Սա­կայն, զար­մանքս եւ հիա­ցումս ա­ւել­ցան, լսե­լով տնօ­րէ­նի սրտա­գին, ջերմ խօս­քե­րը հա­յու­թեան նկատ­մամբ, ինչ­պէս նաեւ՝ երբ ան յայտ­նեց, թէ ե­լոյ­թը պի­տի հո­վա­նա­ւո­րէ Ա­մե­րի­կեան դպրո­ցին պատ­մա­կան ար­խի­ւի բա­ժան­մուն­քը, ու ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տու պատ­մա­բա­նը, դա­սա­խօս տի­կին Է­լեֆ­թե­րիա ­Տա­լե­զիու ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րէ։ ­Յար­գե­լի պրն. տնօ­րէ­նը ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն անց­նե­լով, ը­սաւ, թէ ձեռ­նար­կը զուտ ա­շա­կեր­տա­կան բնոյթ պի­տի ու­նե­նայ։ Ա­ռա­ջար­կեց, որ մեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ հայ­կա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով, մօտ 15 վայր­կեան ըլ­լայ։
­Չո­րեք­շաբ­թի կէ­սօ­րէն ետք, վար­ժա­րա­նիս 3-րդ, 4-րդ, 5-րդ­ եւ 6-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­ներն ալ մեր հետ «ճամ­բոր­դե­ցին» դէ­պի ­Լութ­րա­քի, ուր նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը ջեր­մօ­րէն ըն­դու­նե­ցին մեզ։
­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Գո­քի­նիոյ Հ.Կ.­Խա­չի «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի ըն­կե­րու­հի­ներ, ինչ­պէս նաեւ ­Կորն­թո­սի եւ ­Լութ­րա­քիի մետ­րո­պո­լիտն ու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, ե­րես­փո­խան­ներ, Կորն­թո­սի քա­ղա­քա­պե­տը եւ փոխ-քա­ղա­քա­պե­տեր։
Ե­լոյ­թը սկսաւ պատ­մա­բան տի­կին ­Տա­լե­զիո­ւի դա­սա­խօ­սու­թեամբ։ Ան պատ­մա­կան ճշգրիտ տո­ւեալ­նե­րով ներ­կա­յա­ցուց «­Հայ­կա­կան հար­ցը», «NEAR EAST RELIEF» հիմ­նար­կին տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը հա­յու­թեան ու հայ որ­բե­րուն նկատ­մամբ եւ հայ ու յոյն որ­բե­րուն հաս­տա­տու­մը ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին, ի մաս­նա­ւո­րի՝ ­Լութ­րա­քի-­Կորն­թոս։
­Յա­ջոր­դեց ա­շա­կեր­տա­կան յայ­տա­գի­րը, որ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ հե­տե­ւեալ կեր­պով.
1.«Է­լեֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լոս» դպրո­ցի 6-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին պոն­տոս­ցի յոյն-ա­սո­րի ծա­գու­մով գրա­գի­տու­հի Thea Halo-ի «Ούτε το όνομά μου» գիր­քէն թա­տե­րա­կան մը։
­2.Մեր դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան ե­րեք եր­գե­րով. «­Հունձք կը ժող­վեմ», ո­րուն ըն­թաց­քին 3-րդ­ եւ 4-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը պատ­կե­րա­ցու­ցին եր­գը, «­Հոյ ­Նա­զան իմ» եւ «­Կա­քա­ւիկ» եր­գե­րը՝ նո­ւա­գա­րան­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։
­Հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն դաշ­նա­կի վրայ կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր դպրո­ցի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հին, տի­կին Է­մի­լիա ­Ֆո­լիա։
Ա­պա 6-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջոր­դա­բար աս­մուն­քե­ցին յոյն բա­նաս­տեղծ ­Քու­լի Ա­լե­փի­սին «Προς τους Αρμένιους ποιητές» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը եւ ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի «Ան­դաս­տան» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը եր­կու լե­զու­նե­րով՝ հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն։
3.«Է­լեֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լոս» դպրո­ցի 5-րդ, 4-րդ­ եւ 3-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին «NEAR EAST RELIEF στο Λουτράκι» թա­տե­րա­կա­նը։
­4.Մեր դպրո­ցին 5-րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը պա­րե­ցին «­Մենք ենք մեր սա­րե­րը» պա­րը։
5.«Է­լեֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լոս» դպրո­ցի 5-րդ ­դա­սա­րա­նը ներ­կա­յա­ցուց թա­տե­րա­կան մը՝ «Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» գիր­քէն։
6. «Է­լեֆ­թե­րիոս ­Վե­նի­զե­լոս» դպրո­ցի 6-րդ ­դա­սա­րա­նը պա­րեց յու­նա­կան ժո­ղովր­դա­յին պար մը։
Ա­շա­կեր­տա­կան յայ­տա­գի­րի ա­ւար­տին, դպրո­ցի տնօ­րէն պր. ­Սիղ­րի­միս, յա­ջոր­դա­բար բեմ հրա­ւի­րեց օ­րո­ւան բա­նա­խօս, պատ­մա­բան տի­կին ­Տա­լե­զիուն եւ ստո­րագ­րեալս՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին, ո­րոնց, ե­լոյ­թին մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար, յանձ­նեց յու­շա­տախ­տակ։
Ա­պա, յոյն տնօ­րէնն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը հիւ­րա­սի­րե­ցին «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը, ա­շա­կերտ­նե­րը եւ ծնող­նե­րը ճոխ ա­ղան­դեր­նե­րով։
Ն­շենք, թէ հայ ա­շա­կերտ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը բե­մին վրայ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ բո­լոր հան­դի­սա­կան­նե­րուն կող­մէ։
­Յու­զիչ էր երբ ձեռ­նար­կին ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րէն շա­տեր մե­զի մօ­տե­ցան եւ գնա­հա­տան­քի խօս­քե­րով ար­տա­յա­տո­ւե­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ներ­կա­յու­թեան, ինչ­պէս նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դին մա­սին։

ՀԱՅԿԱՆՈՒՇ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հ.Կ.Խ.-ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօրէնու­հի