Հ.Կ. Խաչի արիւնատուութեան Ա. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի՝ 3 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Մեր հայրենակիցները ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին ներկայացան արիւնատուութեան վայրը, գիտակցելով արեան նուիրումի անհրաժեշտութիւնը եւ յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու արեան զոհաբերումը:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան «Արամ Մանուկեան» ակումբը, օգտակար հանդիսանալու համար կամաւոր արիւնատուներուն, բժիշկին եւ հիւանդապահներուն: Պատասխանատու բժիշկը խիստ քննութիւնէ կ՚անցընէր կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Կարելի եղաւ 31 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահ դրուած արեան պահեստանոցին։
Արիւնատուութիւնը կատարող բժիշկը եւ Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիները իրենց գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին մեր հայրենակիցներուն՝ իրենց կամաւոր ներկայութեան համար։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած Հ.Կ.Խաչի կազմակերպած արիւնատուութեան Ա. փուլը՝ Ֆիքսի մէջ