Թ­րա­կիոյ հա­յա­հոծ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, հրա­պա­րա­կա­յին ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թի ի­րա­գոր­ծու­մով ­Գա­վա­լա­յի մէջ, ­Կի­րա­կի, 26 Ապ­րիլ 2026-ի ա­ռա­ւօ­տեան։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ ­Գա­վա­լա­յի մարզ­պե­տա­րա­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ։
­Քա­ղա­քի «Ա­փո­լոն» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ ներ­կայ ե­ղան խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խան ­Նի­քոս ­Փա­նա­յո­թո­փու­լոս, նաեւ ե­րես­փո­խան­ներ Իոան­նիս ­Փաս­խա­լի­տիս եւ Ա­կե­լի­քի ­Տե­լի­քա­րի։
Բարձր ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ նաեւ շրջա­նի մետ­րո­պո­լիտ Ս­տե­ֆա­նոս ե­պիս­կո­պո­սը: ­Տե­ղա­կան կա­ռոյց­նե­րէն ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին փոխ­մարզ­պետ ­Թէո­տո­րոս ­Մար­քո­փու­լոս, ­Գա­վա­լա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թէո­տորս ­Մու­րիա­տիս, շրջա­նի զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րու բարձ­րաս­տի­ճան սպա­ներ, մարզ­պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դա­մեր, ինչ­պէս նաեւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Հայ գա­ղու­թը կը ներ­կա­յաց­նէին հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեան, թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ եւ Հ.Գ.­Խա­չի վար­չա­կան ան­դամ­ներ։
Թ­րա­կիոյ միա­ցեալ երգ­չա­խում­բին կող­մէ եւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. հօր ղե­կա­վա­րու­թեամբ, հնչե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը, ո­րոնց­մէ ետք օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար Խ­րիս­թի­նա ­Մատ­թէ­ւո­սեան կա­տա­րեց ե­լոյ­թի բա­ցու­մը։ Ան նա­խա­պէս ներ­կա­յա­ցուց պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ի­րադ­րու­թիւ­նը, սկսե­լով հա­մի­տեան ջար­դե­րէն եւ ծան­րա­նա­լով 1915-ի ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան վրայ, ո­րուն հե­տե­ւան­քով կոր­սո­ւե­ցան հա­յու­թեան պատ­մա­կան հո­ղե­րը եւ ա­նոր մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւ­նը։ ­Խօ­սո­ղը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ար­ցա­խի դէմ կա­տա­րուած պա­տե­րազ­մին մա­սին, մատ­նա­ցոյց ը­նե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան ե­րե­սը, որ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ մեծ ա­ղէտ­ներ պատ­ճա­ռել տա­րա­ծաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն։
Ու­ղերձ­նե­րով հան­դէս ե­կան խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, փոխ­մարզ­պե­տը եւ քա­ղա­քա­պե­տը, բո­լորն ալ ի­րենց ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ դա­տա­պար­տե­լով ա­նոր դէմ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Օ­րո­ւան գլխա­ւոր խօ­սողն էր ­Կիպ­րո­սէն հրա­ւի­րո­ւած, հայ ժո­ղո­վուր­դի գե­րա­զանց բա­րե­կամ ու մշտա­կան զօ­րա­կից, բժիշկ եւ ե­րես­փո­խան Է­լէ­նի ­Թէո­խա­րուս, որ կուռ բա­նա­խօ­սու­թեամբ մը լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ­Կիպ­րո­սի ա­ղէ­տը եւ Ար­ցա­խի ող­բեր­գու­թիւ­նը, իբ­րեւ նոյն ցե­ղաս­պա­նի ձե­ռա­կերտ­նե­րը։ Իր խօս­քը նիւթ ու­նե­նա­լով «­Պատ­մու­թեան մէջ վե­րապ­րող շի­կա­ցած յի­շո­ղու­թիւ­նը», ան մատ­նան­շեց ո­ճիր­նե­րու ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը, հրա­ւէր կար­դա­լով մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին եւ ­Թուր­քիոյ, ա­ռե­րե­սո­ւե­լու մեծ ո­ճիր­նե­րուն հետ եւ ստանձ­նե­լու պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի գոր­ծադ­րու­թեան ըն­թաց­քին, ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Գա­վա­լա­յի ե­րաժշ­տա­կան վար­ժա­րա­նի եւ­րո­պա­կան երգ­չա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Քոնս­թան­տիա ­Քիփ­րո­ւի, որ մեկ­նա­բա­նեց չորս հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան եր­գեր, յու­զե­լով ներ­կայ հաս­ա­րա­կու­թիւ­նը։ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հայ­կա­կան երգ­չա­խում­բը, խմբա­վա­րու­թեամբ Տ. ­Դա­նիէլ քա­հա­նայ հօր, յա­ջո­ղա­պէս մեկ­նա­բա­նեց «Ա­տա­նա» եր­գը։
­Հուսկ, ժո­ղովր­դա­յին թա­փո­րով եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան նո­ւա­գա­խում­բի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի քա­ղա­քի հե­րոս­նե­րու յու­շա­դամ­բա­նը, ուր կա­տա­րո­ւե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում եւ ո­գերգ­նե­րու հնչում։
­Նաեւ, բա­րե­խօ­սա­կան կար­գի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ­Գո­մո­թի­նիի, Ա­լեք­սանտ­րու­փո­լի եւ Ք­սան­թիի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, ո­գե­կո­չե­լով յի­շա­տա­կը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն: ­Հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տ. Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան իր քա­րոզ­նե­րուն մէջ յա­ւեր­ժա­ցուց զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը, միա­ժա­մա­նակ նշե­լով յի­շո­ղու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ­պէս հա­յու­թեան պայ­քա­րի կա­րե­ւոր բաղ­կա­ցու­ցիչ: