Արեւապաշտութիւն

Մեր աշխարհագրութեան մէջ, որ կ՚ընդգրկէ Առաջաւոր Ասիան ու Միջագետքի հիւսիսային հատուածը, կ՚ենթադրուի որ մարդոց առաջին պաշտամունքը սկիզբ առած է բնապաշտութեամբ, այսինքն՝ լեռներ ու քարեր պաշտելով, ապա կրակն ու ջուրը, օդեղէն երեւոյթները, ամենավերջն ալ բոյսերն ու ծառերը։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Առաջինները հաւանաբար իրենց հզօրութեան ու անհասանելիութեան, իսկ վերջինները, օրինակ հովուն եւ փոթորիկին բոյսերու տերեւներուն շփուելով հանած ձայներէն գուշակութեան պատճառներով։ Բնապաշտութեան գուշակութիւնը ամենալաւ կը պատկերացնէ սօսիներուն նուիրած Անուշաւան Սօսանուէր հայոց թագաւորը, որ սօսեաց անտառին մէջ տերեւներու ձայներէն գուշակութիւններ կ՚ընէր։ Կախարդութեան օրինակներուն մէջ անկարելի է չյիշել Ասորեցւոց Շամիրամ թագուհին։

Այսուհանդերձ՝ գուշակութեան ուղղութեամբ առաջին գիծի վրայ կու գայ աստղերու պաշտամունքը, այլ խօսքով «Ախթարք»ը, քանի որ Արեգակի եւ Լուսնի գլխաւորութեամբ երկինքի լուսատուները անհասանելի են եւ ուրեմն պաշտամունքի առարկայ՝ աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Արեւապաշտութիւնը, այլ խօսքով՝ լուսապաշտութիւնը կ՚երեւի թէ ամենաերկար շրջանը դարձած է միւս բոլոր հաւատալիքներու կարգին։ Չեմ գիտեր, թէ այսօր դեռ կը մնա՞ն թէ ոչ, բայց մինչեւ Ի. դարու սկիզբը Հիւսիսային Միջագետքի մէջ գոյութիւն ունէին Շէմսի (Արեւային) անուանուած աղանդաւորներ, որոնք ունէին հեթանոսութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամի խառնուրդով կրօնք մը եւ մեծ հաւանականութեամբ հեթանոսական շրջանի ամենահին ու ամենահալածուած հերձուած հայեր, այլ խօսքով՝ Արեւորդիներ էին։

Քրիստոնէութիւնը որպէս Հայոց Կրօնք ընդունուած ժամանակ, ինչպէս որ նախկին բագիններու եւ մեհեաններու տեղերը եկեղեցիներ կառուցուեցան, նոյնպէս ալ հին հեթանոս տօնական օրերուն թուականներուն նոր քրիստոնէական տօներ տեղադրուեցան, որպէսզի ժողովուրդը աւելի դիւրաւ համակերպի նոր կրօնին։ Ըստ միաստուածութեան հիմնադիր Մովսէսի «Ամէն ինչ մութ էր ու խաւար. Աստուածային կամքը հրամայեց Եղիցի լոյս եւ եղեւ լոյս», որով ստեղծուեցաւ ամէն ինչ։ Չմոռնանք որ Քրիստոս ալ ըսած է.- «Ես եմ լոյսն Աշխարհի, իսկ Յովհաննէս Աւետարանիչ՝ Աստուած լոյս է»։ Լոյսը իսկապէս ալ գերազանց եւ պատուական, ամենապիտանի բանն է, որուն նիւթական գոյութեան ամենավայելուչ կերպաւորումը երկնքի երեսին երեւացող Արեւը, Լուսինը եւ աստղերն են։

Այդ է պատճառը, որ Լուսատուներ շատ հին ժամանակներ շատերուն համար լուսապաշտ կամ երեւապաշտ ըլլալու պատճառ եղան։ Սա է, որ մեզի ցոյց կու տայ հնագոյն ազգերու՝ քաղդէացիներու, փիւնիկէցիներու, եգիպտացիներու, մինչեւ իսկ նորայայտ Ամերիկայի ներկայիս սպառուած Մայա կամ Ազթէք ազգերու պատմութիւնը։

Քաղդէացիներու եւ հին հայերու երկիրները գրեթէ կից են։ Կորդուաց լեռներու հիւսիսային կողմը հայերունն, հարաւային կողմը քաղդէացիներունն է։ Հաւանաբար ալ այս պատճառաւ մեր նախնիները շատ կանուխ հետեւեր են աստղագիտութեան եւ աստղաբաշխութեան՝ լուսատուներուն մատուցելով հաւատք եւ պաշտամունք։

Հին ազգեր ընդհանրապէս աստեղապաշտ էին եւ հետեւելով քաղդէացիներուն, յոյներն, պարսիկներն ու հայերը եւս սկսան պաշտել երկինքը եւ անշուշտ Արեգակը, Լուսինն ու Աստղերը։

Ասորեստանցիները, որպէս քաղդէացիներ, գերագոյն Աստուծմէ ետք վերոյիշեալ երրորդութիւնը կազմած էին Անու, Բիւլու եւ Էա աստուածութիւններէ։ Անու երկինքը կը ներկայացնէր, Բիլու կամ Բէլ երկրի եւ ոգիներու իշխանն էր, իսկ Էա իմացականութեան, գիտութեան, փառաց ու կենաց աստուածն էր։ Այս գերագոյն եւ անորոշ յատկութեամբ երրորդութեան կը յաջորդէր որոշ յատկութեամբ սահմանեալ աստուածներու բարձրագոյն երրորդութիւն մը՝ Սին, որ Լուսնի ներկայացուցիչն էր, Շամալ, որ Արեգակն էր եւ Ռամանու ալ մթնոլորտի աստուածն էր։

Այժմ մօտէն քննենք երկնային մարմինները։

Արեգակ

Մեր նախնիները, որոնք լուսատուներու գլուխ Արեգակը կոչած են «ակն տիեզերաց», բնական էր որ գերբնականէն մոլորուած միտքով եւ կամացկամաց իրենց նախնիներու զգացումներէն խոտորելով՝ Արեգակը համարէին Աստուած ու սկսէին Արեգակի անունով երդուել։ Այս սովորութիւնը ցոյց կու տայ Արեգակին կեանք նշանակելը, ինչ որ անցեր ու մնացեր է քրիստոնէութեան մէջ, որպէս արեւշատութիւն, այսինքն երկար ապրելու մաղթանք, ուրկէ կու գան նաեւ «արեւդ սիրեմ», «արեւիդ մեռնիմ» երդմնաձեւերը։

Այսպէսով է, որ մեր քրիստոնեայ նախնիները Արեգակին նայելով սկսան պաշտել զԱստուած, եւ մինչեւ հիմա ալ աղօթելու համար Արեւելք կը դառնան։ Ասոր վկան է մեր եկեղեցիներու խորանին կամ աւագ խորանին դիրքը։ Ուրեմն հնագոյններու համար Արեգակը կրօնի առիթ էր, յետոյ պատուելի եղաւ, իսկ աւելի ուշ՝ պաշտելի։ Պաշտամունքը կամեցաւ չտեսած ժամանակն ալ զայն տեսնել եւ հնարեց արեգակի պատկերները՝ նախ բնաձեւ, ապա անձնաւորուած եւ մարդաձեւ։ Յետոյ արդէն անոր տուին առանձին անուն ու պաշտեցին որպէս առանձինն Աստուծոյ։

Հին ազգեր Արեգակին քաղաքներ կը նուիրէին։ Քաղդէացիներ եւ եգիպտացիներ ունէին իրենց Հելիոպոլիսը (Արեգակ քաղաք)։ Փռիւգեացիներ եւ յոյներ Աթենաս անուանեցին իրենց Արեգակին նուիրած քաղաքները։

Հայերն ալ երկնային մարմնոց նուիրեալ քաղաքներ ունէին։ Վանայ հարաւակողմի Ոստան քաղաքը նուիրուած էր լուսնի, իսկ Վան կամ Շամիրամակերտ (ՇահՄիհրԿերտ) ձօնուած էր Արեգակին։ Մենուայի արձանագրութեանց մէջ կը տեսնուի, թէ ան տիրեց Կապուտան ծովի մօտակայ Արեգակին նուիրուած Արտեմիս քաղաքին։

Ամէն հին ազգեր յարգանք եւ պաշտօն ունեցած են Արեգակին, զոր փիւնիկեցիք՝ Ատոնիս, եգիպտացիք՝ Օսիրիս, յոյնք ու լատինք՝ Փեբոս կþանուանէին։ Պարսիկները զայն իրենց Միհր աստուծոյն հետ նոյնացուցին։ Հայք՝ Արեւ, Արեգակ, Արփի կ՚անուանէին զայն։ Այս երեք բառերուն մէջ «Ար» արմատը, որ հաւանաբար հնդեւրոպական ազգերու ալ գլխաւոր Աստուածն էր, գուցէ կը նշանակէ Աստուած, ուստի «Արեգակն»= Աստուծոյ մէկ աչքը, կամ ալ գուցէ Արամազդ բառին համառօտ ձեւն է Ար, քանզի գիտենք որ Արամազդ, Աստուած Աստուծոց էր, որուն աչքն էր Արեւը։

Հայեր Արեգակին ծագումը «երկնէր երկին եւ երկիր»ով կ՚երգէին, ապա՝ Վահագնը Արեգակին հետ նոյնացնելով, անոր վերագրեցին այդ երգը։

Արեւապաշտութիւնը շատ խոր արմատներ արձակած էր հայերու մէջ. քրիստոնէութիւնը չկրցաւ բառնալ անոր հաւատքը։ Նոյնիսկ քրիստոնէական ներշնչումով գրուած շարականներու մէջ կը տեսնուէր անոր հետքերը, որպէս «Արեգակն արդար» եւ այլն։

Ըստ Ներսէս Շնորհալիի վկայութեան՝ դեռ ԺԲ. դարուն Սամոստաբնակ հայերը մասնաւոր պաշտօն կը կատարէին Արեգակին, ու ինքզինքնին Արեւորդիք կ՚անուանէին, որոնց դէմ գրեց Շնորհալին։ Արեւորդիները կը պաշտէին Արեւը, Լուսինը, աստղերը։ Հաւանաբար այժմու եզիտիներն ալ, կամ՝ անոնց մէկ մասը ցեղով հայեր են, մնացած իրենց հին հաւատալիքներուն մէջ, որդեգրելով քրիստոնէութեան ինչինչ սովորութիւնները։