Շաբաթ, 27 Յունիս 2026-ի երեկոյեան, Յունաստանի Համազգայինը կազմակերպեց հայկական աւանդական պարերու տպաւորիչ փառատօն մը՝ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ, որ համախմբեց բազմահարիւր հայրենակիցներ։
Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Գոմոթինիէն եւ Համազգայինի 6 պարախումբերը, 200 պատանի եւ երիտասարդ պարողներով, հրամցուցին հայ մշակոյթի անզուգական համոյթ մը՝ լոյսի, գոյնի ու հայկական երաժշտութեան բացառիկ յայտագիր մը։ Փառատօնը մօտ երեք ժամուան տեւողութեամբ ոտքի հանեց հանդիսատեսները, տպաւորելով բոլորին։ Յաջորդաբար, առանձին թղթակցութեամբ պիտի անդրադառնանք իւրայատուկ ելոյթին ու ստեղծուած հայաբոյր մթնոլորտին։










