Փարիզի մէջ կայացած «Հայաստանի արուեստը» աճուրդին ներկայացուած են հայ արուեստի բացառիկ նմոյշներ՝ գորգեր, կտաւներ, գիրքեր, հին սպասք եւ զարդեր: Աճուրդը կայացած է Յունիս 2ին։ Աճուրդը կազմակերպած է Leclere աճուրդի տունը,- կը հաղորդէ «Սփութնիք»:
Աճուրդի բացառիկ նմոյշներուն մէջ են՝ ուրարտական Սարդուրի Բ. Արքայի պրոնզէ սաղաւարտը (մ.թ.ա 764-735դդ.), որու սկզբնական գինը  55.000 եւրօ սահմանուած է. Տիգրան Մեծի արծաթէ մետաղադրամը, որու նախնական արժէքը 7000-8000 եւրօ է, XIV-XV դարու Տօնացոյց աղօթագիրքը, որու նախնական արժէքը 45.000-50.000 եւրօ է:
Վաճառքի պիտի հանուի նաեւ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Հայերու ջարդը Մարմար ծովուն վրայ 1886ին», որու նախնական արժէքը 200.000 եւրօ է: