Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Հ.Հ. Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ, Հ.Հ.Կ. խմբակցութեան պատգամաւոր Կ.  Նահապետեան յայտնած է, թէ Հայաստան կը ծրագրէ աւելցնել Լիբանանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւը:
Ըստ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան՝ ներկայացնելով իր քաղաքական գնահատականը, Կ. Նահապետեան ընդգծած է, թէ կÿողջունէ հայ խաղաղապահներու թուաքանակի յաւելումը Լիբանանի մէջ իրականացուող առաքելութեան ծիրէն ներս, քանի որ ատիկա բաւական արդիւնաւէտ եւ նպատակային է: «Վերջերս առիթ եմ ունեցել Իտալիայի Սենատում (Ծերակոյտ) մասնակցելու Հայաստան-Իտալիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25ամեակին նուիրուած միջոցառմանը, որի ընթացքում իտալացի գործընկերների հետ զրոյց ունեցայ Լիբանանում իտալական հրամանատարութեան ներքոյ հայ խաղաղապահ առաքելութեան մասին: Իտալական կողմը շատ բարձր է գնահատում Հարաւային Լիբանանում մեր իրականացրած գործունէութիւնը»:
Ան նշած է, թէ այսպէս մենք միջազգային հանրութեան ցոյց կուտանք, որ Հայաստանը միջազգային անվտանգութիւնը ապահովող երկիր է, ինչ որ չափազանց կարեւոր ազդակ է: Կորիւն Նահապետեան շեշտած է, թէ յատկապէս ՆԱԹՕի տարբեր հարթակներու վրայ շատ բարձր գնահատականներ կը հնչեն Հայաստանի մասնակցութեան հետ կապուած: