Հայաստանի պատմութեան թանգարանը Աքրոփոլիսի մէջ պիտի ցուցադրէ մեր երկիրը հնագոյն ժամանակներէն լաւագոյնս ներկայացնող նմուշներ

­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եւ Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նի տնօ­րէն­նե­րը ա­միս­ներ ա­ռաջ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր մը ստո­րագ­րած էին՝ ազ­դա­րա­րե­լով եր­կու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան սկիզ­բը։
­Յու­շա­գի­րը գործ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն պի­տի ստա­նայ մե­ծա­ծա­ւալ եւ խորհր­դան­շա­կան ցու­ցադ­րու­թեամբ մը։ 19 ­Նո­յեմ­բե­րին, ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը «Հ­նա­գոյն ­Հա­յաս­տան» խո­րա­գի­րը կրող ցու­ցա­հան­դէ­սով պի­տի ներ­կա­յա­նայ Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նին մէջ՝ թէ՛ յոյ­նե­րուն եւ թէ՛ օ­տա­րազ­գի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն ա­ռիթ ըն­ծա­յե­լով բա­ցա­յայ­տե­լու ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը։
«Ար­մենփ­րես»ի թղթա­կի­ցին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու գծով տնօ­րէ­նի տե­ղա­կալ Նժ­դեհ Ե­րա­նեան ընդգ­ծեց, որ «Հ­նա­գոյն ­Հա­յաս­տան» ցու­ցա­հան­դէ­սը ­Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ պատ­մա­կան լայն շրջա­գի­ծի մը մէջ՝ քա­րէ դա­րէն մին­չեւ քրիս­տո­նէու­թեան ըն­դու­նու­մը։
«­Մեր հա­ւա­քա­ծո­յէն ա­ւե­լի քան 170 ա­ռար­կա­ներ ե­րեք ա­միս շա­րու­նակ պի­տի ցու­ցադ­րենք Աք­րո­փո­լի­սի հե­ղի­նա­կա­ւոր թան­գա­րա­նին մէջ։ Ան աշ­խար­հի ա­մէ­նէն շատ այ­ցե­լու­ներ ըն­դու­նող թան­գա­րան­նե­րէն մէկն է եւ մեծ ճա­նա­չում կը վա­յե­լէ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն մօտ։ ­Հա­յաս­տա­նը թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի շատ կա­րե­ւոր դի­տան­կիւ­նէ մը։ Այս մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի թէ՛ մեր թան­գա­րա­նին եւ թէ՛ մեր երկ­րին հա­մար եւ կը նպաս­տէ ­Հա­յաս­տա­նի ճա­նա­չե­լիու­թեան բարձ­րաց­ման», նշեց Ե­րա­նեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ցու­ցադ­րու­թեան ա­ռի­թով պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի նաեւ պատ­կե­րա­գիրք մը։
Ա­նոր հա­մա­ձայն, ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի անդ­րա­դառ­նայ նաեւ հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րու հայ-յու­նա­կան կա­պե­րուն, որ­պէս­զի թէ՛ տե­ղա­ցի­նե­րը եւ թէ՛ օ­տար այ­ցե­լու­նե­րը կա­րե­նան ծա­նօ­թա­նալ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած պատ­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։
­Մի­ջազ­գա­յին գոր­ծակ­ցու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը 9 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Նի­կո­սիոյ ­Մա­կա­րիոս Գ. ար­քե­պիս­կո­պո­սի հիմ­նադ­րա­մի ­Բիւ­զան­դա­կան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րած է «­Հա­ւատք եւ ինք­նու­թիւն. մա­սունք­ներ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նէն» խո­րագ­րով ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թեան։
­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կ­՚անդ­րա­դառ­նայ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Կիպ­րո­սի հա­սա­րա­կաց քրիս­տո­նէա­կան ժա­ռան­գու­թեան, ինչ­պէս նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կա­պե­րուն։ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի հա­ւա­քա­ծո­յէն ընտ­րո­ւած չորս բա­ցա­ռիկ նմուշ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի, ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րո­ւես­տի եւ պե­տա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րը։
­Ցու­ցադ­րու­թեան մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ ­Սուրբ ­Մա­կար վան­քէն ծա­գող հայ­կա­կան Ա­ւե­տա­րա­նը, որ ­Կիպ­րո­սի ­Հա­յոց թե­մի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ մշտա­պէս կը ցու­ցադ­րո­ւի ­Բիւ­զան­դա­կան թան­գա­րա­նին մէջ եւ հիմք հան­դի­սա­ցած է այս ցու­ցադ­րու­թեան գա­ղա­փա­րին։
­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը ոչ միայն իր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու նմուշ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ ար­տա­սահ­մա­նի հե­ղի­նա­կա­ւոր թան­գա­րան­նե­րուն մէջ, այ­լեւ պար­բե­րա­բար ինք կը հիւ­րըն­կա­լէ մի­ջազ­գա­յին ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ։
Եր­կու տա­րի ա­ռաջ, Բ­րի­տա­նա­կան թան­գա­րա­նին հետ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ «­Մայր աս­տո­ւա­ծու­թիւն. Ա­նա­հի­տէն ­Մա­րիամ» ցու­ցադ­րու­թիւ­նը, ո­րուն ծի­րէն ներս, բազ­մա­թիւ այլ նմուշ­նե­րու կող­քին, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Ա­նա­հիտ աս­տո­ւա­ծու­հիին պրոն­զէ գլուխն ու ձեռ­քը։
Ա­ւե­լի ուշ, ­Լուվ­րի թան­գա­րա­նին հետ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ «Սր­բա­զան երկ­խօ­սու­թիւն. ­Լուվ­րէն ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րան» ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։
­Շա­բաթ­ներ ա­ռաջ, ­Պեր­լի­նի ­Թան­գա­րա­նա­յին կղզիին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Ե­րե­ւա­նի մէջ բա­ցո­ւե­ցաւ «Ա­ռաս­պել­ներ, պաշ­տա­մունք­ներ եւ տիե­զե­րա­գի­տու­թիւն. ­Պեր­լի­նի ­Թան­գա­րա­նա­յին կղզին ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ» խո­րագ­րով մի­ջազ­գա­յին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։
Նժ­դեհ Ե­րա­նեան կա­րե­ւոր նկա­տեց նաեւ 6 ­Հոկ­տեմ­բեր 2026-ին ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցո­ւած «Ա­նի. միջ­նա­դա­րեան հայ­կա­կան մայ­րա­քա­ղա­քի հա­զար ու մէկ վե­րապ­րում­նե­րը» խո­րագ­րով մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը։
Այս ցու­ցադ­րու­թեան ծի­րէն ներս կը ներ­կա­յա­ցո­ւին Ա­նիի հնա­վայ­րէն պահ­պա­նո­ւած թան­գա­րա­նա­յին հա­ւա­քա­ծո­ներ, մշա­կու­թա­յին բնօ­րի­նակ ար­ժէք­ներ, ար­խի­ւա­յին լու­սան­կար­ներ, գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­ներ եւ այլ նիւ­թեր։
Ն­մուշ­նե­րէն քա­նի մը հա­տը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը ցու­ցադ­րո­ւին։ Ա­նոնք կը ներ­կա­յաց­նեն Ա­նիի ու­սում­նա­սի­րու­թեան, պահ­պա­նու­թեան, վե­րաի­մաս­տա­ւոր­ման եւ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան տար­բեր դրսե­ւո­րում­նե­րը։
­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի, ­Լայփ­ցի­կի Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ­Լայպ­նի­ցի հիմ­նար­կի (GWZO), ­Պեր­լի­նի Ա­զատ հա­մալ­սա­րա­նի, ­Պու­տա­փեշ­տի ­Փե­թեր ­Փազ­մա­նի կա­թո­ղի­կէ հա­մալ­սա­րա­նի ­Հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի եւ այլ գոր­ծըն­կեր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։
՞«Այս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րը շատ կա­րե­ւոր են ոչ միայն այ­ցե­լու­նե­րու աշ­խար­հա­յեաց­քի ընդ­լայն­ման, այ­լեւ մշա­կու­թա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան տե­սա­կէ­տէն։ Ն­ման մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րով կը զար­գա­նան ոչ միայն հա­մա­գոր­ծակ­ցող թան­գա­րան­նե­րուն, այ­լեւ եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ ­Սա­կայն ես յատ­կա­պէս կ­՚ու­զեմ ընդգ­ծել թան­գա­րա­նա­գի­տու­թեան մար­զին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւող յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ Այս բո­լո­րը ցոյց կու տան, որ մեր թան­գա­րա­նը ու­նի մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս­ներ հիւ­րըն­կա­լե­լու, կա­պե­րու զար­գաց­ման շնոր­հիւ նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու եւ մաս­նա­գի­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­նե­րը», նշեց Ե­րա­նեան։
Ան տե­ղե­կա­ցուց, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ նա­խա­տե­սո­ւած են նաեւ քա­նի մը այլ ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ա­ռայժմ կա­րե­լի չէ հրա­պա­րա­կել։
«­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նը իր տա­րած­քով, հա­ւա­քա­ծո­նե­րով եւ ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րով մի­ջազ­գա­յին թան­գա­րան­նե­րուն հետ հա­մա­հա­ւա­սար մա­կար­դա­կով կը ներ­կա­յա­նայ, եւ այ­ցե­լու­նե­րուն նոր ա­նակն­կալ­ներ կը սպա­սեն։ ­Կը կար­ծեմ, որ ա­նոնք պի­տի շա­րու­նա­կեն հե­տե­ւիլ մեր գոր­ծու­նէու­թեան եւ թան­գա­րան պի­տի այ­ցե­լեն՝ հե­տաքրք­րա­կան ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ դի­տե­լու եւ նոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ ձեռք բե­րե­լու հա­մար», եզ­րա­փա­կեց Նժ­դեհ Ե­րա­նեան։