Պաշտօնական երկօրեայ այցելութեամբ, Երկուշաբթի՝ 29 Մայիսին Կիպրոս ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Ան դիմաւորուեցաւ Կիպրոսի իր պաշտօնակից Խրիսթոֆորոս Ֆոքայիտիսի կողմէ, ապա՝ տեղի ունեցաւ երկու պետական այրերու եւ իրենց ընկերացող պատուիրակութիւններու հանդիպումը:
Խ. Ֆոքայիտիս, ողջունելով հայկական պատուիրակութեան ներկայութիւնը, նշեց, որ 2002էն ի վեր, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Կիպրոս եւ այն կարեւոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու համար:
Վիգէն Սարգսեան իր կարգին, նշեց որ հայ-կիպրական յարաբերութիւնները նաեւ զգացմունքային ենթահող ունին:
Այցելութեան ծրագրի ծիրէն ներս իրագործուեցաւ նաեւ հանդիպում Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի, խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլուրիսի, արտաքին գործոց նախարար Իոանիս Քասուլիտիսի եւ Կիպրոսի մետրոպոլիտ Խրիսոսթոմոսի ու հայ գաղութին հետ:
Ստորագրուեցան համաձայնագիրներ՝ երկկողմ զինուորական համագործակցութեան եւ տեղեկատուական համակարգէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ: