­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քը, ­Հինգ­շաբ­թի, 28 ­Մա­յիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30-ին, հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տի մէջ նշեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ան­կա­խու­թեան տօ­նը՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նար­կով մը, ո­րուն նա­խա­ձեռ­նողն էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թիւ­նը։
­Տօ­նա­կան մթնո­լորտ տի­րեց սրա­հին մէջ ողջ ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին, ուր ներ­կայ էին բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ։ Ե­րե­կոն բա­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դամ ընկ. ­Տիգ­րան ­Սար­գի­սեա­նի խօս­քով եւ բա­րի գա­լուս­տի ող­ջոյ­նով, որ­մէ ետք հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր սուր­բը, որ իր պատ­գա­մին մէջ ընդգծեց ­Մա­յիս 28-ի խոր­հուրդն ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի ար­ժէ­քը՝ յոր­դո­րե­լով ներ­կա­նե­րը հա­ւա­տա­րիմ մնալ ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րուն։ Ան նաեւ շեշ­տեց, թէ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւնն է պահ­պա­նել հայ ինք­նու­թիւ­նը եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցել հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գին։ Ա­պա ե­լոյթ ու­նե­ցան ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան ու ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, ո­րոնք անդ­րա­դար­ձան 28 ­Մա­յիս 1918-ի պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեան՝ շեշ­տե­լով, թէ մեր նախ­նի­նե­րուն կամ­քով, զո­հո­ղու­թեամբ եւ պայ­քա­րով կեր­տո­ւե­ցաւ ա­զատ ու ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նը։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բի հայ­րե­նա­սի­րա­կան պա­րե­րով, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան հան­դի­սա­տես­նե­րու ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րուն։ Ե­րե­կո­յին յա­տուկ գու­նա­ւո­րու­թիւն տո­ւաւ նաեւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ ­Մա­րիա Ս­փի­րի­տո­նի­տուն, որ հան­դէս ե­կաւ զա­նա­զան հայ­կա­կան եր­գե­րով՝ ստեղ­ծե­լով յու­զիչ եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան մթնո­լորտ։ Ա­պա, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի միօ­րեայ «­Ծաղ­կոց» դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գի եւ ազ­գա­յին զգա­ցում փո­խան­ցե­ցին ներ­կա­նե­րուն։
­Ճոխ եւ տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած ձեռ­նար­կը ան­գամ մը եւս վկա­յեց, որ սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը կառ­չած կը մնայ իր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն եւ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան՝ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լով ան­կախ հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ