ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Եթէ մէկ բառով արտայայտուինք անցեալ Կիրակի օրուան Համազգայինի պարախումբերու համոյթին մասին, առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել՝ ՀԻԱՆԱԼԻ։ Այս էր տպաւորութիւնը Աթէնքի «Աքրոփոլ» թատերասրահը ողողած բազմահարիւր հայրենակիցներուն, որոնք ելոյթի աւարտին բացագանչութիւններով, խանդավառ զգացումներով, բարձրաձայն արտայայտութիւններով, նոյնիսկ ոմանց աչքերուն մէջ յուզումի կաթիլներով գրկեցին պարուսոյցը, 110 պատանիներն ու երիտասարդները եւ Համազգայինի վարչական ու օժանդակ մարմիններու անդամները։
Իսկ, խուռն բազմութեան ոգեւորութեան ամէնէն հարազատ արտայայտիչը դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որուն բարձր ներկայութեամբ, մեր տղաքն ու աղջիկները անմահացուցին հայ պարի գանձարանը։ Վեհափառին արտասանած խօսքը ո՛չ միայն գնահատանքի հայրական սրտաբուխ արտայայտութիւն մըն էր, այլեւ հայ երիտասարդութեան եւ անոնց ծնողներուն ուղղուած խորիմաստ պատգամ մը, որ լիացուց սիրտերը, վերացուց յուզական պահը եւ վերանորոգ ստեղծագործութեան հրաւէր եղաւ Համազգայինի անխոնջ նուիրեալներուն համար։
Հայրապետական այցելութեան Յունաստանի թեմին եւ կաթողիկոսի գահակալութեան 30-ամեակի ելոյթներու կողքին, Համազգային «Նայիրի», «Մարալօ» եւ «Նանօր» պարախումբերը տօնեցին իրենց հիմնադրութեան 30-ամեակը։ Վեհափառ հայրապետի ներկայութիւնը յատուկ փայլ մը պարգեւեց ելոյթին, որուն յաջողութեան գրաւականը արդէն իսկ բացայայտ դարձած էր երկար ամիսներու տքնաջան եւ տիտանեայ աշխատանքէ ետք։
Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, «Աքրոփոլ» 700 հոգինոց թատերասրահը փոքր կը թուէր հոծ բազմութեան առջեւ։ Հոն էին պարողներու ծնողները եւ հարազատները, նաեւ այն բոլոր հայրենակիցները, որոնք տեւաբար քաջալեր կը հանդիսանան Համազգայինի մշակութակերտ գործունէութեան ու հայ արուեստի մատուցման։ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի կողքին էր Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդը եւ հոգեւորականներու շքախումբը։ Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամները, Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի շրջանային եւ տեղական վարչութիւնները, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. դեսպանութեան խորհրդականը։
Բացման խօսքը հայերէն եւ յունարէն լեզուներով կատարեցին միութեան անդամներ Անասթասիա Գույումճեան եւ Անթօ Շահպազեան։ Անոնք նախ բարի գալստեան խօսք ուղղեցին Վեհափառ հայրապետին, ապա հերթաբար բացատրեցին ելոյթին բնոյթը։ Բեմ ներկայացաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ Մարի Տանկուրեան, որ յայտնեց. «Յատուկ պատիւ է մեզի համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայութիւնը, որ ձեռնարկին կը շնորհէ հոգեւոր փայլ ու օրհնութիւն: Այսօր կը նշենք պարի միաւորի կազմութեան 30-ամեակը՝ իր շարունակական ներկայութեամբ, ստեղծագործութեամբ եւ հաւաքական ճիգով։ Կը մաղթենք, նոյն կիրքով շարունակեն երկար տարիներ ու վառ պահեն հայ մշակոյթի բոցը: Տարիներ շարունակ այս բոցը կը պահէ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը՝ ո՛չ միայն պարերով, այլ թատերական ներկայացումներո՛վ, քառաձայն երկսեռ երգչախումբո՛վ, գիրքերու ներկայացումներո՛վ, հայերէնի դասընթացքներո՛վ, տօնակատարութիւններո՛վ եւ հայ մտաւորականութեան ու մշակոյթի նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներո՛վ: Կ՚ուզենք մեր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք տարիներ շարունակ իրենց նուիրումով ու աջակցութեամբ մեր կողքին կանգնած են եւ էապէս նպաստած են Համազգայինի ընթացքին ու զարգացման»: Ապա, բեմ հրաւիրեց Միութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեանը եւ պարուցոյց Էտկար Էկեանը, յուշատախտակներ յանձնելու համար պարախումբերու բազմամեայ նուիրեալ պատասխանատու Աննա Պօղոսեանին եւ Անթօ Շահպազեանին։
Յաջորդաբար, պարախումբերու ելոյթը կախարդական պատկերներու եւ հմայիչ շարժումներու տեւական տարափ մը եղաւ։ Բեմականացուած ելոյթին նիւթն էր «Անիծուած նուռը», որպէս շարունակութիւն տարի մը առաջ ներկայացուած նոյն նիւթին։
Այս անգամ եւս, բովանդակ նորաձեւ բեմադրութիւնը, պարերու ճոխութիւնը, մեծ ու փոքր պարողներու իրար յաջորդող պատկերներն ու տեսարանները, բոլոր հանդիսատեսները վերացական յուզումով տարին հայրենի անառիկ լեռներուն վրայ, հոն ուր գիւղական կենցաղը դարեր շարունակ ստեղծեց հայ ժողովուրդի հարազատ կեանքը, անոր ապրելակերպի եւ յուզական աշխարհի սովորութիւնները, երգով ու պարով, խինդով ու հոգեկան ապրումներով, չարն ու բարին զանազանելով։ Միախառնուած պատմութիւնն ու առասպելը, հայ հողէն ցայտող մեղեդիները, երանգներն ու շարժումները դարձան հոգեզուարճութիւն մը, շնորհիւ պարախումբի առնական արտայայտութեան եւ աղջիկներու հեզաճկուն նրբութեան։
Սկիզբէն մինչեւ վերջ, բեմադրական պատկերները մէկը միւսին յաջորդելով, ստեղծեցին բազմագոյն տեսարաններ, ուր վիշտին եւ ուրախութեան զգացումներուն յարմարած պարերն ու երաժշտութիւնը իրենց տիրական ներկայութիւնը ունեցան բեմին վրայ։ Հոն էին «Նանօր» պարախումբի մատղաշ պարողները մանկական շարժումներով եւ գունագեղ տարազներով, որոնց կը յաջորդէր «Մարալօ» պատանիներու խումբը համաչափ կատարումով, իսկ «Նայիրի» խումբի չափահասներու ինքնավստահ եւ տպաւորիչ պարերը մեր սիրտին խօսող ալիքներու հոսանքներ դարձան։
Ելոյթի տպաւորիչ ներկայացումը իր գագաթնակէտին հասաւ վերջին պարի ծաւալումով, ուր բոլորը միասին ստեղծեցին հայկական աշխարհի գոյներու հեղեղ մը, մինչ ժողովուրդի ոգեւորութիւնը աննկարագրելի տեսարան մը կը պարզէր։
Գնահատանքի ջերմագին զգացումներուն արժանի են պարուսոյց Էտկար Էկեան եւ իր օգնական Աննա Պօղոսեան, որոնք բեմադրական յղացումով, ուսուցումի ձեռնհասութեամբ, մանկավարժական իւրայատուկ ոճով ի մի բերին 110 երիտասարդներու պարելու ձիրքը եւ հայ գեղարուեստին հանդէպ հաւատարմութիւնը։
Բեմին վրայ բոլորուած պարողներուն, պարուսոյցներուն եւ օգնական խումբի անդամներուն միջեւ կանգնեցաւ Վեհափառ հայրապետը, իր կողքին ունենալով Թեմակալ Առաջնորդը եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ եպիսկոպոսը։ Վեհափառը իր հպարտութիւնը յայտնեց հրամցուած ելոյթին համար եւ գնահատեց երկար ամիսներու վրայ նուիրումի, հաւատքի եւ զոհողութեան արդիւնքի աշխատանքը։ Ան համոյթը նկարագրեց որպէս եզակի նկարագիր ունեցող արտայայտութիւն, հաւատքի ու նուիրումի յստակ ուղերձներով։ «Հայ ժողովուրդի ինքնահասկացողութիւնը մշակոյթի ճամբով կ՚արտայայտուի, մշակոյթն է, որ ժողովուրդին ինքնութիւն կու տայ։ Մենք այսօր՝ պարերուն մէջէն վայելեցինք մեր ժողովուրդի զգացումներուն եւ տագնապներուն գեղեցիկ արտայայտութիւնը», յայտնեց Վեհափառը։ Գնահատանքի ջերմ խօսքերով զարդարեց բոլոր տարիքներու պարողները, պարուսոյցները եւ վարչական անդամները, շեշտելով հաւաքական գործի արդիւնաւէտ պտուղները։
Խօսքը ուղղելով ծնողներուն դրուատեց անոնց քաջալերանքը Համազգայինի պարախումբերու գործունէութեան հանդէպ։ Իր պատգամի աւարտին, կոչ ուղղեց բոլորին շրջապատել Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որպէսզի մեր ապրումները եւ աւանդութիւնները մնան վառ ու հարազատ՝ հաւաքական կեանքէն ներս։ Ան պատուիրեց, որ նման ելոյթներու կազմակերպումը մնայուն դառնայ յունահայ իրականութեան մէջ։ Վեհափառի խօսքը քանիցս ընդհատուեցաւ ներկաներու ջերմ ծափողջոյններով։
Ժողովուրդ եւ պարողներ բեմին վրայ միախառնուած, յուզումով եւ ուրախութեան արտայայտութիւններով լեցուցին սրահի մթնոլորտը։ Աննախադէպ ելոյթի երանգներն ու գունազարդ պատկերները երկար ժամանակ պիտի արձագանգեն ներկաներու յուզական աշխարհին մէջ, որպէս յունահայ երիտասարդ սերունդի մշակութային բարձր ձեռքբերում մը, պայծառացնելով հայ տոհմիկ աւանդութիւններու մշտադալար գանձարանը։
Վարձքը կատար բոլոր դերակատարներուն. ապրին Համազգայինի առաքելութեան հաւատացող մեծ ու փոքր տարիքի նուիրեալները։