Ընդառաջելով Նիքիայի քաղաքապետարանի հրաւէրին՝ Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ Թաղային Խորհուրդի գանձապահ պրն. Գարլօ Գույումճեան, Երկուշաբթի՝ 25 Մարտ 2019ի առաւօտեան ժամը 11ին, ներկայ գտնուեցան «Օսիա Քսէնի» հրապարակը։
Յունական ազգային տօնին առթիւ, տեղւոյն յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, օրուան պատգամի փոխանցում, ապա՝ դափնեպսակներու զետեղում։
Պրն. Գարլօ Գույումճեան, յանուն «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ, զետեղեց դափնեպսակ մը։ Ետքը տեղի ունեցաւ աշակերտական ու սկաուտական տողանցքը, որուն մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի սկաուտական խումբը՝ իր շեփորախումբով։
Աւարտին, Հոգեւոր Հովիւն ու Թաղային Խորհուրդի անդամը մեկնեցան «Զաւարեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ սկաուտներու դրօշակի արարողութիւն։ Պարէտ Քահանայ՝ խօսք առնելով, նախ շնորհաւորեց սկաուտական կազմը, ինչպէս նաեւ քաջալերեց, որ նման տօնական օրերուն անոնք միշտ հայու հպարտ կեցուածքով եւ ամուր քայլերով տողանցեն եւ շրջանի հայկական գաղութին անունը բարձր պահեն։
Դիւան Թաղային Խորհուրդի