21-էն 22 Յունիսի լուսցող գիշերը ազրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու կողմէ հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ ձեռնարկուած է ներթափանցման փորձի:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան, պաշտպանութեան բանակի մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումները, շնորհիւ մարտավարական բարձր պատրաստուածութեան, դիրքային համակարգերու կահաւորուածութեան եւ յատուկ սարքերու ժամանակին նկատած են ներթափանցող խումբին յառաջխաղացումը եւ հակառակորդին պատճառելով առնուազն 4 սպաննուած` ետ շպրտած են զայն իր դիրքերը: Ազրպէյճանական կողմը հայկական դիրքերուն մօտ ձգած է յատուկ ջոկատայիններու անձնական իրեր:
Ներթափանցման փորձը կանխելու ընթացքին պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: Առաջնագիծին վրայ իրավիճակը կը մնայ արցախեան զինուժի լիակատար վերահսկողութեան ներքոյ:
Հակառակորդը ունի առնուազն 4 սպաննուած զինուոր
Ազրպէյճանական ներթափանցման փորձ. Հակառակորդը ունի առնուազն 4 սպաննուած զինուոր