Յունուար 19ի այս օրը, տասնեւմէկ տարի առաջ, նահատակուեցաւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինք։
2007թուականի ճիշդ այս օրը, Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, Հրանդ Տինք զոհ գնաց թրքական հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու…
53 տարիքը դեռ չէր բոլորած Հայութեան Ձայնը իւրովի ներկայացնող, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը քաջաբար ու բարձրաձայն արտայայտող եւ, ընդհանուր առմամբ, յանուն ազատութեան ու արդարութեան իր գերագոյնը՝ կեանքը զոհաբերելու պատրաստ Հրանդ Տինքը։
Տինքի վրայ մահացու փափուշտը արձակող թուրք երիտասարդ ոճրագործը, տեսախցիկի արձանագրութեան համաձայն, թրքաբարոյ «կեաւո՜ւր» անարգական բացագանչութեամբ կնքեց իր արարքը եւ հեռացաւ ոճիրի վայրէն։
Ոչ մէկ կասկած, որ կատարուածը քաղաքական ոճիր էր եւ ծնունդն էր թրքական ազգայնամոլ այլամերժութեան, որ այս պարագային հայատեացութեամբ մոլեգնած էր։
Ոչ մէկ կասկած, նաեւ, որ պետականօրէն ներշնչուած ու յանձնարարուած ոճիր էր Տինքի ահաբեկումը։ «Ակօս»ի խմբագրապետը արդէն յաճախակի մահուան սպառնալիքներ կը ստանար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչումին ի նպաստ բարձրաձայն իր արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգն գրութեանց համար։ Այդ սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանուելու համար Տինք դիմած էր պետական սպասարկութեանց հսկողութեան եւ առ այդ զետեղուած էր խմբագրատան սեմին շարժումները արձանագրող տեսախցիկը։ Հետեւաբար բացառուած էր, որ ինքնագլուխ մոլագարի մը գործը ըլլար օր-ցերեկով այդպէս՝ համարձակօրէն կատարուած Տինքի սպանութիւնը։
Այդ նկատառումներով ալ կայծակնային արագութեամբ շղթայազերծուեցաւ բողոքի ընդոստ ալիք մը գործուած քստմնելի ոճիրին դէմ։ Ոչ միայն Հրանդ Տինքի պարագաներն ու ընկերները, ոչ միայն Պոլսոյ հայութեան իրաւատէր շրջանակները, այլեւ նոյնինքն թուրք հասարակութեան ազատախոհ ու արդարամիտ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները փութացին տէր կանգնելու հայոց նորօրեայ նահատակին ու անոր Պատգամին՝ «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Մենք բոլորս Հայ ենք» վանկարկումով հետեւելով անոր յուղարկաւորութեան բազմահազարանոց թափօրին։
Օրին ստեղծուեցաւ նաեւ այն տպաւորութիւնը, թէ վարչապետ Էրտօղանի ղեկավարած թուրք պետական աւագանին եւս ընդվզած էր ազգայնամոլ ծայրայեղականներու վերագրուած Տինքի սպանութեան դէմ։ Այդ իմաստով պաշտօնական ամբաստանութիւններ ալ հնչեցին թուրք պաշտօնական շրջանակներու կողմէ, որոնք թրքական բանակին եւ յատուկ սպասարկութեանց մէջ յայտնագործել ուզեցին ոճրային որջեր…
Հրանդ Տինքի ահաբեկման ետին կանգնած մութ ուժերը բացայայտելու եւ օրէնքի խստութեամբ պատժելու պաշտօնական նկրտումները այնքա՜ն խորամանկութեամբ շահարկուեցան Թուրքիոյ այժմու իշխանութեանց կողմէ, որ Էրտօղան սկսաւ բարի վարուց վկայագիրներ ստանալ մեծապետական աշխարհի աջէն ու ձախէն։ Այդ դրամագլուխով ալ պաշտօնական Անգարան փորձեց, Եւրոպական Միութիւն իր մուտքը դիւրացնելու եւ համաշխարհային բեմի վրայ Ցեղասպանի իր մտապատկերը «բարելաւել»ու հաշիւներով, առաւելագոյն չափով շահարկել հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգը՝ շարունակ տարածելով այն թիւրիմացութիւնը, թէ թրքական հանդուրժողականութեան շռնդալից ապացոյցը Անգարա պիտի տար Հրանդ Տինքի ահաբեկման պատասխանատուներուն անխնայ բացայայտումով ու պատժումով։
Բայց այդ բոլոր խոստումներն ու թիւրիմացութիւնները շատ շուտ մոռցուեցան եւ սուտ փուչիկներու պէս օդը ցնդեցան։
Թուրք պետական այդ կեղծիքին մերկացումը կատարեց, «Հրանդ Տինքին» խորագիրը կրող իր բանաստեղծական անուղղակի ախտաճանաչումով՝ պոլսահայ մեծատաղանդ բանաստեղծ Զահրատ.-
«Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ
չեն կրակեր. Հրանդ հաւատաց։ Թէպէտ երկչոտ՝
հաւատաց, թէ աղաւնի մըն է։
Բայց կրակեցին։
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պառկած՝
անկողինի մէջ»։
«Թող պառկի լոյսերու մէջ։
Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝
անաղարտ արձանի մը պէս»։
Տինքի նահատակութենէն հինգ տարի ետք, թրքական արդարադատութիւնը չվարանեցաւ սուտ ու կեղծիքով եզրափակելու Տինքի պետական ահաբեկման դատաքննութիւնը՝ միակ եւ ինքնագլուխ յանցագործի մը վերագրելով կատարուած ոճիրը եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտելով զայն։ Բայց 17 Յունուար 2012ի այդ խայտառակ դատավճիռով՝ թրքական իշխանութիւնները նաեւ հեգնեցին ողջմտութիւնը արար-աշխարհին, երբ պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ Տինքի սպանութիւնը «կազմակերպութեան մը գործը չէ»…
Եւ ահա Տինքի նահատակութեան տասնեւմէկամեակին անգամ, թրքական արդարադատութիւնը կը շարունակէ ամէն միջոցի դիմել, դատախազներ անգամ գործէ հեռացնել, որպէսզի Տինքի սպանութեան դատաքննութիւնը կատարուած ու փակուած համարուի՝ ոճիրը վերագրելով ինքնագլուխ գործած ծայրայեղական յանցագործներու…
Այս առումով ալ, Հրանդ Տինքի նահատակութեան իւրաքանչիւր տարելիցի հետ, ահա աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր, Թուրքիոյ վերազարթնեալ հայութեան իրաւատէրի արդարագոյն ձայնը դարձեալ կ՚ահաբեկուի։
Հրանդ Տինք ծնած էր 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա։ 7 տարեկանին ծնողներուն հետ Մալաթիայէն տեղափոխուած էր Պոլիս, ուր ծնողներու ամուսնալուծման հետեւանքով յանձնուած էր Կէտիկփաշայի հայկական մանկատան խնամատարութեան։ Ուսումը ստացած էր նախ Պէզճեան վարժարանին, ապա՝ Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելով՝ աւարտած էր Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կաճառները։ Վկայուելով՝ կատարած էր զինուորական ծառայութիւնը, որմէ ետք նուիրուած էր հրապարակագրական ասպարէզին։
Թրքական մամուլին իր աշխատակցութեան կողքին, Հրանդ Տինք 80ականներուն կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» թերթին՝ Ջութակ ծածկանունով քննադատական յօդուածներ լոյս ընծայելով հայ ժողովուրդի պատմութեան վերաբերեալ հրատարակուող թրքական խեղաթիւրումներու մասին։
1996ին Հրանդ Տինք հիմնեց թրքալեզու «Ակօս» թերթը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնելու եւ քննարկելու Թուրքիոյ հայութիւնը յուզող խնդիրները՝ դառնալու անոր համարձակ ձայնն ու ազգային իրաւունքներուն պաշտպանը։
Յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով հակադրուելով Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին՝ Տինք բազմիցս հալածուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 2005ին դատապարտուեցաւ 6ամսեայ պայմանական բանտարկութեան:
Իր ազատախոհ եւ յանդուգն հրապարակումներուն առ ի գնահատանք՝ Հրանդ Տինք 2005ին արժանացած էր Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան «Խօսքի եւ Խիղճի Ազատութեան» տարեկան մրցանակին։ Իսկ 2006ին՝ Գերմանիոյ «Շթեռն» ամսաթերթի հիմնադիր Հենրի Նաննենի՝ «Մամուլի Ազատութեան եւ Լրագրողական Խիզախութեան» մրցանակին։ Նաեւ՝ Նորվեկիոյ՝ «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Բեոռնսի Անուան» մրցանակին։ Վերջապէս, բայց ոչ վերջինը՝ 2007ին արժանացաւ յետ-մահու՝ Հ.Հ. նախագահի յատուկ մրցանակին։
Հրանտ Տինքի յիշատակին ստեղծուեցաւ «Հրանտ Տինքի անուան Միջազգային Հիմնադրամ»ը՝ ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւն կատարելու առաջադրանքով։ Հիմնադրամը 2009ին լոյս ընծայեց Տինքի «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան» գիրքը, նուիրուած՝ հայեւթուրք յարաբերութեանց։
Ինչպէս իրաւատէր ողջ հայութեան, այնպէս ալ թուրք հասարակութեան բոլոր արդարամիտ եւ ողջախոհ շրջանակներուն համար, Տինքի դէմ գործուած պետական ահաբեկչութեան թղթածրարը դեռ չէ փակուած։ Դատաքննութիւնը շարունակելու պահանջով միշտ արթուն կը հսկեն Հրանդ Տինքի գաղափարակիցներն ու համակիրները, մինչեւ որ ի վերջոյ ամբողջական ճշմարտութիւնը լոյս աշխարհ բերուի եւ Թուրքիոյ հայութեան պահանջատիրական ձայնը ահաբեկելու յանցագործութեան բոլոր մեղսակիցները իրենց արժանի պատիժը ստանան։
Ոգեկոչելով Տինքի յիշատակը՝ հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ այսօր կը վերանորոգէ համազգային իր ուխտը՝ հետեւողականօրէն եւ հաւատարմութեամբ բարձր պահելու Տինքի պարզած եւ անոր ուղին շարունակող նուիրեալներու ձեռքին միշտ ծածանող գաղափարի դրօշը՝ յանուն Հայկական Ճշմարտութեան լիիրաւ եւ լիարժէք յաղթանակին, յանուն Ազատութեան եւ Արդարութեան շունչով Թուրքիոյ հայութեան վերազարթնումին ու վերականգնումին։
Հրանտ Տինքի՛ օրինակով։