Ս­փիւռ­քի ազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժի խորհր­դա­ժո­ղո­վը կա­յա­ցաւ Ապ­րի­լի 11-12, 2026-ին, ­Փա­րի­զի մէջ, ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն եւ Ս­փիւռ­քի 26 եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած ա­ւե­լի քան 150 հե­ղի­նա­կա­ւոր մտա­ւո­րա­կան, քա­ղա­քա­կան, հան­րա­յին եւ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը հան­գա­մա­նօ­րէն քննեց հա­մազ­գա­յին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու եւ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ պար­զած պատ­կե­րը եւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գե­րու շուրջ զօ­րա­շար­ժի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վի բաց­ման նիս­տին ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը յղե­ցին ­Գա­րե­գին Բ. եւ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ­նե­րը, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­կա­տար Ա­շոտ ­Դա­նիէ­լեա­նը։ ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեա­նը:
­Չորս կէ­տե­րէ բաղ­կա­ցած օ­րա­կար­գե­րուն շուրջ քննար­կում­նե­րէ վերջ, խորհր­դա­ժո­ղո­վը կա­տա­րեց հա­մա­պա­տաս­խան հաս­տա­տում­ներ, ընդգ­ծեց ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն ու այդ ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւե­լիք քայ­լե­րը։

Ա. Ս­փիւռ­քի ­ռազ­մա­վա­րա­կան ­դե­րը
եւ ­քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գը

Ս­փիւռ­քի դե­րը հա­յու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած հիմ­նա­հար­ցե­րու լուծ­ման մէջ ու­նի ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Այ­սօր, երբ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւ­նը կը գտնո­ւի անվ­տան­գա­յին լուրջ սպառ­նա­լիք­նե­րու առ­ջեւ եւ կը թի­րա­խա­ւո­րո­ւին ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հիմ­նա­սիւ­նե­րը, հրա­մա­յա­կան է ազ­գա­յին օ­րա­կար­գե­րու շուրջ հա­մա­հայ­կա­կան զօ­րա­շար­ժը։ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-պե­տա­կան շա­հե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու ան­քակ­տե­լիու­թիւն…
­Ներ­կայ հանգ­րո­ւա­նին, Ս­փիւռ­քի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն են.
– ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան հզօ­րա­ցում. ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հզօ­րաց­ման եւ անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­մանն ուղ­ղո­ւած ծրագ­րա­յին հա­մա­պար­փակ ռազ­մա­վա­րու­թեան մշա­կում եւ գոր­ծադ­րում։
– ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում եւ հա­տու­ցում. ­Հա­կա­ռակ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման գոր­ծըն­թա­ցը կը մնայ հրա­մա­յա­կան։
– Ար­ցա­խեան հիմ­նա­հարց. Ար­ցա­խի հար­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ օ­րա­կար­գի վրայ՝ ընդգր­կե­լով հե­տե­ւեալ գործ­նա­կան քայ­լե­րը.
— ­Գե­րի­նե­րու ան­յա­պաղ ա­զատ ար­ձակ­ման հար­ցի հե­տապն­դում։
— Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն եւ հա­ւա­քա­կան վե­րա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քի մի­ջազ­գայ­նա­ցում։
— Բռ­նագ­րա­ւո­ւած Ար­ցա­խի հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւն։
— Ար­ցա­խի պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան լիար­ժէք ա­ջակ­ցու­թիւն։
— Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն բռնի տե­ղա­հա­նո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րու՝ Հ.Հ.-ի մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­ներ։

Բ. Ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ ­հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ­դե­րը
ս­փիւռ­քի ­հայ­կա­կան ինք­նու­թեան ­պահ­պան­ման ­մէջ

­Հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը խարս­խո­ւած է հա­յոց պատ­մու­թեան, ­Հայց. ե­կե­ղեց­ւոյ, լե­զո­ւի, մշա­կոյ­թի եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու վրայ, ո­րոնք սփիւռ­քա­հա­յու­թեան գո­յու­թեան հիմ­նա­կան յե­նա­սիւ­ներն են։ ­Ներ­կայ օր­հա­սա­կան պայ­ման­նե­րուն մէջ, ­Հայց. ե­կե­ղե­ցին, ինչ­պէս ան­ցեա­լին, այ­սօր եւս կը շա­րու­նա­կէ մնալ ոչ միայն հո­գե­ւոր խա­րիսխ, այլ նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր ինք­նու­թեան հիմ­նա­քար։
­Դա­տա­պար­տե­լով Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու սան­ձա­զեր­ծած պայ­քա­րը հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ ­Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ դէմ՝ անհ­րա­ժեշտ է նկա­տի ու­նե­նալ հե­տե­ւեալ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը.
– ­Դի­մադ­րու­թիւն. ազ­գա­յին ինք­նու­թեան դէմ ուղ­ղո­ւած ո­րե­ւէ քայլ եւ գոր­ծո­ղու­թիւն պէտք է ար­ժա­նա­նայ կազ­մա­կեր­պո­ւած եւ միաս­նա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան։
– ­Հա­մախմ­բում. կան­խել պա­ռակ­տու­մը եւ ստեղ­ծել ա­մուր հա­մախմ­բում Ե­կե­ղեց­ւոյ շուրջ։
– Կր­թու­թիւն եւ դաս­տիա­րա­կու­թիւն. ամ­րապն­դել եւ ընդ­լայ­նել սփիւռ­քա­հայ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր հա­մա­կար­գը՝ ի խնդիր ա­ւե­լի մեծ թի­ւով նոր սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի ինք­նու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան։ ­Նոր սե­րուն­դին մօտ պի­տի զար­գաց­նել ազ­գա­յին ընդ­հա­նուր շա­հե­րուն գի­տակ­ցե­լու ու ա­տոնց տի­րու­թիւն ը­նե­լու կամ­քը։

Գ. ­Հա­յաս­տան–Ս­փիւռք ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու
­հիմ­նա­հար­ցեր եւ ­հո­րի­զոն­ներ

Ազ­գա­յին ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ամ­բողջ հայ ազ­գի ու­ժի հիմ­նա­կան աղ­բիւրն է: ­Զայն պէտք է հա­մա­րել ­Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման եւ հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի ան­փո­խա­րի­նե­լի հիմ­քը: 44-օ­րեայ, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազմ­նե­րէն եւ հա­յա­թա­փու­մէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու վա­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը սփիւռ­քա­հա­յու­թեան մօտ ստեղ­ծած է խո­րունկ հիաս­թա­փու­թիւն եւ յու­սա­խա­բու­թիւն, ո­րուն հե­տե­ւան­քով ա­նոր մօտ կը նկա­տո­ւին հայ­րե­նի­քէն ներք­նա­պէս հե­ռա­նա­լու մտա­հո­գիչ մի­տում­ներ: ­Խիստ դա­տա­պար­տե­լի է Հ.Հ. ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ՝ կազ­մա­կեր­պո­ւած սփիւռ­քը ան­տե­սե­լու, պա­ռակ­տե­լու եւ հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ ա­նոր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­հա­մար­հե­լու վնա­սա­կար քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Մ­տա­հո­գիչ է նաեւ Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ձեռ­նա­ծալ մնա­լը՝ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի գո­յու­թե­նա­կան վտանգ­ներ ապ­րող հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րուն նկատ­մամբ: Առ այդ, ­Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներն են.
– ­Հա­յաս­տան-սփիւռք ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւն. վե­րա­կանգ­նել եւ ո­րա­կա­կան նոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նել հա­մա­կար­գա­յին (ինս­տի­տու­ցիո­նալ) կա­պե­րը սփիւռ­քի հետ։
– ­Հա­մա­հայ­կա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թեան եւ ցան­ցա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու օգ­տա­գործ­ման ար­դիւ­նա­ւէտ մե­քա­նիզմ­նե­րու ստեղ­ծում. ա­պա­հո­վել Ս­փիւռ­քի մաս­նա­գի­տա­կան մար­դու­ժի ա­ռա­ւե­լա­գոյն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պե­տա­կան զա­նա­զան նա­խա­գի­ծե­րու եւ օ­ղակ­նե­րու մէջ՝ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լու հե­ռան­կա­րով։
– ­Հա­յաս­տան-սփիւռք միաս­նա­կան տա­րած­քի ձե­ւա­ւո­րում. քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան, գի­տա­կան, ռազ­մար­դիւ­նա­բե­րա­կան, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան եւ կրթա-մշա­կու­թա­յին միաս­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մշա­կում եւ գոր­ծադ­րում։ Այս ի­մաս­տով, մեծ է սփիւռ­քի մաս­նա­գի­տա­կան մար­դու­ժին դե­րը հայ­կա­կան փա­փուկ ու­ժի կի­րա­ռու­մին մէջ։
– Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը վտան­գո­ւած է. ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պաշտ­պա­նու­թեան ու զար­գաց­ման գոր­ծը կ­՚են­թադ­րէ ոչ միայն Ս­փիւռ­քի, այլ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­գոր­ծօն դեր:
– Ս­փիւռ­քի դե­րա­կա­տա­րու­թեան բարձ­րա­ցում. մաս­նա­գի­տա­կան քննար­կու­մի նիւթ դարձ­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան կա­ռա­վար­ման եւ հա­մա­հայ­կա­կան հար­ցե­րու հե­տապնդ­ման մէջ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թեան հնա­րա­ւոր տար­բե­րակ­նե­րը՝ հաս­նե­լու հա­մար հա­մազ­գա­յին հա­մա­խո­հու­թեան եւ Հ.Հ.-ի քա­ղա­քա­կան հա­մար­գէն ներս ի­րա­ւա­կան լու­ծում­նե­րու։

Դ. Ս­փիւռ­քի ­զօ­րա­շարժ եւ ­վե­րաշ­խու­ժա­ցում ­յա­նուն ­
հա­մազ­գա­յին ն­պա­տակ­նե­րու

­Հա­մա­հայ­կա­կան օ­րա­կար­գե­րու նկատ­մամբ Ս­փիւռ­քի միաս­նա­կա­նու­թեան, հզօ­րաց­ման եւ վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը ա­ներկ­բայ է:
Հ­րա­մա­յա­կան է սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հա­մախմ­բու­մը հա­մազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու շուրջ, սփիւռ­քեան կա­ռոյց­նե­րու եւ ա­ռա­հա­սա­րակ գոր­ծե­լա­կեր­պի ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, գա­ղութ­նե­րու մի­ջեւ ուղ­ղա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ նե­րու­ժի հե­տե­ւո­ղա­կան ամ­րապն­դու­մը:
Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ յատ­կա­պես կեն­սա­կան է ե­րի­տա­սար­դու­թեան լիար­ժէք ներգ­րա­ւու­մը:
Ս­փիւռ­քի զօ­րա­շար­ժը պէտք է կա­տա­րո­ւի ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու շուրջ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով հե­տե­ւեալ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը.
— Աշ­խար­հաս­փիւռ հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հզօ­րա­ցում՝ իբ­րեւ մէկ ազ­գի եր­կու բա­ղադրա­մա­սեր։
— Ազ­գա­յին պե­տու­թիւն կեր­տե­լու գոր­ծըն­թա­ցի սա­տա­րում։
— ­Հայ դա­տի եւ հա­մազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու հե­տապն­դում:
­Վե­րո­նիշեյալ հաս­տա­տում­նե­րու եւ մատ­նան­շո­ւած ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ Ս­փիւռ­քի ազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժի խորհր­դա­ժո­ղո­վը կը շեշ­տէ, որ ներ­կայ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան բարդ պայ­ման­նե­րուն մէջ, սփիւռ­քի կեն­սու­նա­կու­թիւնն ու հզօ­րու­թիւ­նը ան­քակ­տե­լիօ­րէն կա­պո­ւած են մայր հայ­րե­նի­քին։
­Մեր միաս­նա­կա­նու­թիւ­նը պէտք է խարս­խո­ւի յա­ւեր­ժա­կան ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման տես­լա­կա­նին վրայ՝ իբ­րեւ հա­մընդ­հա­նուր օ­րա­կարգ։ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի և ­հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-պե­տա­կան շա­հե­րը եւ նպա­տակ­նե­րը ան­քակ­տե­լի են։
­Մենք կը մեր­ժենք Հ.Հ. ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու որ­դեգ­րած պա­ռակ­տիչ եւ վա­նո­ղա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը։
­Փո­խա­րէ­նը, կոչ կ­՚ուղ­ղենք ստեղ­ծե­լու ա­ռողջ, հա­մա­կար­գո­ւած եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք միակ ե­րաշ­խիքն են հզօ­րաց­նե­լու հայ ազ­գը եւ ան­սա­սան պա­հե­լու հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Հա­մազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ, եւ, մեր նե­րու­ժը պէտք է ծա­ռա­յէ բա­ցա­ռա­պէս հա­մազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու՝ ա­պա­հո­վե­լով հա­յու­թեան անվ­տանգ եւ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած ա­պա­գան։
Այս նպա­տա­կով կը կա­րե­ւո­րենք Հ.Հ. բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու-ան­կախ ի­րենց գտնո­ւած վայ­րէն-մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, առ այդ կոչ կ­՚ը­նենք, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն-­նե­րա­ռեալ ար­տեր­կիր գտնո­ւող­նե­րուն, ի­րենց մի­ջոց­նե­րով եր­թալ ­Հա­յաս­տան-­մաս­նակ­ցիլ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։
Անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է փո­խել Հ.Հ. գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ա­պազ­գա­յին ու­ղե­գի­ծը եւ հաս­տա­տել պե­տու­թեան զար­գաց­ման ազ­գա­յին-պե­տա­կան ու­ղե­գիծ։

ՍՓԻՒՌՔԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
­Փա­րիզ, Ապ­րիլ 11-12, 2026թ.