Յունահայոց թեմի Կրօնական Ժողովը կը հաղորդէ, որ Շաբաթ՝ 27 Մայիսի կէսօրին, Յունահայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, ընկերակցութեամբ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեանի եւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեանի, ինչպէս նաեւ Յունահայոց Թեմական ժողովի երեսփոխան Պօղոս Չոլաքեանի, այցելեց պատմական տասներորդ դարու սրբուհի Վառվառայի տաճարը, ուր կը գտնուին — վերջերս Վենետիկէն բերուած — Կոստանդիանոս Կայսեր մօր Սրբուհի Հեղինէի աճիւնները, ինչպէս եւ անոր յայտնաբերած Քրիստոսի խաչափայտէն մեծ մասունք մը, որ դրուած է ի սպաս հաւատացեալ ժողովուրդի ուխտաւոր այցելութեան։
Տաճարի մուտքին, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Ֆանարի Եպիսկոպոս Աթենաղորասի (ընդհանուր տնօրէն՝ Ափօստօլիքի Տիաքոնիայի), Իղնադիոս Սոդիրեատիս Վարդապետին (քարտուղար՝ փան-օրթոտոքս եւ համաքրիստոնէական կապի ժողովին) եւ Սրբուհի Վառվառայի տաճարի Հովուին՝ Տամասքինոս Տամեանաքիս Վարդապետին կողմէ։
Յուզիչ էր պահը, երբ հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները միասնաբար աղօթեցին «Հայր մեր»ը՝ ի ներկայութեան մեծ ուխտաւոր ժողովուրդին եւ մօտեցան երկիւղածութեամբ Սրբուհիին եւ Սուրբ Խաչափայտին՝ ստանալու օրհնութիւնը յանուն Յունահայ գաղութին եւ զաւակներուն։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրն ու իր ընկերակիցները ճաշի հիւրը եղան Աթենաղորաս Սրբազան Հօր։ Տեղի ունեցաւ շատ շահեկան խօսակցութիւն՝ հայ եկեղեցւոյ աւանդապահութեան մասին, ինչպէս Սուրբ Ծնունդը 6 Յունուարին տօնակատարելու եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութիւնները պահելու առումով։