Համացանցային որսորդութիւններ
Ճանապարհորդը…
ՄԻՆՍԱՐ
Մարդուն մէկը, իր ձիուն ու շունին հետ, կը քալէին ճամբայէ մը: Հսկայ ծառի մը մօտէն անցնելու ժամանակ, նոյն պահուն ինկած կայծակ մը, երեքին ալ տեղն ու տեղը ձգեց…
Մարդը չէր անդրադարձած, որ այլեւս հեռացած էր ողջերու աշխարհէն եւ կը շարունակէր ընթանալ, իր երկու կենդանիներուն հետ միասին…
Գիտէք, որոշ անգամ մահացողները, քիչ մը ժամանակ կ’ուզեն, իրենց այս նոր կացութեան գիտակցելու համար…
Ճամբան զառիվեր էր ու երկար, արեւը կիզիչ, իրենք ալ՝ քրտնած ու սաստիկ ծարաւցած…
Դարձուածքի մը հասնելով, նշմարեցին վեհաշուք դարպաս մը, ամբողջութեամբ մարմարէ կառուցուած… ներս անցնելով, գտնուեցան ոսկիով ծածկուած հրապարակի մը, որուն կեդրոնը գտնուող աղբերակէն, բիւրեղեայ ջուր կը հոսէր…
Ճանապարհորդը մօտեցաւ դարպասի պահակին եւ…
— Բարիլոյս, (ըսաւ)…
— Բարիլոյս, (պատասխանեց պահակը)…
— Ինչպէ՞ս կը կոչուի այսքան գեղեցիկ այս վայրը…
— Դրախտ…
— Լաւ եղաւ, որ Դրախտ հասանք… շատ ծարաւ ենք…
— Պարոն, կրնաք ուզածնուդ չափ ջուր խմել, (ըսաւ պահակը, ցոյց տալով բիւրեղեայ ջուր հոսող աղբերակը)…
— Գիտէ՞ք, ձիս եւ շունս ալ նոյնքան ծարաւ են…
— Շատ կը ցաւիմ պարոն, սակայն ձիերու եւ շուներու մուտքը բացարձակապէս արգիլուած է (ըսաւ պահակը)…
Մարդը ծարաւ ըլլալուն, չափազանց նեղուեցաւ, սակայն չէր ուզեր, որ առանց իր անասուններուն, միայն ինքը ջուր խմեր: Պահակին շնորհակալութիւն յայտնեց ու ճամբան շարունակեց…
Զառիվեր ճամբայով բաւական յառաջանալէ ետք, այլեւս բոլորովին ուժասպառ, հասան վայր մը, որուն մուտքը փայտաշէն ու հին դուռ մըն էր… ներս անցան եւ սկսան քալել, իր երկու կողմերը ծառերով շրջապատուած, հողէ ճամբայէ մը…
Ծառի մը շուքին տակ, գլխարկը գլխուն, մարդ մը նստած էր…
— Բարիլոյս, (ըսաւ ճանապարհորդը)…
Մարդը գլխու թեթեւ շարժումով մը հակադարձեց…
— Ես ալ, ձիս ալ, շունս ալ… շատ ծարաւ ենք…
— Այդ քարերուն ետեւը ակ մը կայ, (ըսաւ մարդը), գացէք եւ ուզածնուդ չափ խմեցէք…
Մարդը, ձին ու շունը, մօտեցան ակին եւ կուշտ ու կուռ խմեցին…
Ճանապարհորդը, շնորհակալութիւն յայտնեց մարդուն…
— Ոչինչ, ոչինչ, չարժեր, ուզած ատեննիդ նորէն եկէք…
— Ինչպէ՞ս կը կոչուի այս վայրը, (հարցուց ճանապարհորդը)…
— Դրախտ կը կոչուի…
— Դրա՞խտ… բայց վեհաշուք դարպասի պահակը, քիչ առաջ մեզի ըսաւ, որ Դրախտը հոն էր…
— Հոն Դրախտը չէ, Դժոխքն է…
Ճանապարհորդը բարկացաւ…
— Պէտք է իրենց արգիլէք, որ ձեր անունը գործածեն… վստահ եմ, որ ասոր երեսէն, ահագին սխալ հասկացողութիւններ կ’ըլլան…
— Ոչ պարոն, ոչ, ընդհակառակը, իրենք մեզի շա՜տ օգտակար կ’ըլլան…
— Բայց ինչպէ՞ս…
— Որովհետեւ պարոն, անոնք իրենց քով կը պահեն բոլոր անոնց… որոնք պատրաստ են.. որեւէ ժամանակ… իրենց ամենէն հաւատարիմ ընկերները նոյնիսկ լքելու…
minsar55@gmail.com