Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Կարօ Փայլան (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն) եւ Սելինա Տողան (Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութիւն) Յունիս 1ին Գումգափուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած  են պատրիարքական տեղապահ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեանի պատուին մատուցուած Հրաշափառի արարողութեան:
Այս մասին հայ պատգամաւորները գրած են Դիմատետրի իրենց էջերուն մէջ:
«Տեղապահ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան արդէն գործի անցած է: Կը մաղթեմ, որ այս նոր ժամանակաշրջանը բարի ըլլայ  հայ համայնքին համար»,- «Արցախփրես»ի հաղորդմամբ՝ նշած է Փայլան:
Տողան եւս արձանագրած է, որ Մարտ 15ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի եկեղեցական ժողովին կողմէ տեղապահ ընտրուած Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած արարողութեամբ ստանձնեց իր պարտականութիւնները: «Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքէն եկած Պէքճեան պիտի ղեկավարէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը: Կը մաղթեմ, որ այդ գործընթացը մեր երկրին ու համայնքին խաղաղութիւն եւ հաշտեցում բերէ»,- նշած է ան:
Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Պէքճեան Մարտ 15ին Պոլսոյ պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդին կողմէ ընտրուած էր պատրիարքական տեղապահ: Անոր ընտրուելէն ետք, սակայն, Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան չհրաժարեցաւ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն, ինչի հետեւանքով պատրիարքարանին մէջ լարուածութիւն սկսած էր:
Աթէշեան միայն Մայիս 24ին յայտարարեց իր հրաժարականին մասին՝ պաշտօնապէս Պէքճեանը հրաւիրելով Պոլիս: