­Հոկ­տեմ­բեր 19ի այս օ­րը, 188 տա­րի ա­ռաջ, սկսաւ ­Կար­նոյ (Էրզ­րում) եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թը դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան՝ Ա­խալց­խա, Ա­խալ­քա­լաք, ­Ծալ­կա, ­Լո­ռի-­Փամ­պակ եւ ­Գիւմ­րի։
­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թը կը հե­տե­ւէր ցա­րա­կան զօր­քի նա­հան­ջին։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան դէմ իր շղթա­յա­զեր­ծած գրո­հին ու յաղ­թա­կան ար­շա­ւին վերջ տա­լով՝ կը վե­րա­դառ­նար Անդր­կով­կա­սի մէջ իր ամ­րա­ցու­ցած դիր­քե­րուն։ Իսկ ­Կար­նոյ եւ շրջա­կայ­քի մեր ժո­ղո­վուր­դին կա­րե­ւոր մէկ մա­սը, օս­մա­նեան զօր­քին հա­ւա­նա­կան հա­կա­յար­ձա­կո­ղա­կա­նէն եւ հա­կա­հայ «մաք­րա­գոր­ծում­նե­րէն» խու­սա­փե­լու մտօք՝ կը վերց­նէր գաղ­թա­կա­նի ցու­պը…
­Հան­րա­գի­տա­կան գնա­հա­տում­նե­րով՝ օս­մա­նեան դա­ժան լու­ծը մեր­ժե­լով եւ թրքա­կան խժդժու­թիւն­նե­րէն փրկո­ւե­լու նպա­տա­կով, ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զար հա­յեր լքե­ցին ի­րենց պա­պե­նա­կան բազ­մա­դա­րեան հողն ու շէ­նե­րը, հե­տե­ւե­ցան Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը պար­պող ռու­սա­կան զօր­քե­րուն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցան Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։
Այդ­պէ՛ս, 1829ի ­Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սը ծանր ու դժո­ւա­րին ընտ­րան­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջան ե­ղաւ ռու­սա­կան զօր­քին կող­մէ գրա­ւո­ւած Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան հա­մար։
1828-1829 թո­ւա­կա­նի ­Ռուս-Թր­քա­կան պա­տե­րազ­մը վերջ գտած էր ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան յաղ­թա­նա­կով, ռուս­նե­րը հա­սած ու գրա­ւած էին մին­չեւ ­Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ­քը գտնո­ւող Ադ­րիա­նա­պո­լի­սը (Է­տիր­նէն), ուր եւ ­Սեպ­տեմ­բեր 14ին կնքո­ւած էր հա­մա­նուն հաշ­տու­թեան պայ­մա­նա­գի­րը։ ­Թէեւ ռու­սա­կան կող­մը իր տի­րա­պե­տու­թեան տակ ա­ռած էր ամ­բողջ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տանն ու Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւոր շրջան­նե­րը, բայց Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ ­Դաշ­նագ­րով՝ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը կցե­լով իր կայ­սե­րա­պե­տու­թեան ու հա­մա­ձայ­նե­ցաւ թուր­քե­րու տի­րա­պե­տու­թեան վե­րա­դարձ­նել ա­րեւմ­տա­հայ ա­զա­տագ­րեալ տա­րածք­նե­րուն մեծ մա­սը։
Իսկ հա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կա­պէս ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ­Կար­նոյ մէջ եւ շրջա­կայ­քը աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած էր պա­տե­րազ­մին՝ ռուս­նե­րու կող­քին հա­զա­րա­ւոր հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ թուր­քե­րու դէմ կռո­ւի դաշտ հա­նե­լով, նման պայ­ման­նե­րով խա­ղա­ղու­թեան դաշ­նագ­րի կնքու­մէն ետք, դէմ յան­դի­ման կանգ­նած էր թրքա­կան վրէժխնդ­րու­թեան եւ անխ­նայ հա­կա­հա­րո­ւա­ծի սպառ­նա­լի­քին…
Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ դաշ­նա­գի­րը նա­խա­տե­սած էր թուր­քե­րու հա­կա­հայ վրէժխնդ­րու­թեան այդ վտան­գը եւ, յա­տուկ յօ­դո­ւա­ծով մը, իբր թէ «ի­րա­ւունք» տո­ւած էր ա­րեւմ­տա­հա­յու­թեան, որ­պէս­զի մին­չեւ մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, այս­պէս կո­չո­ւած «օս­մա­նեան գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րը» թուր­քե­րուն վե­րա­դարձ­նող ռու­սա­կան զօր­քին հետ, գաղ­թէ դէ­պի Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տան։
Ա­հա նման պայ­ման­նե­րու մէջ եւ թրքա­կան ան­խու­սա­փե­լի կո­տո­րած­նե­րէն փրկո­ւե­լու մտա­հո­գու­թեամբ՝ ­Կար­նոյ եւ շրջա­կայ­քի հա­յու­թիւ­նը, թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Կա­րա­պետ Արք. ­Բագ­րա­տու­նիի գլխա­ւո­րու­թեամբ, տուաւ ծան­րակ­շիռ ո­րո­շու­մը եւ ա­ւե­լի քան հա­րիւր հա­զա­րով դի­մեց զան­գո­ւա­ծա­յին գաղ­թի։ ­Պատ­մա­կան այդ մեծ գաղ­թով թէեւ վերանորոգուեցաւ հայ­կա­կան ­Ջա­ւախ­քը ու ձեռ­նե­րէց եւ աշ­խա­տու­նակ հա­յե­րով բար­գա­ւա­ճե­ցաւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նը, այ­սու­հան­դերձ՝ մե­ծա­պէս հա­յա­թա­փո­ւե­ցաւ ­Կա­րի­նը, որ հնա­գոյն դա­րաշր­ջան­նե­րէ սկսեալ, իբ­րեւ հայ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ բնա­կուած տա­րածք, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ու ռազ­մա­գի­տա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն խաչ­մե­րուկ մը ե­ղած էր միջ-ցա­մա­քա­յին ու­ղի­նե­րու վրայ։
­Հին ­Յու­նա­կան, Հ­ռով­մէա­կան եւ ­Բիւ­զան­դա­կան ­Կայս­րու­թեանց ժա­մա­նակ­նե­րէն ե­կող քա­ղաք էր ­Կա­րի­նը, ո­րուն հայ եւ յոյն բնակ­չու­թեան տնտե­սա­կան աշ­խա­տու­նա­կու­թեան ու ա­ռեւտ­րա­կան ձեռ­նե­րէ­ցու­թեան մա­սին սպա­ռիչ վկա­յու­թիւն­նե­րով հա­րուստ է պատ­մու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­նուր տե­ղե­կան­քով՝
«­Կա­րին կամ Էրզ­րում, ­Բարձր ­Հայ­քի մայ­րա­քա­ղա­քը, կը գտնո­ւի ­Կար­նոյ դաշ­տին հա­րա­ւա­րե­ւե­լեան կող­մը, Եփ­րա­տի եւ Ա­րաք­սի ա­կունք­նե­րուն մօտ, 1960 մեթր բարձ­րու­թեան վրայ: ­Հիւ­սի­սէն կը հո­սի Եփ­րատ գե­տը, իսկ հա­րա­ւա­յին կող­մը կը բարձ­րա­նան ­Գո­հա­նամք, Այծպտ­կունք եւ ­Սուրբ Ն­շան լեռ­նե­րը: ­Հա­րուստ` ա­ռատ եւ յոր­դա­հոս ա­կե­րով, ո­րոնց մէկ մա­սը քա­ղա­քի բազ­մա­հա­րիւր աղ­բիւր­նե­րուն ջուր կը մա­տա­կա­րա­րէ, իսկ միւս­նե­րը ի­րա­րու միա­նա­լով գե­տակ մը կը կազ­մեն, որ կ­՛անց­նի քա­ղա­քի ա­րեւմ­տեան կող­մէն, եր­կար եւ կա­նա­չա­պատ ձո­րի մը մէ­ջէն եւ կը խառ­նո­ւի Եփ­րա­տի: 1914ին ­Կա­րին ու­նէր 60 հա­զար բնա­կիչ, ո­րուն 15 հա­զա­րը հա­յեր էին:
«­Քա­ղա­քը բաղ­կա­ցած է գլխա­ւոր ե­րեք մա­սէ: ­Կեդ­րո­նը բլու­րին վրայ` միջ­նա­բեր­դը իր ան­մի­ջա­կան շրջա­կայ­քով, որ հնա­գոյն ­Կա­րի­նը կը կազ­մէ: ­Բեր­դին ար­տա­քին պա­րիսպ­նե­րը ի­րենց շրջա­պա­տով, ո­րոնք հին ­Կա­րի­նը կը կազ­մեն: Իսկ բեր­դին չորս կող­մը տա­րա­ծո­ւող թա­ղա­մա­սե­րը նոր ­Կա­րի­նը կը կազ­մեն: ­Միջ­նա­բեր­դը ու­նի հա­րիւր մեթր եր­կա­րու­թիւն եւ շուրջ 55 մեթր լայ­նու­թիւն եւ կա­ռու­ցո­ւած է Ե. դա­րուն: ­Միջ­նա­բեր­դին հա­րա­ւա­յին կող­մը կը գտնո­ւի ­Թեփ­սի մի­նա­րէն, որ իր բարձ­րու­թեան շնոր­հիւ դի­տա­րա­նի դեր խա­ղա­ցած է: Ա­րե­ւե­լեան կող­մը կը գտնո­ւի ­Չիֆ­թէ մի­նա­րէն, որ կա­ռու­ցո­ւած է 962ին: Ու­լու ճա­մին կա­ռու­ցած են յոյ­նե­րը իբ­րեւ դի­ւա­նա­տուն կամ մա­տե­նա­դա­րան, իսկ սել­ճուք­նե-րը 1178ին մզկի­թի վե­րա­ծած են զայն:
«Հա­յոց ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած էր 1840ին, հին ե­կե­ղեց­ւոյ վայ­րին վրայ: Գ­լա­նա­ձեւ քսան սիւ­նե­րու վրայ կա­ռու­ցո­ւած ե­կե­ղե­ցին ու­նէր 24 մեծ եւ 15 փոքր կլոր պա­տու­հան, ե­րեք կա­մա­րա­ձեւ խո­րան, եր­կու ա­ւան­դա­տուն եւ ե­րեք դուռ:
«­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը հիմ­նուած էր 1811ին եւ հե­տա­գա­յին վե­րա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ Արծ­նեան: ­Սա­նա­սա­րեան վար­ժա­րա­նը հիմ­նո­ւած էր 1881ին, Մկր­տիչ ­Սա­նա­սա­րեա­նի մի­ջոց­նե­րով եւ ­Կա­րա­պետ Ե­զեա­նի ջան­քե­րով եւ կրթա­կան բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն էր, ու­նէր գի­շե­րօ­թիկ բա­ժին, ման­կա­վար­ժա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան ճիւ­ղեր, տար­րա­լու­ծա­րան, գրա­դա­րան, հի­ւան­դա­նոց, դե­ղա­րան, փուռ, ներ­կա­տուն եւ թան­գա­րան:
­Միւս վար­ժա­րան­ներն էին` Հ­ռիփ­սի­մեանց օ­րիոր­դաց, Մ­սը­րեան, ­Տէր Ա­զա­րեան, ­Գա­ւա­ֆեան, Ա­ղա­պա­լեան եւ կա­թո­լիկ ու բո­ղո­քա­կան դպրոց­նե­րը եւ քա­նի մը ման­կա­պար­տէզ­ներ:
­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թին նուի­րո­ւած յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան սիւ­նա­կը տե­ղը չէ ա­ռան­ձին լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու ­Կար­նոյ հա­յու­թեան ներդ­րու­մը ընդ­հան­րա­պէս հա­յոց պատ­մու­թեան եւ հա­նուր քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ։
­Բայց ան­պայ­ման տեղն է շեշ­տե­լու, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ ռու­սա­կան զօր­քը ե­րեք ան­գամ, հայ­կա­կան հո­ղի վրայ, պա­տե­րազմ մղեց թրքա­կան զօր­քին դէմ եւ ե­րեք ան­գա­մուն ալ գրա­ւեց ­Կա­րի­նը (1828-29ին, 1877-78ին եւ 1915-16ին)։ ­Ռուս-Թր­քա­կան ե­րեք պա­տե­րազմ­նե­րու պա­րա­գա­յին ալ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րը իբ­րեւ փրկա­րա­րի ըն­դա­ռա­ջե­ցին ռու­սա­կան զօր­քե­րուն եւ, հայ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ տրա­մադ­րե­լով, մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին ռու­սա­կան յաղ­թա­նա­կին։ ­Բայց ե­րեք ան­գա­մուն ալ հա­յու­թիւ­նը չա­րա­չար յուս­ախա­բու­թեան մատ­նո­ւե­ցաւ։ ­Ռու­սաս­տան բնաւ չու­նե­ցաւ Ա­րեւմ­տա­յաս­տանն ու ա­նոր «մայ­րա­քա­ղա­քը» նկա­տո­ւած ­Կա­րի­նը ա­զա­տագ­րե­լու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք եւ թրքա­կան տի­րա­պե­տու­թեան վե­րա­դար­ձուց հայ­կա­կան հո­ղե­րը։
­Կար­նոյ հա­յու­թեան 1829ի մեծ գաղ­թին ա­ռի­թով կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է նշել, նաեւ ու մա­նա­ւանդ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը եր­բեք չհրա­ժա­րե­ցաւ ­Կա­րի­նէն։ ­Հա­կա­ռակ 1829ի գաղ­թին հե­տե­ւած թրքա­կան հա­կա­հայ խժդժու­թեանց եւ կո­տո­րած­նե­րուն, հա­յու­թիւ­նը շա­րու­նա­կեց հա­մախմ­բո­ւիլ ­Կար­նոյ մէջ ու շէ­նաց­նել զայն։
Ա­ւե­լի՛ն. 19րդ ­դա­րու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ­Կար­նոյ հա­յու­թիւ­նը դար­ձաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն հնոց մը, որ յա­ռա­ջա­պա­հի դեր կա­տա­րեց թէ՛ ազ­գա­յին զար­թօն­քի եւ լու­սա­ւո­րու­թեան ճա­կա­տին վրայ, թէ՛ հայ հայ­րե­նա­սի­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռա­ջին խմո­րում­նե­րու շղթա­յա­զերծ­ման ըն­թաց­քին։
Այդ ա­ռու­մով ­Կար­նոյ «­Պաշտ­պան ­Հայ­րե­նեաց» ե­րի­տա­սար­դա­կան մար­տու­նակ շար­ժու­մը, 1870ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, հիմ­նա­րար դեր ու­նե­ցաւ հայ յե­ղա­փո­խա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, յատ­կա­պէս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան կազ­մա­ւոր­ման մէջ։
Իսկ ­Կար­նոյ «­Սա­նա­սա­րեան» վար­ժա­րա­նը, 19րդ ­դա­րու վեր­ջին քսա­նա­մեա­կին եւ 20րդի սկզբնա­ւո­րու­թեան, լոյ­սի եւ յոյ­սի փա­րոս մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն հա­մար՝ ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան ներշն­չու­մի ու պատ­րաս­տու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կռո­ւան մը դառ­նա­լով։
­Հոկ­տեմ­բե­րի 19ի այս օ­րը, ­Կար­նոյ հա­յու­թեան մեծ գաղ­թին 188րդ ­տա­րե­լի­ցը յու­շե­լով, մեր սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ կը բա­նայ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան դա­սե­րու եւ մտո­րում­նե­րու ամ­բողջ աշ­խարհ մը։ ­Յատ­կա­պէս՝ մեր նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան մէջ կը վե­րա­նո­րո­գէ հայ­րե­նի հո­ղին կառ­չած մնա­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թեան մե­ծա­գոյն ողջմ­տու­թիւ­նը։