Վեր­ջերս, յու­նա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սան ար­ժա­նա­հա­ւատ վեր­լու­ծում­ներ եւ յօ­դո­ւած­ներ ծխե­լու ախ­տին ու ա­նոր կան­խար­գիլ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին, զոր պե­տու­թիւ­նը պի­տի ձեռ­նար­կէ յա­ռաջ մղել յա­ջորդ ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին։
Ծ­խա­խո­տի ա­հա­ւոր հե­տե­ւանք­նե­րը շեշ­տե­լու պար­տա­կա­նու­թեամբ, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան պե­տա­կան ու­սում­նա­րա­նը հե­տե­ւեալ ցնցող տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը հրա­տա­րա­կած է։ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, մի­ջին ծխո­ղը օ­րա­կան 16 սի­կա­րէթ կը սպա­ռէ, 200.000 ծխող­ներ ա­մէն տա­րի հի­ւան­դա­նոց մուտք կը գոր­ծեն, իսկ ծխե­լը տա­րե­կան 19.000 մա­հեր կը պատ­ճա­ռէ։ ­Թի­ւե­րը իս­կա­պէս զար­հու­րե­լի են, մա­նա­ւանդ, նկա­տի ա­ռած յոյն ժո­ղո­վուր­դի մո­լի նա­խա­սի­րու­թիւ­նը ծխա­խո­տին հան­դէպ, որ դժբա­խա­տա­բար՝ կը սկսի պա­տա­նե­կան տա­րիք­նե­րէն։
­Յոյ­նե­րուն նման, հա­յու կեն­ցա­ղին մէջ ալ տեղ գտած է ծխե­լու վատ սո­վո­րու­թիւ­նը, որ մեր տու­նե­րէն ան­դին, սոս­կա­լի վեր­քի մը վե­րա­ծո­ւած է հա­մայն­քի հան­րա­յին վայ­րե­րուն մէջ եւ զա­նա­զան հա­ւաք­նե­րու ըն­թաց­քին։ Ա­նոր դի­մաց, հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նոյ­նիսկ մեր մա­մու­լի է­ջե­րէն, ո­րե­ւէ նշում կամ անդ­րա­դարձ չի կա­տա­րո­ւիր ծխա­խո­տի վտանգ­նե­րուն մա­սին։ Ա­նի­կա «թա­պու» մըն է հա­յուն հա­մար, որ այն­քան ալ վարժ չէ ե­ղած զբա­ղե­լու ըն­կե­րա­յին մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով։
­Նա­յե­ցէ՛ք ձեր շուր­ջը։ ­Ձեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ բե­րէ՛ք հայ­կա­կան հա­ւա­քա­վայ­րե­րու ըն­կե­րա­յին հան­դի­պում­նե­րուն, ճաշ­կե­րոյթ­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ՝ ժո­ղով­նե­րուն մթնո­լոր­տը։ Ս­պի­տակ ծու­խը կը մխայ ան­դա­դար, ստեղ­ծե­լով սոս­կա­լի ա­պա­ռողջ մթնո­լորտ մը, որ մե­ծա­պէս կ­՚ազ­դէ նաե՛ւ կրա­ւո­րա­կան ծխո­ղին վրայ –­ ան՝ որ չի ծխեր, սա­կայն ստի­պո­ւած է շնչել ծխո­ղին ար­տաշն­չած ծու­խը – ­մեծ վնա­սեր հասց­նե­լով իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի ա­ռող­ջու­թեան։ Այս դառն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նո­ւա­զա­գոյն նրբու­թիւնն ու յար­գան­քը չի պա­հո­ւիր ոչ ծխող­նե­րուն հան­դէպ, ո­րոնք ստի­պո­ւած կ­՚ըլ­լան օ­դին մէջ կու­տա­կո­ւած թոյ­նը, այս ան­գամ, ի­րենց մէջ «ամ­բա­րել»։
­Բո­լո­րո­վին ան­տե­սած ենք ծխե­լու կան­խար­գիլ­ման ա­մէն տե­սա­կի դաս­տիա­րա­կու­թիւն, որ նա­խա­պէս պէտք է սկսի մեր վար­ժա­րան­նե­րէն, ա­պա ա­նի­կա դառ­նայ ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան (ի­մա հա­մայն­քա­յին) կեն­ցա­ղի ու վա­րո­ւե­լա­կեր­պի հիմ­նա­կան կա­նոն­նե­րէն մէ­կը։ Ա­մէն ինչ կը սկսի պա­տա­նե­կան տա­րի­քէն, այն տա­րի­նե­րուն՝ ուր մարդ ան­հա­տը դաս­տիա­րա­կու­թեան պա­կա­սին հե­տե­ւան­քով կրնայ վատ օ­րի­նակ­նե­րու հե­տե­ւիլ, ո­րոնց մէջ ծխե­լու «նո­րա­ձե­ւու­թիւն»ը ա­նոր ըն­կե­րա­յին շրջա­նա­կէն ներս «ինք­զինք հաս­տա­տե­լու» կեղծ պատ­րանք­նե­րու կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ։
Որ­քա՜ն խրա­խու­սիչ եւ գնա­հա­տե­լի պի­տի ըլ­լար, ե­թէ մեր միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նին մէջ, գի­տա­կան մատ­չե­լի եւ հա­մո­զիչ ձե­ւե­րու կի­րար­կու­մով, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը պաշտ­պա­նո­ւին ծխե­լու կիր­քէն։ ­Նոյն­քան ող­ջու­նե­լի է սկաու­տա­կան, պա­տա­նե­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րէն ներս, մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ դառձ­նել նոր սե­րուն­դի ծխե­լու կան­խար­գիլ­ման դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը։
­Հոս, կա­րե­ւոր կը նկա­տեմ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի, գի­տա­կան եւ ըն­կե­րա­բա­նա­կան նո­րա­րար ձե­ւե­րով, ծխա­խո­տի վնա­սա­կար հե­տե­ւանք­նե­րուն մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը դառ­նան ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պի կա­նոն­ներ, ո­րոնք պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հե­ռու պի­տի պա­հեն լուրջ վտանգ­նե­րէ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, յու­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րէն ներս մեծ տա­րա­ծում գտած է եւ շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք­ներ տո­ւած է «SmokeFreeGreece» ծրա­գի­րը։
Ա­ւե­լին, այ­սօր իսկ, ա­մէն մէկս՝ ան­հա­տա­բար եւ հա­ւա­քա­բար, մտա­ծենք հա­յա­կեդ­րոն­նե­րէն ներս ծխե­լու ար­մա­տա­կան վե­րաց­ման մա­սին։ Ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն պէտք է նկա­տել ան­հա­տա­կան սթա­փու­մի եւ զգաս­տաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ­պէս­զի յա­ջո­ղինք ծխա­խո­տը դուրս պա­հել մեր օ­ճախ­նե­րէն։
Վս­տա­հա­բար, կարգ մը մո­լի ծխող­ներ ան­տար­բե­րու­թեամբ կրնան ըն­թեր­ցել այս գրու­թիւ­նը, կամ ժխտա­կան տրա­մադրու­թեամբ ը­սել.- «Ան­կա­րե­լի է, այս­պի­սի բան չի կրնար ըլ­լալ..»։
­Պա­տաս­խա­նը այս տե­սա­կի թու­լու­թեան դի­մաց պէտք է տես­նել փոր­ձա­գէտ բժիշկ­նե­րու հա­ստա­տու­մին մէջ թէ.- «ծխե­լու կան­խար­գիլ­ման ընբռ­նու­մը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մարդ­կու­թեան հա­մար։ Ե­թէ ծխե­լը սոսկ բժշկա­կան խնդիր մը ըլ­լար, ա­նի­կա շա­տոնց լու­ծո­ւած պի­տի ըլ­լար։ Ն­մա­նա­պէս՝ ե­թէ ա­նի­կա միայն ար­գիլ­ման խնդիր մը ըլ­լար»։
­Հիմ­նա­կան է, որ կա­րե­ւո­րե­լով ծխա­խո­տի վտանգ­նե­րէն ա­զա­տե­լու հար­ցը մեր հա­մայն­քա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, որ­դեգ­րել գի­տա­կա­նօ­րէն ու ըն­կե­րա­յին չա­փա­նիշ­նե­րով այն ազ­դու ձե­ւե­րը, ո­րոնք ներ­կայ եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րը պի­տի փրկեն ա­ռող­ջա­կան մեծ փոր­ձանք­նե­րէ։

ԴԻՏՈՂ