Կիրակի, 13 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նշուեցաւ Ծաղկազարդի տօնը: Ս. Պատարագը մատուցեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանը, Ս. Խորանի սպասարկութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, իսկ երգեցողութիւնը՝ դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները, ղեկավարութեամբ՝ Կոր սրկ. Համբարձումեանին:
Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ մանուկներու թափօր, որուն մասնակից դարձան Թեսաղոնիկէի շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիները: Թափօրի աւարտին, հոգշ. հայր սուրբը Յիսուս Քրիստոսի Ս. Խաչով օրհնեց զանոնք:
Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ փոխանցեց օրուան խորհուրդը: Ան շեշտեց, որ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ առիթ եւ յիշեցում է իւրաքանչիւր հայ անհատին համար, որպէսզի Քրիստոսի սէրը ծաղկեցնէ իր մէջ եւ Ս. Հոգիին շնորհքներով զարդարէ իր միտքն ու հոգին: Քարոզի աւարտին, հայր սուրբը փոխանցեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդին շնորհաւորութիւնները:
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգշ. հայր սուրբը, սարկաւագներու մասնակցութեամբ, ձիթենիի ճիւղերը օրհնեց, որոնք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին բաժնուեցան եկեղեցւոյս Տիկնանց միութեան անդամուհիներուն կողմէ:
Ս. Պատարագէն ետք, Թաղային Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, «Արցախ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը: Արարողութեան նախագահեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ հայր սուրբը, մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյս սարկաւագներուն: Արարողութիւնը սկիզբ առաւ մարգարէական եւ աւետարանական ընթերցումներով, որոնցմէ ետք «Անդաստան»կատարուեցաւ:
Արարողութեան ընթացքին, հոգշ. հայր սուրբն ու սարկաւագները դուրս գալով եկեղեցւոյ երկաթեայ դուռէն, Սաղմոսներու ընթերցումով եւ «Շնորհեա՛ մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, մուտք գործեցին եկեղեցի. հայր սուրբը բարձրացաւ Ս. Խորան, ուր ծնկաչոք երեք անգամ երգեց «Բա՛ց մեզ Տէր» շարականը: «Զողորմութեան քո զդուռն բաց մեզ Տէր» շարականով Ս. Խորանին վարագոյրը բացուեցաւ, ուր մուտք գործելով, հայր սուրբը ընթերցեց վերջին աւետարանական հատուածը:
Աւարտին, բոլոր հաւատացեալներն ու սարկաւագները միաբերան երգեցին Տէրունական աղօթքը, իսկ հոգշ. հայր սուրբը Տիրոջ խաղաղութիւնը փոխանցելով արձակեց ժողովուրդը:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ծաղկազարդի յիշատակումն ու Դռնբացէքի արարողութիւն Թեսաղոնիկէի մէջ