Մեր թերթի վերջին օրերու թիւերով լոյս տեսած գովազդներէն ընթեցողը արդէն տեղեակ է, որ Նոր Տարուան առաջին օրէն իսկ սկսելով՝ «Ազատ Օր» հիմնովին վերանորոգուած համացանցային դէմքով ու պատկերով կը ներկայանայ ընթերցողներուն։
1 Յունուար 2017էն սկսեալ, www.azator.gr կայքէջին հետեւողները հնարաւորութիւնը պիտի ունենան ոչ միայն «Ազատ Օր»ի լուրերը, թղթակցութիւնները, ծանուցումները եւ յօդուածները գեղեցիկ ու ճաշակաւոր դասաւորումով կարդալու համացանցի վրայ, այլեւ՝ ամէնէն նորարար արհեստագիտութեան կիրարկումով՝ իրենց ձեռքի բջիջային հեռաձայններուն վրայ եւս պիտի վայելեն այդ բոլորը։
Համացանցի վրայ «Ազատ Օր»ին ընթերցումն ու օգտագործումը այլեւս պիտի չսահմանափակուին անձնական համակարգիչներու գործածութեամբ։ Ընթերցողները, յատկապէս նորահաս սերունդի մեր հետեւողները պիտի կարենան իրենց tabletերով ու smart phoneերով անմիջական եւ արագ կապի մէջ ըլլալ «Ազատ Օր»ին հետ, իրենց առօրեային մէջ ուղղակի ներկայութեան վերածելով հայաշխարհի եւ յունահայ կեանքի իրենց հարազատ աղբիւր «Ազատ Օր»ը։
Արդիականութեան եւ արհեստագիտական նորարարութեանց հետ քայլ պահելու առաջադրանքը եղած է ու կը շարունակէ մնալ մեր թերթին մղիչ ուժն ու մեծագոյն բաւարարութեան աղբիւրը։ «Ազատ Օր»ի վերանորոգուած կայքէջը միայն իր տեսքով ու համացանցի հնարաւորութիւններով թարմացուած չէ։
Կայքէջը պահպանած եւ օգտագործելի վիճակի մէջ դրած է «Ազատ Օր»ի վերջին վեց տարիներու ամբողջ արխիւը։
Նորոգուած կայքէջը նոյնպէս զարկ տուած է յունարէն լեզուով լուրերուն եւ նիւթերուն հրապարակման՝ բաժինը թէ՛ աւելի ընդգրկուն դարձնելով եւ թէ շարունակ վերաթարմացնելով։
Հակառակ մեր երկրի տնտեսական ճգնաժամին եւ ազգային մեր կառոյցներուն հետ նաեւ ու մանաւանդ «Ազատ Օր»ին դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւններուն, մեր թերթը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ որեւէ զոհաբերութեան առջեւ կանգ չ՚առներ, որպէսզի թէ՛ բաւարարէ ընթերցողին խստապահանջութիւնը, թէ՛ ընդարձակէ ծիրը երիտասարդ իր ընթերցողներուն։
Կը հաւատանք, որ ամանորեան այս նուէրով պիտի կարողանանք աւելիով ամրապնդել սերտ ու հոգեհարազատ կապը մեր ընթերցողներուն, յունահայ կեանքի գործօններուն եւ ընդհանրապէս հայաշխարհի զարգացումներուն միջեւ։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ բարի երթ «Ազատ Օր»ի նորոգուած կայքէջին։