Սփիւռքեան իրականութեան մէջ, թեմական-եկեղեցական կեանքը նախ եւ առաջ կ՚իմաստաւորուի ժողովուրդի ամբողջանուէր մասնակցութեամբ հոգեւոր եւ վարչական կարեւոր բնագաւառներուն։ Հայ եկեղեցին, իր կազմութենէն սկսեալ, եղած է ժողովուրդի ձայնին արտայայտիչը, անոր ապրումներուն եւ հոգեկան բաւարարութեան հիմնական ազդակը, որ պատմութեան ամէն քայլափոխին նեցուկ կանգնած է նաեւ ազգային հետապնդումներուն ու գոյատեւման դժուար երթին։
Մանաւանդ, 1863-էն ետք, Ազգային Սահմանադրութեան հաստատումով, ժողովուրդի ձայնը ստացաւ իրաւական այն ուժը, որ այնուհետեւ դարձաւ նաեւ աշխարհասփիւռ հայագաղութներու կազմակերպման մղիչ գործօնը, տէր կանգնելով ազգի տան յարատեւման ու հայութեան բեկորներու վերակենսաւորման մաքառումին։ Յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ ստեղծուած ու գործող թեմերը իրենց գոյութեան իմաստը տեսան ամէն մէկ հայու անհատական եւ հաւաքական ներդրումին մէջ, որ կ՚իրագործուի Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճամբով վարչական գործընթացին մէջ տիրական ներկայութիւն ապահովելու իրաւունքով։
Յունաստանի Հայոց թեմը եւս, անմասն չէ մնացած ժողովրդային կամքին յատուկ կարեւորութիւն տալու պարտականութենէն, որ կը դրսեւորուի հայութեան զանգուածներու քուէի իրաւունքով՝ ամէն եօթը տարի իրագործուող թեմական ընտրութիւններուն ընդմէջէն։
Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ի օրը, յունահայ համայնքներու եւ անոնց մաս կազմող ժողովուրդին օրն է։
Թեմի շրջանաւարտ Ազգային իշխանութիւններու ջանքերուն շնորհիւ, ամիսներու վրայ երկարած նախապատրաստական աշխատանքները կը հասնին իրենց հանգրուանին, կոչ ուղղելով ժողովուրդին ամբողջապէս մասնակցելու Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ քուէի ուժով նախընտրութիւն տալու պատրաստակամութիւն յայտնած թեկնածուներուն՝ դեր վերցնելու յունահայ ազգային-եկեղեցական կեդրոնական ու համայնքային վարչական կառավարման մէջ։
Ծխական բոլոր շրջաններու թեկնածուներուն անունները մամուլով եւ համացանցի ճամբով ծանօթ դարձան ամէն մէկ հայրենակիցին։ Այժմ, կարգն է ընտրական զանգուածին իր քուէն ուղղելու ո՛չ միայն նախասիրած թեկնածուին, այլեւ դատողութեան ճշգրիտ արտայայտութեամբ ընտրելու յարմար անձերը, որոնք պիտի կազմեն Յունահայոց Թեմի երեսփոխանական ժողովը։
Մեր խմբագրականներու ճամբով քանիցս նշեցինք, թէ ձեւական գործընթաց մը չէ կատարուած աշխատանքը։ Իւրաքանչիւր հայու ներկայութիւնը քուէատուփին առջեւ պատասխանատուութեան եւ իրաւունքի արտայայտութիւն է, որուն շնորհիւ գաղութային կեանքը պիտի մտնէ ապագան ճշդող նոր հունի մէջ։
Նորակազմ երեսփոխանական ժողովին վրայ պարտք պիտի դրուի վերասահմանել մեր գաղութի ազգային, կրթական, վարչական եւ ընկերային զարգացման պայմանները, քայլ պահելով ներկայ դարու եւ հայութեան յարատեւման համար աղերս ունեցող պահանջներուն հետ։
Թեմական երեսփոխանական ժողովէն յառաջ գալիք Ազգային վարչութիւնն ու Կրօնական ժողովը, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, պիտի վերանորոգեն ազգային կեանքի բազմերես գործունէութիւնը, իրենց հոգատարութեան տակ պահելով հոգեւոր եւ կրթական յառաջդիմութիւնը, որոնք կը կազմեն հայ կազմակերպ հաւաքականութիւններու լինելութեան գրաւականը։
Ոչ մէկը թող մտածէ, թէ ընտրութիւններէն հեռու մնալը ընտրանք կրնայ ըլլալ։
Անտարբերութիւնը կը ջլատէ հաւաքական կեանքը, կը նուաստացնէ ժողովրդային ձայնը եւ կ՚ամլացնէ հայապահպահման ամէն աշխատանք, որուն կոչուած ենք սատարելու ամէն գնով։ Քուէի ուժը՝ իրաւունքէ աւելի, պարտաւորութիւն մըն է, որ իւրաքանչիւր հայ հարկադրուած է վերցնել իր գիտակցական բովանդակ կարողականութեամբ։
Հասած ենք արդէն ընտրութիւններու սեմին։ Կիրակի օր, ընտրական կեդրոնները ներկայանալու եռուզեռը պէտք է առաջնորդող ուժը դառնայ մեր սեփական եւ հաւաքական իրաւունքին, տալով մեր մասնակցութեան արդար բաժինը, սատարելով Թեմական ընտրութիւններու յաջողութեան ու սպասուած արդիւնքին։
Թեմական երեսփոխանական ընտրութիւններու օրը, մեր ձայնի իրաւունքին ուժ տալու հանգամանքէն անդին, ազգային գերագոյն պահն է, ամրապնդելու համար մեր ազգի տան յենարաններն ու կառոյցները։
Թեմի յարատեւութիւնը բոլորին գործն է։ Յարատեւ եւ մշտական ջանքերու ամրապնդումը կը պահանջէ գիտակից մասնակցութիւն։
Կիրակի օր, ձայնը ժողովուրդի՛ն կը պատկանի։