­Յար­գե­լի «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թիւն,

­Նախ, բա­րի գա­լուստ եւ ազ­գա­նո­ւէր յա­ջող ա­ռա­քե­լու­թիւն կը մաղ­թեմ:
Իմ սրտի խօս­քե­րը կ­՚ու­զեմ յայտ­նել «Ա­զատ Օր»-ի վար­չու­թեան, որ ազ­նո­ւա­կան զգա­ցու­մով ո­րո­շեց զիս պա­տո­ւել «­Յու­շա­տախ­տակ»-ով մը:
Ին­ծի հա­մար «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թը ներշն­չու­մի ու խթան ըլ­լա­լու աղ­բիւր մըն է։ Ան հայ­կա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մին կա­րե­ւոր ազ­դա­կը հան­դի­սա­ցաւ, երբ եր­կար տա­րի­ներ ապ­րե­ցայ Օ­րես­թիա­տա­յի մէջ։ Մ­նա­ցի կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի գոր­ծու­նեայ անձ, որ­պէս հայ­կա­կան սփիւռ­քի մէկ ան­դա­մը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։
­Նոյն սէ­րը փոր­ձե­ցի սրսկել զա­ւակ­նե­րուս եւ թոռ­նե­րուս, ու­սու­ցա­նե­լով մեր մայ­րե­նի լե­զուն եւ խրա­խու­սե­լով ա­նոնց դէ­պի մայր ­Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը։
Իմ հաս­տատ հա­մո­զումն է, որ պէտք է մշտա­պէս զօ­րա­վիգ կանգ­նիլ մեր թեր­թին, որ­պէս քա­ղա­քակր­թու­թեան ու մա­մու­լի փա­րոս։
­Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նեմ, ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րու­թեան:

­Յար­գան­քով,
Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան
23 ­Մարտ 2025

* * *

­Վե­րի պարզ ու ե­րե­ւու­թա­պէս ան­պա­ճոյճ խօս­քե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի «Ա­զատ Օր»-ի՝ մին­չեւ օրս ե­րախ­տա­ւոր ըն­թեր­ցո­ղի մը, ո­րուն կեան­քը, դեռ ­Յու­նաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ իր բնա­կու­թեան օ­րե­րէն, ի­մաս­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ մեր թեր­թի ներ­կա­յու­թեամբ, որ ճա­ռա­գայ­թեց իր ան­խոնջ նո­ւի­րու­մի, հա­յա­պահ­պա­նու­թիւ­նը ա­մէ­նօ­րեայ ապ­րու­մի վե­րա­ծե­լու գո­յա­պայ­քա­րը։
­Տի­կին Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան սո­վո­րա­կան ու հա­սա­րակ ըն­թեր­ցո­ղի շրջա­նա­կին չի պատ­կա­նիր։ ­Թէեւ, սփիւռ­քեան վե­րապ­րու­մի ճամ­բուն վրայ, հայ մա­մու­լի հե­տե­ւոր­դը վեր կը դա­սո­ւի սո­վո­րա­կա­նէն ու կը դառ­նայ մէյ մէկ մար­տի­կը մեր ինք­նու­թեան գո­յա­տեւ­ման։
Այ­սու­հան­դերձ, բա­ցա­ռիկ է Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի պա­րա­գան։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի հե­ռա­ւոր, հետզ­հե­տէ մա­րող բե­կո­րի մը ան­դա­մը ըլ­լա­լով, վստա­հա­բար իր նախ­նի­նե­րուն օ­րի­նա­կէն ներշնչո­ւած, տի­կին Ա­նա­յիս հա­յա­պահ­պա­նու­մը վե­րա­ծեց կեան­քի ի­մաս­տի, շնոր­հիւ «Ա­զատ Օր»-ի մշտա­կան ներ­կա­յու­թեան, ո­րուն է­ջե­րուն մէ­ջէն ան ապ­րե­ցաւ յու­նա­հայ մա­մու­լի տի­տա­նեայ խմբա­գիր­նե­րու ո­գեշն­չող շո­ղար­ձա­կում­նե­րը, ա­նոնց ազ­գա­յին, գա­ղա­փա­րա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հո­րի­զոն­նե­րու խո­րի­մաստ փո­խան­ցու­մը հայ ըն­թեր­ցո­ղին։
­Շար­քա­յին ըն­թեր­ցող մը չե­ղաւ Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան։ Ան, թեր­թի իւ­րա­քան­չիւր խո­րա­գի­րին ու նա­խա­դա­սու­թեան մէջ տե­սաւ պայ­ծառ լոյ­սը մես­րո­պեան տա­ռին, ի­մաս­տա­ւո­րե­լով իր կեան­քի ու­ղին, այ­լեւ իր զա­ւակ­նե­րը հա­յա­կերտ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ օժ­տե­լու տքնա­ջան աշ­խա­տան­քը։ ­Նոյն ո­գե­ւո­րու­թեամբ փա­ռե­ցաւ հա­մայն­քա­յին կեան­քի ծաղ­կաց­ման, շուր­ջին­նե­րուն ցոյց տա­լով միակ ճամ­բան, որ սե­րունդ­նե­րը կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն ու ան­խօս նո­ւի­րում։
Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի վաս­տա­կը որ­պէս անձ եւ դաշ­նա­կի ար­հես­տա­վարժ դաս­տիա­րակ, այ­սօր եւս կը գնա­հա­տուի Օ­րես­թիա­տա­յի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ, ո­րոնք ի պա­տիւ հա­յազ­գի ա­րուես­տա­գէ­տին, իր ա­նու­նով զար­դա­րած են ե­րաժշ­տա­կան մրցում­նե­րու շարք մը եւ գնա­հա­տան­քի պա­տո­ւոյ նո­ւէր­նե­րու տու­չու­թիւ­նը՝ ա­պա­գայ խոս­տա­ցող ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ­նե­րու։
­Վե­րի խօս­քե­րը մեր ե­րախ­տա­ւո­րին կող­մէ ար­տա­սա­նո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեա­կի շքեղ նշու­մի ծի­րէն ներս։ Ան ֆի­զի­քա­պէս չկա­րո­ղա­ցաւ ներ­կայ գտնո­ւիլ պար­գե­ւատ­րու­մի ե­լոյ­թին, սա­կայն յա­ջորդ օ­րը, թեր­թիս տնօ­րէ­նը, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ տե­ղա­կան Հ.Յ.Դ. կո­մի­տէի ան­դա­մը, այ­ցե­լե­ցին ա­նոր բնա­կա­րա­նը եւ բաժ­նե­կից դար­ձան իր եւ ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քին ան­սահ­ման ու­րա­խու­թեան ու գնա­հա­տան­քի սրտա­զեղ զգա­ցում­նե­րուն։
Ի խո­րոց սրտի ար­տա­սա­նո­ւած խօս­քե­րու ար­ձա­գան­գը, նոյն սրտի խո­րու­թեամբ եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը վե­րա­դարձ­նենք թեր­թիս սի­րե­լի ու հա­ւա­տա­ւոր բա­րե­կա­մին։ «Ա­զատ Օր»-ի 80-ա­մեայ եր­թը, ա­նոր յա­րա­տե­ւու­թեան պայ­քա­րին մէ­ջէն ի­րա­գոր­ծո­ւած ա­մէն մեծ ու փոքր նո­ւա­ճու­մը կը պար­տինք Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեան­նե­րու հո­գեմ­տա­յին ու գործ­նա­կան նո­ւի­րու­մին։ Ա­նոր օ­րի­նա­կը դրդող ազ­դակ կը հան­դի­սա­նայ հայ մա­մու­լի գո­յա­տե­ւու­մի մար­տի դաշ­տին վրայ։
­Վարձ­քը կա­տար «Ա­զատ Օր»-ի ե­րախ­տա­շատ նո­ւի­րեա­լին։