­Փոքր Ա­սիոյ եւ Զ­միւռ­նիոյ ա­ղէ­տի 100-րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին տե­ղի կ­՚ու­նե­նան բազ­մա­թիւ ե­լոյթ­ներ, յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­լու հա­մար եր­բեմ­նի յո­նիա­կան աշ­խար­հի դառն կո­րուս­տին, քե­մա­լա­կան թուր­քե­րուն կող­մէ ջար­դուած քրիս­տո­նեայ բնակ­չու­թեան յի­շա­տա­կին, ինչ­պէս նաեւ մէ­կու­կէս մի­լիոն յոյն գաղ­թա­կան­նե­րուն, ո­րոնք կա­րո­ղա­ցան մա­զա­պուրծ հաս­նիլ ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ ա­փե­րը։ Ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ու­շագ­րաւ էր Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած եր­գա­պա­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րուն ե­րաժշ­տա­կան բա­ժի­նը ամ­բող­ջու­թեամբ յօ­րի­նո­ւած էր յու­նա­հայ տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ եւ լայն ճա­նա­չո­ղու­թիւն ստա­ցած ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նին կող­մէ։
Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հինգ­շաբ­թի, 28 ­Յու­լիս 2022-ին, Ա­թէն­քի «Ք. ­Փաք­սի­նու» բա­ցօ­թեայ թատ­րո­նին մէջ, նիւթ ու­նե­նա­լով «­Տե­ղա­հա­նու­թիւն-յու­շեր Զ­միւռ­նիա­յէն»։
­Ներ­կա­յաց­ման պա­րագ­րու­թիւ­նը կա­տա­րած էր Ո­ղիմ­պիա­կան ջա­հի ե­լոյթ­նե­րու ծա­նօթ պա­րու­սոյց Ար­թե­միս Իղ­նա­թիու, իսկ եր­գե­րը մեկ­նա­բա­նեց ­Մա­րիա­լե­նա ­Ռո­զա­քի։ Ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, ըն­թեր­ցում­ներ ը­րաւ յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի ­Քա­թե­րի­նա ­Լե­խու։ ­Ներ­կա­յաց­ման նա­խա­բա­նը կա­տա­րեց յոյն հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան ­Խա­րիս ­Ռո­մաս։
Իւ­րա­յա­տուկ այս ներ­կա­յա­ցու­մը մե­նա­խօ­սու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան, մե­ներ­գի ու պա­րի ամ­բող­ջա­կան ձե­ւա­ւո­րում մըն էր, որ կը ներ­կա­յաց­նէր Զ­միւռ­նիոյ բար­գա­ւաճ տա­րի­նե­րու կեան­քը, ժո­ղո­վուր­դի ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան բար­քե­րը, յոյն եւ հայ բնակ­չու­թեան հա­մա­կե­ցու­թիւնն ու ջերմ կա­պե­րը, քա­ղա­քի ա­ռօ­րեան՝ իր ըն­կե­րա­յին, սի­րա­յին, ա­ռեւտ­րա­կան ե­րես­նե­րով, եր­կու խօս­քով՝ Ա­րե­ւել­քի եր­բեմ­նի ա­մէ­նէն բար­գա­ւաճ ու եւ­րո­պա­կան կեն­ցա­ղին մօտ ե­ղած՝ փայ­լող քա­ղա­քի կեան­քը։
­Ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին, ըն­թեր­ցում­նե­րը կա­տա­րո­ղին կող­մէ քա­նիցս ակ­նարկ ե­ղաւ հա­յե­րուն մա­սին, իսկ դե­րա­սան ­Մա­րիա­լե­նա ­Ռո­զա­քի իր մեղ­մա­նուշ ձայ­նով եւ հայ­կա­կան ո­ճի հա­րա­զա­տու­թեամբ եր­գեց «­Սա­րե­րի հո­վին մեռ­նեմ», «Կ­ռունկ» եւ «­Տը­լէ եա­ման» եր­գե­րը, բո­լոր ներ­կա­նե­րուն մօտ ստեղ­ծե­լով յու­զու­մի ա­լիք­ներ ու եր­կիւ­ղած պա­հեր։ ­Դե­րա­սա­նու­հի ­Քա­թե­րի­նա ­Լե­խո­ւի կող­մէ ըն­թեր­ցո­ւած բա­ժին­նե­րը, մա­նա­ւանդ թրքա­կան ներ­խուժ­ման ա­լիք­նե­րու նկա­րագ­րու­մը, հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ ու թա­ղա­մա­սի հրկի­զու­մը, ժո­ղո­վուր­դի խու­ճա­պա­հար նա­հան­ջը, թրքա­կան եա­թա­ղա­նի ջար­դը, օ­տար նա­ւա­տոր­մի­ղի ան­տար­բե­րու­թիւ­նը մէկ առ մէկ տո­ղան­ցե­ցին դե­րա­սա­նու­հիի մե­նա­խօ­սու­թեան ընդ­մէ­ջէն, բո­լոր հան­դի­սա­տես­նե­րու հո­գե­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ ստեղ­ծե­լով այս սար­սա­փազ­դու պատ­կեր­նե­րը, ո­րոնք յատ­կան­շե­ցին հա­զա­րա­մեայ քա­ղա­քակր­թու­թեան ան­կումն ու ան­հե­տա­ցու­մը։
Ե­րի­տա­սարդ մե­նա­կա­տար­նե­րու թա­տե­րա­խառն պա­րը, ա­նոնց ու­ժեղ կամ նրբա­հիւս շար­ժում­նե­րը հան­դի­սա­տե­սը պա­հե­ցին լա­րո­ւած վի­ճա­կի մէջ ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։
Ալ ի՜նչ գրել մեր սի­րե­լի ու տա­ղան­դա­ւոր ե­րա­ժիշտ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի յօ­րի­նած ե­րաժշ­տու­թեան մա­սին։ ­Միհ­րան ե­րի­տա­սարդ ե­րա­ժիշտ մըն է, որ կա­նու­խէն ծա­ւա­լեց իր տա­ղան­դը ու այ­սօր ար­դէն նո­ւա­ճած է հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րու շարք մը։ Օ­րո­ւան ե­լոյ­թի ե­րաժշ­տա­կան շղար­շը հայ­կա­կան, յու­նա­կան եւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան խճան­կար մըն էր, որ ճկուն հիւ­սո­ւած­քով մէ­կը միւ­սին կը յա­ջոր­դէր։ ­Մերթ մեղ­մա­նուշ, մերթ ուժ­գին ա­լիք­նե­րով հան­դի­սա­տե­սը կը տա­նէր մին­չեւ Զ­միւռ­նիոյ քա­րա­փը, ան­կէ զայն ա­ռաջ­նոր­դե­լով դէ­պի քա­ղա­քի թա­ղա­մա­սե­րը, միա­խառ­նե­լով բնա­կիչ­նե­րուն հետ, ա­նոնց տու­նե­րուն մուտ­քը բա­նա­լով, պա­տու­հան­նե­րու վա­րա­գոյ­րը քա­շե­լով, ճամ­բա­նե­րուն վրայ՝ հոն ուր հա­յու եւ յոյ­նի լե­զուն կ­՚ըլ­լա­յին մէկ հնչիւն, մէկ ձայն, ի­րենց գու­նա­գեղ ե­րանգ­նե­րով ու հա­րա­զա­տու­թեամբ։
Ն­ման ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մէջ, ե­րաժշ­տա­կան բա­ժի­նը իր ա­մե­նա­կա­րե­ւոր դերն ու տե­ղը ու­նի։ ­Կը մնայ, որ յօ­րի­նո­ւած մե­ղե­դի­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ կա­պո­ւին խօս­քին ու շար­ժու­մին հետ, հա­րա­զա­տօ­րէն տա­լու հա­մար պատ­րաս­տո­ւած կտո­րի էու­թիւնն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ի­մաս­տը։ ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեան կա­րո­ղա­ցաւ նո­ւա­ճել այդ աս­տի­ճա­նը, ստեղ­ծել այն­պի­սի մե­ղե­դի­ներ, ո­րոնց ունկնդ­րու­թիւ­նը հո­գիի հա­ճո­յու­թիւն, բայց եւ զարթ­նում կը պատ­ճա­ռէին ներ­կա­յաց­ման տար­բեր բա­ժին­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեան ըն­թաց­քին։
­Բո­լոր այն հայ­րե­նա­կից­նե­րը, բայց մա­նա­ւանդ յոյն մեծ բազ­մու­թիւ­նը, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան թատ­րո­նէն ներս, շա­րու­նա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով եւ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով գնա­հա­տե­ցին դե­րա­կա­տար­նե­րու աշ­խա­տան­քը։
­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի 100-ա­մեայ հանգ­րո­ւա­նին, ներ­կա­յա­ցո­ւած ե­լոյ­թը խօ­սե­ցաւ հան­դի­սա­տե­սի սիր­տին, որ­պէս հա­րա­զատ, սա­կայն այ­լեւս ան­հե­տա­ցած աշ­խար­հի մը յե­տա­դարձ վեր­յի­շում, վե­րապ­րում…։
­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը, մա­նա­ւանդ մեր հայ­րե­նա­կից ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նը, մաղ­թե­լով, որ իր ե­րաժշ­տա­կան ճա­նա­պար­հը մնայ ծաղ­կուն, հայ ե­րաժշ­տա­կան գան­ձե­րու հա­րա­զա­տու­թեան մէջ, միշտ նո­ւա­ճե­լով ա­ւե­լի բարձր պա­տո­ւան­դան­ներ։

Ք.Է.