Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024
ՍՈՒՐԲ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑՈՒՄԸ
ՀԱՄԱՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նախագահութեամբ Սրբազան Պապի Նուիրակին եւ մասնակցութեամբ Յունաստանի Հայ Յարանուանութեանց պետերուն եւ Աթէնքի Լատին եւ Կաթողիկէ Յունածէս եկեղեցիկերու հովուապետերուն։
Առաւօտեան ժամը 11-ին, Գոքինիա։ Առաջին հանգրուանին՝ արարողութեան սկիզբը տեղի կ’ունենայ Գոքինիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ապա թափօր կը կազմուի դէպի Սուրբ Յակոբ Առաքելական եկեղեցի եւ արարողութիւն, յետոյ թափօրը կը շարունակուի մինչեւ Ս. Թերեզայի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, ուր պիտի ունենայ Ջուրի օրհնութիւն եւ Սուրբ Պատարագ։
Աւարտին, շնորհաւորութիւններ եկեղեցւոյ «Զօհրապեան» սրահին մէջ։
Ուղղակի հետեւելու համար Դիմատետրի էջէն՝ Hovsep Bezazian
***
Երեքշաբթի, 31 Դեկտեմբեր 2024 — Երեկոյեան ժամը 7։30-ին երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան առջեւ, ապա գոհաբանական Ս. Պատարագ, Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Չորեքշաբթի 1 Յունուար 2025
ՏՕՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՄԱՇԽԱՐԱՀԻՆ ՕՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ
Առաւօտեան ժամը 10։30-ին Սուրբ Պատարագ Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամը 13։00-ին տօնական բարեսիրական ճաշ անօթեւան եղբայրներուն համար, «Գոյունեան» սրահին մէջ։ Կաղանդ Պապային կողմէ նուէրներու բաշխում բոլոր մասնակցողներուն։
Անոնք որոնք կը փափաքին նուիրատուութիւն կատարել՝ պատրաստ ճաշով կամ իրենց նիւթական նուէրը ձգելով, կրնան դիմել եկեղեցւոյ քարտուղարութեան։
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025 — ՏՕՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ – ՋՐՕՐՀՆԷՔ
Առաւօտեան ժամը 10։30-ին ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ, ապա Սուրբ Մկրտութեան արաարողութիւն եւ Ջրօրհնէք Նէոս Գոզմոսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Երեքշաբթի, 7 Յունուար 2025 — ՕՐ ՄԵՌԵԼՈՑ
Առաւօտեան ժամը 11։00-ին Սուրբ Պատարագ եւ hոգեհանգիստ, Գոքինիոյ Սրբուհի Թերեզայի եկեղեցւոյ մէջ։
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան