Արեւելեան Միջերկրականի, յատկապէս Կրետէ կղզիի հարաւային ծովային շրջանին մէջ, Յուլիս 13ին, ծրագրուած է ֆրանսական TOTAL հսկայ ընկերութեան հետազօտութիւններու եւ հորատման աշխատանքներու սկզնաւորումը:
Կրետէի եւ Կիպրոսի ԱՕԶ Բացառիկ Տնտեսական Գօտիի ծովային շրջաններուն մէջ ծրագրուած աշխատանքներու հարցը, ուղղակիօրէն, առնչուած է թրքական սպառնալիքներուն հետ՝ այն ուղղութեամբ, որ Թուրքիա չ’ուզեր դուրս մնալ բնական կազի մեծ պաշարներու յայտնաբերման եւ օգտագործման հարցէն:
Եւրոպայի համար այս ծրագիրին կարեւորութիւնը կը կայանայ՝ Ռուսաստանէն բնական կազի կախուածութիւնը նուազեցնելու նպատակին մէջ:
Փորձագէտներու կարծիքներուն համաձայն՝ TOTALի հորատման աշխատանքները նոյնքան կարեւոր են, որքան Եգիպտոսի Զօր դաշտի հսկայական հանքը, որուն կցուած է կիպրական ԱՕԶը:
Ինչպէս որ անցեալ Յունուարին արդէն ընդգծած էին տուեալ բնագաւառի ամերիկացի մասնագէտները՝ Զօրի հանքերը նոր պայմաններ ստեղծեցին տարածաշրջանէն ներս, ստիպելով իտալական եւ ֆրանսական մեծ ընկերութիւններուն վերանայելու ծովային ընդարձակ տարածաշրջանի հանքերը:
Եթէ յաջող արդիւնքներու յանգի Յուլիսին ծրագրուած Կիպրոսի հորատման աշխատանքը, անմիջական առիթը պիտի ստեղծէ, որպէսզի աշխատանքներ ձեռնարկուին Կրետէի հանքերու շրջանէն ներս:
Թրքական սպառնալիքները
Արեւելեան Միջերկրականի մէջ ուժանիւթի տենդը արդէն շատոնց բարձրացուցած է ջերմաստիճանը եւ լարուածութիւն ստեղծած է Անգարայի ու Նիկոսիոյ միջեւ: Անգարա կÿամբաստանէ Նիկոսիան, թէ կը փորձէ Կիպրոսի թուրքերուն պատկանող հարստութիւնը գրաւել եւ ծայրայեղ հռետորաբանութիւն ու սադրիչ շարժումներ կատարելով (զօրավարժութիւններ, հետազօտական «Բարբարոս» նաւու շրջագայութիւններ) «պատերազմական» կլիմայ ստեղծել:
Զուիցերիոյ մէջ Մ.Ա.Կ.ի բանակցութիւններուն ձախողումը եւ Անգարայի ու Աթէնքի մէջ միջնորդական առաքելութեամբ գործող Էսփէթ Պաթ Էյնտէի ապարդիւն ճիգերը բարացուցական են՝ հետզհետէ դժուարացող մտահոգութիւնները շեշտելու առումով:
Մ.Ա.Կ.ի քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէս, բանակցութիւնները վերսկսելու ճիգ մը կատարելով, Նիւ Եորքի մէջ ընթրիքի հրաւիրեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսը եւ գրաւեալ Կիպրոսի ղեկավարը: Այսուհանդերձ՝ ակնկալիքները շատ ցած կը մնան, քանի որ տարբերութիւնները կը յամենան: