Սուրիան եղած է միջազգային ռազմական եւ քաղաքական տարաբնոյթ դաւադրութիւններու կեդրոն 2011ի «քաղաքացիական պատերազմ»ի սկիզբէն ի վեր:
Զանազան հակամարտող կողմերէն են Հըզպալլան, Իրանը, «Իսլամական Պետութիւն»ը (ԻԼԻՊ), Իսրայէլը, Յորդանանը, քիւրտ զինեալները, Լիբանանը, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, այլազան ահաբեկիչներ աշխարհի չորս կողմէն, Սուրիան, սուրիական ընդդիմադիր խումբերը, Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕի այլ պետութիւններ:
Վերջին չարագուշակ զարգացումը թրքական ներխուժումն էր Սուրիոյ սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաքը, որ գրաւուած էր ԻԼԻՊի կողմէ: Սակայն, հակառակ թրքական ծանուցումին, Թուրքիոյ զինուժը Սուրիա չէր ներխուժած ԻԼԻՊը դուրս մղելու համար, իսկ ամերիկեան ռազմաօդային ուժերը Ճարապլուսի վրայ ռումբեր չեն նետած թրքական զօրքերուն յառաջխաղացումը ապահովելու համար` ըստ Գոլոմպիայի համալսարանի մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան ուսումնարանի խաղաղաշինութեան եւ իրաւունքներու ծրագիրի ղեկավար Տէյվիտ Ֆիլիփսի: Ֆիլիփս, իբրեւ աւագ խորհրդականի եւ արտաքին հարցերով մասնագէտի, աշխատած է Ա.Մ.Ն. պետական բաժանմունքին մէջ՝ նախագահներ Քլինթընի, Պուշի եւ Օպամայի պաշտօնավարութեան ժամանակ:
Թուրքիոյ իսկական ծրագիրներն էին կանխել Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հատուածին YPGի («Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ») քիւրտ զինեալներու հետագայ յառաջխաղացումը, որոնք Միացեալ Նահանգներու ամենավստահելի ռազմական դաշնակիցներն էին ԻԼԻՊի դէմ պայքարին ժամանակ, մինչդեռ Էրտողանը անոնց կ՝անուանէ YPGի «ահաբեկիչներ»:
Ֆիլիփսը Huffington Postի իր յօդուածին մէջ բացայայտած է, որ «թրքական աջակցութիւն վայելող իսլամականները երբեք չեն բախած ԻԼԻՊի հետ, այսպէս կոչուած՝ Ճարապլուսի համար մղուող մարտին: Ներխուժումէն առաջ, Անգարան գործարքի մէջ մտած է «Իսլամական Պետութեան» հետ: Դիմադրելու փոխարէն՝ ԻԼԻՊի զինուած ուժերը պարզապէս փոխած են իրենց հանդերձանքը «սուրիական ազատ բանակ»ի (FSA) համազգեստով: Ճարապլուսը ԻԼԻՊէն «ազատագրուեցաւ» գրեթէ առանց կրակոցի»: ԻԼԻՊը, նախքան թրքական ուժերու ներխուժումը, Ճարապլուսէն տարհանած էր բոլոր քաղաքացիները, որովհետեւ չէր ուզեր, որ «խաղաղ բնակիչները ճանչնային FSAի անդամներու հանդերձանքով ԻԼԻՊի աշխոյժ զինեալները»,- գրած է Ֆիլիփս:
«Զարմանալի չէ, որ Էրտողանը եւ ԻԼԻՊը գործարք կնքած են: ԻԼԻՊը եւ Էրտողանի Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը գաղափարակից են»,- կը պնդէ Ֆիլիփս, քանի որ երկուքն ալ «Իսլամ Եղբայրներ» կազմակերպութեան ճիւղերն են: Չնայած պաշտօնական հերքումներուն` մեծ թիւով ապացոյցներ կան, որ Թուրքիան 2014 թուականէն ի վեր զէնք եւ դրամական ու կազմակերպչական աջակցութիւն տրամադրած է իսլամականներուն Սուրիոյ մէջ: Թուրքիան նաեւ նիւթապէս ապահոված է «Իսլամական Պետութիւն»ը` փոխադրելով անոր քարիւղը եւ զայն վաճառելով միջազգային շուկային մէջ: Ամէն ամիս մօտ 500 իսլամական զինեալներ կը շարունակեն Թուրքիայէն տարանցիկ ճանապարհով փոխադրուիլ Սուրիա»:
Թուրք ղեկավարները ամէնեւին չեն թաքցներ իրենց իրական նպատակը: Էրտողանը յայտարարած է, որ կը ձգտի հետապնդելու YPGին եւ «մեր երկրին սպառնացող ահաբեկչական խումբերուն»: Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խոստացած է, որ Անգարան պիտի ընէ «անհրաժեշտ ամէն ինչ», որպէսզի քիւրտ զինեալները հեռու պահէ Թուրքիոյ սահմաններէն:
Ուաշինկթընը գոհ չէ Թուրքիոյ սխալ ուղղութեամբ ընթացող ռազմական գործողութիւններէն Սուրիոյ հիւսիսը: Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատար Պրետ Մագկըրգ ըսած է CNNին.- «Թուրքերուն երբեք չէ հետաքրքրած Ճարապլուսը` մինչեւ քիւրտերը ուզեցին հասնիլ այնտեղ»: Թրքական յարձակումները քիւրտերու վրայ Մագկըրգ անուանած է «անընդունելի եւ խոր մտահոգութեան աղբիւր» Միացեալ Նահանգներու համար:
Veterans Todayի խմբագիրը եւս խստօրէն քննադատած է թրքական ներխուժումը Սուրիա, ինչպէս արտացոլուած է անոր ծաղրական բացատրութեան մէջ. «Թրքական զօրքերը, որոնք տարիներ շարունակ եղած են Սուրիոյ մէջ ԻԼԻՊի հանդերձանքով, պարզապէս գացած էին տուն` Թուրքիա, լաւ լոգցած, սափրուած, հագած իրենց թրքական համազգեստը, ապա՝ վերադարձած Սուրիա»:
Սուրիացի զինեալ Սաատէտտին Սոմաան, որ միացած էր թրքական ներխուժման Սուրիոյ մէջ, իր հիասթափութիւնը արտայայտած է «Նիւ Եորք Թայմզ»ին` ԻԼԻՊի եւ Սուրիոյ կառավարութեան փոխարէն քիւրտերու դէմ պայքարին մէջ մոլորութեամբ ներքաշուելու համար: «Բոլորը կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, այլ ոչ թէ Սուրիոյ»,- դժգոհած է Սոմաան:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի յօդուածին մէջ կ՝ընդգծուի, որ ապստամբ խումբերը ներքին պայքարներու պատճառով «կրնան ուժեղ քննադատութեան ենթարկուիլ, որ անոնք, լաւագոյն պարագային թրքական կամ ամերիկեան գործակալներ են, իսկ վատագոյն պարագային` ԻԼԻՊի դաշնակիցներ»: Բացի այդ, «Թուրքիոյ օդային հարուածներէն սպաննուած էին 35 խաղաղ բնակիչներ քիւրտ զինեալներու հսկողութեան տակ գտնուող գիւղերու մէջ: Իսկ համացանցի վրայ տեղադրուած տեսահոլովակէն կ՝երեւէր, թէ ինչպէս ապստամբները ոտքերով կը հարուածէին քրտական զինեալներու բանտարկեալները»: Որոշ զինեալներ, որոնք ուղեկցած էին թրքական զօրքերուն Սուրիա ներխուժման ժամանակ, ինչպէս Նուրըտտին ալ-Զինքի անդամները, «մեղադրուեցան «Ալ-Քա՛իտա»ի հետ առնչութիւն ունեցող խումբերուն հետ կապեր ունենալուն մէջ եւ խստօրէն դատապարտուեցան, երբ խումբ մը զինեալներ տեսագրած էին իրենց կողմէն երիտասարդ բանտարկեալի գլխատումը…. Իրենց մասնակցութիւնը Ճարապլուսի գործողութեան կը վկայէ, որ անոնք բոլորովին չէին մեկուսացուեր, առնուազն Թուրքիոյ կողմէ»:
Տէյվիտ Ֆիլիփս եզրափակած է Huffington Postի իր մերկացնող յօդուածը՝ չարագուշակ կանխատեսումով. «Սուրիան պիտի ըլլայ Էրտողանի Ուաթըրլուն: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք չէ ինքզինք շղթայէ Թուրքիոյ խորտակուող նաւուն»: