Մայիս 31ի երեկոյեան հակառակորդը կրակ բացած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնած է Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Իր խօսքերուն համաձայն՝ կրակոցներ եղած են նաեւ սահմանամերձ այլ գիւղերու ուղղութեամբ: