Փետրուար 1ին, ժամը 15։00ին, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ, թշնամին՝ օգտագործելով եղանակային մառախլապատ պայմանները, ձեռնարկած է հետախուզական թափանցման փորձի:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Լ.Ղ.Հ. Պ.Ն. մամուլի ծառայութենէն, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերը, ժամանակին հաւաստանշելով ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու յառաջխաղացումը, դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու եւ, կորուստներ պատճառելով, ետ շպրտած են զանոնք: Կազմակերպուած գործողութեան արդիւնքով` առաջնագիծը պաշտպանող հայկական ուժերը յաջողոած են գերի բռնել ատրպէյճանական բանակի զինծառայող, 1995 թուականի Պարտա քաղաքին մէջ ծնած Էլնուր Հիւսէին Զատէն:
Ըստ հաւաստի տուեալներու` հակառակորդը տուած է նաեւ առնուազն 1 վիրաւոր, որ պաշտօնապէս հաստատուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած հաղորդագրութեամբ մը:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները, սահմանագիծի ամբողջ երկայնքով, կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ պատրաստ են չէզոքացնելու որեւէ նախայարձակ գործողութիւն:
Թշնամիին թափանցման փորձ
Թշնամիին թափանցման փորձը Թալիշի ուղղութեամբ ձախողած է. գերի բռնուած է ատրպէյճանցի զինուոր մը