Շաբաթ՝ 2 Դեկտեմբեր 2017ի կէսօրուան ժամը 1։00ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ. Գթ. Խ.ի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեան տակ գտնուող ու անոր մշտական հոգածութեան առարկայ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ վարժարանի աշնանային հանդէսը, ներկայութեամբ՝ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեանի, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ.Գ.Խ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Նուէր Տէրէյեանի, վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Զապէլ Գալֆայեանի, վարժարանի ուսուցչուհիներուն, ծնողներուն, բարեկամներուն եւ մեր թանկագին աշակերտներուն։
Վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Գալֆայեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, որ մշտական կերպով կը քաջալերեն դպրոցի անձնուէր ու նուիրական ծառայութիւնը։
Հանդէսը ներկայ հանդիսատեսներուն կը ներկայանար «Ոսկիէ աշունը» խորագիրով ծրագիրով, ուր վարժարանի Երկրորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիներուն կողմէ կատարուեցան արտասանութիւններ, երգեր, հայկական աւանդական պարեր ու, բնականաբար, սրտի խօսքեր։
Սրահը կենդանի կերպով զարդարուած էր աշնանային գեղեցիկ գոյներով, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտահայ գրականութենէն դէմքերու պատկերներով, որոնք ներկաներուն մօտ յուզմունք առաջացուցին, մանաւանդ երբ մատղաշ սերունդին կողմէ լսուեցան մայրենի քընքոյշ լեզուով ու անոնց անմեղ շուրթներէն բխած ոտանաւորները։ Հանդէսը աւելի ճոխացաւ, երբ վարժարանի ամենափոքր աշակերտներուն կողմէ տեղի ունեցաւ հայկական պարի ներկայացում, որու ընթացքին ներկաները ծափողջոյններով քաջալերեցին փոքրերուն։
Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, որ բարձրօրէն գնահատեց օրուան ներկայացման պատկերը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Հ. Գթ. Խ.ի Շրջանային Վարչութեան, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն ու մանաւանդ աշակերտներուն տարած աշխատանքը եւ քաջալեր հանդիսացաւ՝ նոյն թափով շարունակելու եւ աւելի լաւին ձգտելու հրամայական կոչով մը։
Յայտնենք, որ վարժարանը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ իր դռները կը փակէ Շաբաթ՝ 16 Դեկտեմբեր 2017ին եւ կը վերսկսի Շաբաթ՝ 13 Յունուար 2018ին։
«ԲԱՐԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ, ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ»
Թղթակից