Կազմակերպութեամբ Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Շաբաթ՝ 9 եւ Կիրակի՝ 10 Դեկտեմբեր 2017ին, նախագահութեամբ թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Գոմոթինիի մէջ տեղի ունեցան եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնախմբութիւնները՝ զուգադիպութեամբ Ս. Յակոբի տօնին։ Առ այդ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը կազմակերպեց ուխտագնացութիւն-պտոյտ մը դէպի Գոմոթինի՝ մասնակցելու վերոյիշեալ տօնախմբութեանց։
Շաբաթ՝ 9 Դեկտեմբերի կէսօրէ ետք ժամը 3։00ին, գլխաւորութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, աւելի քան 30 թեսաղոնիկահայ ծխականներ, հանրակառքով ուղղուեցան դէպի Գոմոթինի եւ նոյն օրն իսկ երեկոյեան մասնակցեցան կազմակերպուած ընթրիքին։ Նշենք, որ Թեսաղոնիկէի ուխտաւոր ծխականները գիշերեցին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Kiridis» պանդոկին մէջ։
Յաջորդ օր, Կիրակի՝ 10 Դեկտեմբերին, անոնք մասնակցեցան հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ապա Հ.Գ.Խ.ի Գոմոթինիի «Էրեբունի» մասնաճիւղին կազմակերպած պազարին եւ վերջապէս պաշտօնական ճաշկերոյթին՝ «Chris & Eve» պանդոկի սրահէն ներս։
Ուխտաւորները վերադարձան Թեսաղոնիկէ Կիրակի երեկոյեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ