«­Գա­ւաթ մը սուրճ՝ բա­րի նպա­տա­կի հա­մար» եւ Հ.Գ.Խ.ի
Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի գա­թա­յի կտրու­մը

­Կի­րա­կի՝ 9 ­Փետ­րո­ւար 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րագ, ներ­կա­յու­թեամբ տեղ­ւոյն միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ խուռ­նե­րամ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ բազ­մու­թեան։
Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ քա­րո­զեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան։ Ա­պա, ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ «գա­ւաթ մը սուրճ՝ բա­րի նպա­տա­կի հա­մար» եւ գա­թա­յի կտրում՝ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ։
­Վար­չու­թեան ա­տե­նադպ­րու­հի՝ ընկ. Ա­նոյշ ­Բա­բո­յեան իր սրտի խօս­քով բո­լո­րին մաղ­թեց լաւ տա­րի մը, յա­ջո­ղու­թեամբ, ա­ռող­ջու­թեամբ եւ փա­փաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մով։ Ե­րեք գա­թա­ներ կա­յին, հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ ե­րեք նո­ւէր­ներ։ ­Մե­տա­ղադ­րամ­նե­րը յայտ­նո­ւե­ցան տիկ. ­Ռու­զան­նա ­Զա­քա­րեա­նի, տիկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Խա­րա­լամ­պի­տիի եւ ե­րի­տա­սարդ ­Յա­րութ ­Պօ­ղո­սեա­նի մօտ եւ ա­նոնք ստա­ցան գե­ղե­ցիկ եւ յի­շա­տա­կե­լի նո­ւէր­ներ։

«Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րը կ’այ­ցե­լեն «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցի

­Հինգ­շաբ­թի՝ 13 ­Փետ­րո­ւար 2020ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղե­ցի այ­ցե­լե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հա­մալ­սա­րա­նի աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ճիւ­ղի ա­ւե­լի քան 75 ու­սա­նող­ներ, ի­րենց հո­գե­ւո­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան ու­սու­ցիչ­նե­րով, ուր ի­րենց հա­մար մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս.­ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց՝ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սին։
Ս. պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, հայր սուր­բը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ ա­պա տե­ղի ու­նե­ցան ե­կե­ղե­ցա­կան, ծի­սա­կան, դա­ւա­նա­բա­նա­կան, աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան եւ այլ տե­սա­կի հարց-պա­տաս­խան­ներ եւ հոգշ. հայր սուր­բը հա­յե­րէն լե­զո­ւով սպա­ռիչ կեր­պով պա­տաս­խա­նեց։ ­Յու­նա­րէն լե­զո­ւով թարգ­մա­նու­թիւ­նը ­Թո­նի ­Գա­սե­մեան։ Ա­ւար­տին, հայր սուր­բը անդրա­դար­ձաւ յոյն եւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու փոխ-յա­րա­բե­րու­թեան ընդ­լայ­ման եւ ա­ռա­ւել սեր­տաց­ման մա­սին եւ կոչ ուղ­ղեց յատ­կա­պէս ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ էին, որ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հը ու մա­նա­ւանդ աշ­խար­հի վրայ գտնո­ւող քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, Ք­րիս­տո­սի մե՜ծ սի­րով շա­րու­նա­կեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի պայ­ծա­ռու­թիւն եւ յան­սա­սա­նու­թիւն բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու բար­գա­ւաճ­ման ի խնդիր եւ ի մաս­նա­ւո­րի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղովր­դեան։
Ա­ւար­տին, յի­շա­տա­կի խմբա­յին նկար մը առ­նուե­ցաւ։ ­Յար­գար­ժան հիւ­րե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու գո­հու­նակ սրտով ու մա­նա­ւանդ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ու շնոր­հա­կա­լու­թեամբ վե­րա­դար­ձան հա­մալ­սա­րան։

Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Լ. ­Շանթ» խում­բի դի­մա­կա­հան­դէ­սը

­Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նին ա­ռի­թով, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Լ. ­Շանթ» խում­բին, Ուր­բաթ՝ 21 ­Փետ­րո­ւար 2020ի յետ­մի­ջօ­րէին, «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ դի­մա­կա­հան­դէս, ներ­կա­յու­թեամբ ա­ւե­լի քան 20 պա­տա­նի­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց ծնող­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն։
Ս­րա­հէն ներս տի­րեց մեծ ու­րա­խու­թիւն, երբ պա­տա­նի­նե­րը ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ դի­մա­կա­ւո­րո­ւած, միաս­նա­կան ո­գիով, պա­րե­րով, եր­գե­րով ու զա­նա­զան տե­սա­կի խա­ղե­րով ան­ցու­ցին օ­րո­ւան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նար­կը։
Ա­ւար­տին, առ­նո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կե­լի խմբան­կար մը եւ ներ­կա­նե­րը գո­հու­նակ սրտով մեկ­նե­ցան ի­րենց տու­նե­րը։

­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը մեծ հան­դի­սու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ

­Հինգ­շաբ­թի՝ 13 ­Փետ­րո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի նա­խա­տօ­նա­կի ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս դպ­րաց դա­սուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հոծ բազ­մու­թեան։
­Մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի քա­ռաս­նօ­րեայ տա­ճար ըն­ծայ­ման տօ­նին ա­ռի­թով, նա­խա­տօ­նա­կի ա­ւար­տին շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կա­տա­րեց նաեւ մա­նուկ­նե­րու ըն­ծա­յու­մը Ս. խո­րա­նին «Ք­րիս­տոս ­Փա­ռաց ­Թա­գա­ւոր» տա­ղին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռանձ­նա­պէս ո­գե­ւո­րիչ էր՝ հե­տե­ւե­լով մեր կո­չին, բազ­մա­թիւ ծնող­ներ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը բե­րած էին, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­ւա­տա­ցեալ, թէ՛ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ թէ շրջա­բա­կին մէջ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցան մեր այս գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թեանց ու սո­վո­րու­թեանց պահ­պան­ման ի խնդիր։
­Հայր սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­տո­ւա­ծին՝ Ք­րիս­տո­սի քա­ռաս­նօ­րեայ տա­ճար ըն­ծա­յու­մին։ Իր խօս­քին մէջ, ան ը­սաւ. «Որ­պէս ծնող­ներ, պար­տա­ւո­րու­թիւն ու պար­տա­կա­նու­թիւն ու­նիք ­Ձեր զա­ւակ­նե­րը ու­ղար­կե­լու ե­կե­ղե­ցի, որ­պէս­զի ա­նոնք կա­մաց-կա­մաց գիտ­նան մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սո­վո­րու­թիւն­ներն ու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, սոր­վի՛ն, մտա­ծե՛ն, խօ­սի՛ն, վկա­յե՛ն ու մա­նա­ւանդ ի­րենք ալ ի­րենց կար­գին, ի­րենց յա­ջորդ­նե­րուն փո­խան­ցեն։ Այս տօ­նը մե­զի պատ­գամ մը կու տայ, եւ այդ պատ­գա­մը կը թե­լադ­րէ մեր զա­ւակ­նե­րը նո­ւի­րել ազ­գին, ըն­ծա­յել ե­կե­ղեց­ւոյ, որ­պէս­զի ա­նոնք մեծ­նան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րով ու ազ­գա­յին վառ ապ­րում­նե­րով»։
Ա­պա, հայր սուր­բը Ս. խո­րա­նին վրայ զե­տե­ղո­ւած Ք­րիս­տո­սի մո­մէն վա­ռեց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տեա­նը դրուած ե­րեք մո­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն մո­մե­րը, որ­պէս խորհր­դա­նիշ Ս. Եր­րոր­դու­թեան եւ որ­պէս Ք­րիս­տո­սի լոյս՝ տա­րա­ծե­լու հա­մայն աշ­խար­հին։ ­Նա­խա­տօ­նա­կի ըն­թաց­քին, տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին ան­դաս­տա­նի գե­ղե­ցիկ ու զմայ­լիչ ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ օրհ­նե­լով աշ­խար­հի չորս կող­մե­րը։
Ա­պա, «Ու­րախ ­Լեր…» շա­րա­կա­նով թա­փօր կազ­մած՝ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ վա­ռե­ցաւ ա­ւան­դա­կան կրա­կը։ ­Հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ որ­պէս զո­ւար­ճանք ցատ­կե­ցին կրա­կին վրա­յէն եւ ի­րենց հետ առ­նե­լով Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը, տա­րին ի­րենց տու­նե­րը՝ որ­պէս օրհ­նու­թիւն։ ­Ներ­կա­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­գո­ւե­ցան Հ.Հ. քայ­լերգն ու «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը։
­Հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, հոծ բազ­մու­թեան ներ­կա­յու­թեան, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը ճո­խաց­նե­լով յայ­տա­գիրն ու ներ­կա­նե­րուն ա­ռա­ւել եւս ե­ռանդ տա­լով, շուրջ­պա­րե­րով կրա­կին շուրջ՝ պա­րե­ցին եւ մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռե­ցին բո­լո­րին անխտիր։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ փոքր հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
­Պէտք է ը­սել, որ ­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի տօ­նը մեծ հան­դի­սու­թեամբ ու ժո­ղո­վուր­դի հոծ բազ­մու­թեան գնա­հա­տան­քի բարձր ար­ժա­նա­ցու­մով նշո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։

Ա­շա­կեր­տա­կան դի­մա­հան­դէս

­Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նին ա­ռի­թով, հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան եւ ի­րենց ծնող­նե­րուն, ­Շա­բաթ, 22 ­Փետ­րո­ւար 2020ի կէ­սօ­րո­ւան «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան դի­մա­հան­դէ­սը, որ կա­րե­լի է ը­սել, թէ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­ցաւ, նկա­տի ու­նե­նա­լով կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թիւնն ու ներ­կա­յու­թիւ­նը դպ­րո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան ու ծնող­նե­րուն։ ­Յայտ­նենք, որ ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մի, ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, ծնող­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեա­նը։
Սրա­հէն ներս տի­րեց մեծ ու­րա­խու­թիւն, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ դի­մա­կա­ւո­րուած, միաս­նա­կան ո­գիով, պա­րե­րով, եր­գե­րով ու զա­նա­զան տե­սա­կի խա­ղե­րով ան­ցու­ցին օ­րուան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նար­կը։
Բ­նա­կա­նա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րոնք պատ­րաս­տո­ւած էին դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին, ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն եւ բո­լոր կա­մա­ւոր­նե­րուն կող­մէ։ Ա­մե­նէն ու­րախ պա­հը յատ­կա­պէս ա­շա­կերտ­նե­րուն այն էր, որ յա­տուկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ վար­ձո­ւած էին՝ դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղե­րով զո­ւար­ճաց­նե­լու ա­նոնց։