­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին խօսքը դպրոցական վերամուտին առիթով

0
30

Ք­րիս­տո­նէա­կան ջերմ սի­րով եւ հայ­րա­կան վառ ապ­րում­նե­րով կ­՚ող­ջու­նենք Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դը, Ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը եւ ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը՝ 2026-2027 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ար­դա­րեւ, մար­դուն մէջ մար­դը տես­նե­լու «խո­րա­նը» ըն­տա­նիքն է իսկ «տա­ճա­րը»` դպրո­ցը։ ­Մե­զի հա­մար հայ ըն­տա­նի­քը եւ հայ դպրո­ցը զի­րար ամ­բող­ջաց­նող ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ են։ ­Մեր սպա­սումն է, որ թէ՛ հայ ըն­տա­նի­քը եւ թէ՛ հայ դպրո­ցը հայ մա­նու­կը դաս­տիա­րա­կե­լու ա­ռողջ եւ աժ­մէա­կան մի­ջա­վայ­րը դառ­նան։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կ­՚ը­սէ. «­Հայ դպրո­ցը իր հա­յա­բոյր մթնո­լոր­տով դար­ձած է այն մի­ջա­վայ­րը, ուր հա­յու­թիւ­նը կրցած է ա­նա­ղարտ պա­հել իր հո­գե­ւոր, մտա­ւոր, մշա­կու­թա­յին ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու ան­կորն­չե­լի գան­ձը»։ Այս նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ եւ տե­սիլ­քով պէտք է սկսինք կրթա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նը եւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մէջ սեր­մա­նենք մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը։ 2026-2027 տա­րեշր­ջա­նին կը լրա­նայ նաեւ մե­ծա­գոյն լե­զո­ւա­բան, հա­յա­գետ, գիտ­նա­կան Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի ծննդեան 150 ա­մեա­կը։ ­Մեր ակն­կա­լիքն է, որ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը Ա­ճա­ռեա­նի ո­գիին գի­տա­կից կա­րե­ւո­րեն հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նը։ Ինչ­պէս նաեւ կը սի­րենք յու­սալ, նոր Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեան­ներ տես­նել մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մէջ։
Օրհ­նեալ եւ բա­րի ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջան։

ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մին