Թրքական «Տիհապեր» լրատու աղբիւրը կը տեղեկացնէ, թէ 1922ի Սեպտեմբերին Իզմիրի (Զմիւռնիայի) քրիստոնեաներուն վրայ թուրք բանակի եւ ազգայնամոլներու յարձակումէն եւ մեծ հրդեհէն 95 տարի ետք, այսօր հայերը կը պատրաստուին Օգոստոս 14ին Իզմիրի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն մը կատարելու։
Յիշեցնենք, որ քաղաքը քրիստոնեաներէն պարպած նշեալ յարձակումին ընթացքին, հայապատկան բազմաթիւ շէնքեր ու եկեղեցիներ աւերակ դարձած էին։
Պատմաբան Կիզէն Քորտաթոս Սամիրա, որ պալքանեան եւ արեւմտեան Անատոլուի քաղաքներու մասին ուսումնասիրութիւններ կատարած է, այս մասին հետեւեալ բացատրութիւնները կու տայ. «19րդ եւ 20րդ դարերուն, արեւելեան Միջերկրականի շրջանի Իզմիր քաղաքը, որ կարեւոր նաւահանգիստ մը ունէր, բազմազգեան մշակոյթի եւ բնակչութեան կեդրոն էր։ Տեղացի թուրքերու կարգին, այնտեղ կ՛ապրէին յոյներ, հայեր եւ այլ ցեղեր։ Այնպէս որ այս քաղաքը բազմազգեան դրախտի մը հիմնաքարը կը հանդիսանար»։
Սամիրա կը յայտնէ, որ Զմիւռնիա քաղաքի հայերը թէեւ 1915ի տեղահանութեան չեն ենթարկուած, սակայն անոնք կարճ ժամանակ ետք պարպած են քաղաքը՝ հետզհետէ իրենց դէմ գործադրուած ճնշումներուն պատճառով։ Սամիրա այս մասին կ՛ըսէ.- «Կրօնական արարողութիւն կատարելու մեր այս ձեռնարկը կայսրութեան պարտէզին գոյները վերստին յիշելու ուղղութեամբ նախաքայլ մը պիտի ըլլայ։ 1922 թուականին պատահած մեծ հրդեհի աղէտէն ետք, հայերու կողմէ կատարուելիք արարողութիւնները այսօր շատ կարեւոր են։ Ականջ տանք մեր այն նախկին բնակիչներուն, որոնք բնակութիւն հաստատած էին այս քաղաքին մէջ եւ ահռելի հրդեհի մը հետեւանքով՝ լքեցին այս քաղաքը եւ հեռացան»։
Արարողութիւններուն պիտի մասնակցի Պոլսոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, «Ոսկեբերան» եկեղեցւոյ երգչախումբը եւ հայ համայնքէն անդամներ։
Զմիւռնիա
Զմիւռնիայի մէջ հայկական եկեղեցական առաջին արարողութիւնը՝ 95 տարի ետք