ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ — ­Հա­մազ­գա­յի­նի թղթա­կից

­Հա­մազ­գա­յի­նի թա­տե­րա­կան միա­ւո­րին կող­մէ «­Զար­թօնք»-ը ներ­կա­յա­ցաւ ­Փի­րէա­յի ա­րո­ւար­ձան­նե­րը, 24 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, Ա­յիա ­Սո­ֆիա­յի «­Սե­լե­փի­ցա­րի» պու­րա­կի «Ա­լե­քոս Խ­րի­սոս­թո­մի­տիս» բա­ցօ­դեայ թատ­րո­նի բե­մին վրայ։
­Մալ­խա­սի նշա­նա­ւոր վէ­պին թա­տե­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տան­քին երկ­րորդ յա­ջող ներ­կա­յա­ցումն էր։
­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» բազ­ման­դամ թա­տե­րա­խում­բը ար­ժա­նա­ցաւ բարձր գնա­հա­տան­քի ու յար­քան­քի`  հա­սա­րա­կու­թեան եւ ­Քե­րա­ցի­նի-Տրա­փե­ցո­նա ա­տե­նի հա­յա­շատ շրջան­նե­րու միա­ցեալ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ։ Ե­լոյ­թը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ տե­ղա­կան փա­ռա­տօ­նի ծի­րէն ներս։
­Մալ­խա­սի հա­մա­նուն վէ­պի վրայ հիմ­նո­ւած յու­նա­լե­զու ներ­կա­յա­ցու­մը, որ կը ցո­լաց­նէ ֆե­տա­յա­կան շար­ժու­մը, թա­տե­րա­կա­նա­ցո­ւած ­Կա­րա­պետ ­Գալ­ֆա­յեա­նի եւ թարգ­մա­նո­ւած ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի կող­մէ, կը ծա­ռա­յէր յա­տուկ նպա­տա­կի. ­Հայ դա­տի մներ­կա­յա­ցու­մը եւ մեր մշա­կոյ­թի ծա­նօ­թա­ցու­մը` յու­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան։
Ար­դէն, ա­ռա­ջին ե­լոյ­թէն ետք, 13 Ապ­րի­լին, յոյն թա­տե­րա­սէր­ներ մօ­տե­նա­լով մե­զի, խոս­տո­վա­նե­ցան, որ թա­տե­րա­խա­ղին շնոր­հիւ «ի­մա­ցան հա­յոց պատ­մու­թեան մա­սին»։ ­թա­տե­րա­կան կտո­րին մէջ կա­րե­լի է նկա­տել նաեւ հին յու­նա­կան թատ­րո­նի ե­րե­ւոյթ­ներ` «նա­խա­պատ­րաս­տում» եւ «ճա­նա­չում»։ ­Բա­ցօ­դեայ բե­մը կը պա­հան­ջէր տար­բեր տե­սա­կի բե­մադ­րու­թիւն մը։
­Գոր­ծը ան­գամ մը եւս յանձն ա­ռաւ բե­մադ­րիչ ­Յա­կոբ ­Պար­սա­մեան, հաս­նե­լով հիաս­քանչ ար­դիւն­քի։ ­Մաս­նա­ւոր բծախնդ­րու­թեամբ բե­մա­յար­դա­րու­մը ե­ղաւ շնոր­հիւ Ա­նա­յիս ­Գա­զան­ճեա­նի։ ­Բազ­մա­տե­սակ աշ­խա­տանք, յու­շա­րա­րու­թիւն եւ տա­րազ­նե­րու պատ­րաս­տու­թիւն ­Կիւ­լա Գ­րա­պա­ճա­քեա­նին կող­մէ։
­Պատ­մու­թիւ­նը կը սկսի 1904-ին, ­Թիֆ­լիս,  մե­ծա­հա­րուստ Ար­սէ­նեան­նե­րու տան մէջ։ Ո­ճա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թիւն` ­Սեր­գօ ­Մի­նա­սեան եւ ­Սա­րա ­Մի­սա­քեան։
­Վեր­ջինս` ­Լո­ւի­զա ­Պօ­ղո­սեա­նի հետ ստանձ­նե­ցին դե­րա­սան­նե­րու շպա­րու­մը (մա­գի­յաժ)։ Գլ­խա­ւոր դե­րե­րուն մէջ՝ Ն­շան ­Սա­ւու­լեան (­Վար­դան Ար­սէ­նեան), ­Մա­րօ ­Մա­թեան (­Սո­նիա ­Քար­փո­վիչ), ­Վա­կե­լիս ­Կե­քաս (­Մո­սօ) եւ ե­րի­տա­սար­դու­հի Ա­նա­յիս ­Բար­սե­ղեան (Եւ­գին Ար­սէ­նեան) դար­ձեալ ծա­ւա­լե­ցին ի­րենց տա­ղան­դը։ ­Կա­րօ Ա­ղա­պա­տեան` յա­ջո­ղու­թեամբ «նա­խա­գա­հեց» ֆե­տա­յի­նե­րու ժո­ղո­վին։ ժագ ­Տա­մա­տեան մարմ­նա­ւո­րեց  գոր­ծա­րար ­Քար­փո­վի­չի դե­րը։
Ա­պա` կը փո­խադ­րո­ւինք ­Վա­նի լեռ­նե­րուն վրայ, 1908 թո­ւա­կա­նին։ «­Զա­ւեշ­տա­լի ընդ­մի­ջում»էն ետք, ո­րը շնոր­հե­ցին ­Յա­կոբ Ա­րը­ճեան ու ­Խա­չիկ ­Սափ­րի­չեան, կը յա­ջոր­դէ շռնդա­լից վեր­ջը։ ­Յու­սադ­րիչ ե­րե­ւոյթ` տա­ղան­դա­ւոր պա­տա­նի «ֆե­տա­յի­նե­րու» ներ­կա­յու­թիւ­նը. Ալ­պեր ­Մար­տի­կեան, Ա­լեքս ­Բար­սե­ղեան, Ալ­քի­նօօս ­Մա­նիա­տա­քիս, ­Կա­րէն ­Խա­չե­րեան եւ ­Նի­քոս ­Ցի­ցիոս։ ­Բե­մէն վրայ իջ­նե­լէն ետք, հնչեց ի­րենց ինք­նա­բուխ խան­դա­վառ եր­գը` «­Պանք Օթ­թո­ման գրա­ւո­ւած է…»։ ­Զու­գա­հեռ` պատ­կե­րաս­րա­հի փար­թամ պաս­տա­ռին վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւէին պատ­կեր­ներ հա­յոց աշ­խար­հէն եւ դրո­ւագ­ներ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րէն, Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեա­նի ձայ­նին ներ­քոյ։
Ե­լոյ­թը զար­դա­րեց ե­րա­ժիշտ Ս­տե­փան ­Թէ­քի­րեա­նի մշա­կած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով եւ իր յօ­րի­նած ե­ղա­նա­կով։ Ամ­ֆիա­լիի «­Սե­լե­փի­ցա­րի» կա­նա­չա­պատ բլու­րը հան­դի­սա­ցաւ «­Զար­թօնք»ի շքեղ «ճամ­բոր­դու­թեան» վեր­ջին կան­գա­ռը։ ­Սա­կայն` ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեան» թա­տե­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը պատ­րաս­տա­կամ են ա­պա­գա­յի նո­ւա­ճում­նե­րու հա­մար։ ­Հայ­կա­կան նոր թա­տե­րա­կա­նի փոր­ձե­րը շու­տով կը սկսին…։