Մասնաւորապէս, կան կասկածներ, որ Ատրպէյճան 2013-ին մեծապէս ազդած է ԵԽԽՎ որոշման վրայ՝ կաշառքի գումար վճարելով
Ե.Խ.Խ.Վ. Եւրոպայի խորհուրդը սկսած է հետաքննութիւն՝ կապուած Ատըրպէյճանի մասնակցութեամբ Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին (Ե.Խ.Խ.Վ.) մէջ կաշառակերութեան մասին բարձրացած աղմուկին հետ: Ե.Խ.Խ.Վ. շարք մը պաշտօնեաներ կը մեղադրուին կաշառքի դիմաց Ատրպէյճանի օգտին որոշումներ կայացնելուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, վկայակոչելով BBCն:
Մասնաւորապէս կան կասկածներ, որ Ատրպէյճան 2013ին մեծապէս ազդած է Ե.Խ.Խ.Վ. որոշման վրայ. այդ ժամանակ կառոյցը քուէարկութեան արդիւնքով մերժած էր գերմանացի պատգամաւոր Քրիսթոֆ Շթրասէրի կողմէ ներկայացուած զեկոյցը, որ կը վերաբերէր Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն ու կոչ կ՛ընէր այդ երկրի իշխանութիւններուն ազատ արձակելու քաղաքական բանտար- կեալները: Համաձայն շրջանառուող լուրերուն՝ Ե.Խ.Խ.Վ. անդամներէն մէկուն՝ Լուքայ Վոլոնթէին վճարուած է աւելի քան 2,5 միլիոն տոլար, որպէսզի զեկոյցը չընդունուի:
Ե.Խ.Խ.Վ.ի մէջ կաշառակերութեան գործը պիտի հետաքննեն երեք յայտնի փաստաբաններ՝ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի նախկին նախագահ Նիքոլաս Պրաթցան (Միացեալ Թագաւորութիւն), հակաահաբեկչական հետաքննութեան գործին մէջ ֆրանսացի յայտնի դատաւոր Ժան Լուի Պրուկիերը (Ֆրանսա) եւ Մ.Ի.Ե.Դ նախկին դատաւոր Էլիզապեթ Ֆուրան (Շուէտ):
Հետաքննութեան արդիւնքները Եւրոպայի Խորհուրդը պիտի հրապարակէ 2017 թուականի վերջը: Ատըրպէյճան հերքած է ներկայացւած բոլոր մեղադրանքները:
Իրաւապաշտպան «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը 2016ի Դեկտեմբերին հրապարակած էր զեկոյց, ուր կատարած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով կային պնդումներ այն մասին, թէ Ե.Ա.Հ.Կ.ի խումբ մը անդամներ Ատրպէյճանի օգտին քաղաքական լոպպինկ իրականացուցած են՝ ատոր դիմաց ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ գումար ստանալով:
2017ի Մարտին Եւրոխուրուրդի գլխաւոր քարտուղար Թէորպէորն Եակլանտ Ե.Խ.Խ.Վ. նախագահ Փետրօ Ակրամունտէն պահանջած էր «անյապաղ կազմել անկախ հետաքննող յանձնաժողով»: Այս պահանջին կողմ արտայայտուած էին Ե.Խ.Խ.Վ. շատ պատգամաւորներ, որոնք ընդգծած էին, որ «լուրջ ու համոզիչ մեղադրանքները կը վնասեն վեհաժողովի համատարրութեան»: