Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թեան չոր­րորդ հա­մա­գու­մա­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 18էն 19 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Պ­րիւք­սէ­լի մէջ:
Այս հա­մա­գու­մա­րը Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծող ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­քին, պի­տի հա­մա­տե­ղէ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ, գիտ­նա­կան­ներ ու հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, զրու­ցե­լու եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու յան­գե­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դին դի­մագ­րա­ւած հիմ­նա­հար­ցե­րուն ներ­կայ զար­գա­ցում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նան ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ս. Էջ­միա­ծի­նի եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեանց բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նէն ներս Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-­Հա­յաս­տան եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-Ար­ցախ բա­րե­կա­մու­թեան խում­բե­րու նա­խա­գահ­նե­րը եւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ։