­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը ստա­ցաւ ե­պիս­կո­պո­սի աս­տի­ճան

Բա­ցա­ռիկ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ եւ շու­քով ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ ­­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բա­նու­թե­նէն ե­րեք ան­դամ­ներ՝ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ գերպ. Տ. ­­Սա­հակ Ծ. վրդ. Ե­մի­շեան, ­­Քո­ւէյ­թի եւ շրջա­կա­յից ­­Հա­յոց թե­մի կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ գերպ. Տ. ­­Պետ­րոս Ծ. վրդ. ­­Մա­նո­ւէ­լեան եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ գերպ. Տ. ­­Տա­ճատ Ծ. վրդ. Ա­շը­գեան, Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ, ­­Շա­բաթ 22 եւ ­­Կի­րա­կի, 23 ­­Փետ­րո­ւար 2025-ին, ստա­ցան ե­պիս­կո­պո­սա­կան աս­տի­ճան, ձե­ռամբ ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին։
­­Յու­նաս­տա­նի թե­մէն ներ­կայ ե­ղաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, ո­րուն մաս կը կազ­մէին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ ան­դամ­նե­րը, ­­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի Ազ­գա­յին ­­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դա­մը, Թեսաղոնիկէի եւ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւները եւ ուխ­տա­ւոր­ներ, ո­րոնք մօ­տէն հե­տե­ւե­ցան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ու շնոր­հա­ւո­րե­ցին ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մի նօ­րաօծ ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նը։

­­Հա­ւատ­քի խոս­տո­վա­նու­թիւն ու ուխ­տի ստո­րագ­րու­թիւ­ն

­­Շա­բաթ, 22 ­­Փետ­րո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րեք միա­բան­նե­րու հա­ւատ­քի խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թեամբ, ո­րուն նա­խա­գա­հեց ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մուտ­քի թա­փո­րին, հայ­րա­պե­տա­կան ամպ հո­վա­նին բռնե­ցին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան եւ Ազգ. կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ Ար­մէն ­­Տէ­րեան։
­­Խար­տա­ւի­լակ հայր սուր­բին՝ Տ. Ս­տե­փա­նոս Ծ. Վրդ. ­­Փա­շա­յեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ըն­ծա­յեալ­նե­րը ծնրա­դիր ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան դէ­պի ­­Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան խո­րան, ուր ­­Հայ­րա­պե­տը զա­նոնք հա­ւատ­քի քննու­թե­նէ ան­ցուց եւ իր հայ­րա­կան յոր­դոր­նե­րը տո­ւաւ ա­նոնց։ Ըն­թեր­ցո­ւե­ցան ­­Յու­նաս­տա­նի ու ­­Քո­ւէյ­թի եւ Շր­ջա­կա­յից թե­մե­րու ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան եւ ­­Կի­լի­կեան ուխ­տեալ միա­բա­նու­թեան կող­մէ տրո­ւած վկա­յա­գիր­ներն ու խնդրա­գիր­նե­րը։ ­­Նո­ւի­րեալ­նե­րը ծնկա­չոք ըն­թեր­ցե­ցին ի­րենց ուխ­տա­գիր­նե­րը եւ հրա­պա­րա­կաւ վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ ­­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պատ­մա­կան ու դա­րա­ւոր ­­Սուրբ Ա­թո­ռին, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց հնա­զան­դու­թիւ­նը՝ ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին եւ ծա­ռա­յա­կան հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ու մեր ժո­ղո­վուր­դին։
­­Հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը ե­պիս­կո­պո­սա­կան իշ­խա­նու­թեան խորհրդա­նիշ ե­մի­փո­րոն­ներ զգե­ցուց ա­նոնց։

­­Ձեռ­նադ­րու­թիւն եւ օ­ծում

­­Կի­րա­կի, 23 ­­Փետ­րո­ւար 2025-ին, Ա­րամ Ա. ­­Վե­հա­փառ ­­Հայ­րա­պե­տը մա­տու­ցեց սուրբ եւ ան­մահ ­­Պա­տա­րագ եւ կա­տա­րեց ե­պիս­կո­պո­սա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւնն ու օ­ծու­մը։
­­Հայ­րա­պե­տա­կան ամպ հո­վա­նին կրե­լու պա­տի­ւը ու­նե­ցան ­­Պերճ Աբ­գա­րեան, ­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, ­­Ռազ­միկ ­­Գա­րա­կիւ­լեան եւ Ար­սէն ­­Գալ­ֆա­յեան։ Ն­շենք, որ վեր­ջի­նը ե­ղաւ ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դի ե­պիս­կո­պո­սա­կան օծ­ման կնքա­հայ­րը։
Ս. պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­­Լի­բա­նա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան նա­խա­րար ու Ազ­գա­յին ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան ­­Քա­ղա­քա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ դոկտ. ­­Նո­րա ­­Պայ­րագ­տա­րեան, ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան ­­Վա­հագն Ա­թա­բէ­կեան, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան ­­Տես­փի­նա ­­Քու­քու­լո­փու­լու, հիւր հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ըն­ծա­յեալ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը, ազ­գա­կան­նե­րը, բա­րե­կամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
­­Վե­հա­փառ ­­Հայ­րա­պե­տը օ­ծեց ճա­կատն ու աջ ձեռ­քին բթա­մա­տը Տ. ­­Սա­հակ ե­պիս­կո­պո­սին, Տ. ­­Պետ­րոս ե­պիս­կո­պո­սին եւ Տ. ­­Տա­ճատ ե­պիս­կո­պո­սին։ Ա­պա, ­­Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ա­նոնց շնոր­հեց ե­պիս­կո­պո­սա­կան գա­ւա­զան ու մա­տա­նի։ ­­Ձեռ­նադ­րու­թեան ու օծ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը տո­ւաւ իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը։
­­Խօս­քը ուղ­ղե­լով նո­րըն­ծայ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն՝ ­­Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ. «Այ­սօր դուք դար­ձաք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ իշ­խան­նե­րը, սա­կայն չշփո­թէք այս իշ­խա­նու­թիւ­նը աշ­խար­հի ար­քու­նի աս­տի­ճան­նե­րու հետ։ ­­Դուք պէտք է ըլ­լաք ե­կե­ղեց­ւոյ ճշմա­րի՛տ իշ­խան­նե­րը, այլ խօս­քով ա­նոր սպա­սա­ւոր­նե­րը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­նե­րը՝ հե­տե­ւե­լով մեր ­­Տի­րոջ՝ ­­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի օ­րի­նա­կին։ ­­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­հիոյ ­­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը, իր ­­Միա­բա­նու­թեամբ, այս­պէս ըմբռ­նած է ու կ­­՚ըմբռնէ ընդ­հա­նար­պէս հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նին եւ մա­նա­ւանդ ե­պիս­կո­պո­սին դե­րը։ Իշ­խա՛ն, ա­յո՛, սա­կայն իշ­խա­նա­բա՛ր ծա­ռա­յե­լու, ինչ­պէս Ք­րիս­տոս Ի՛նք ծա­ռա­յեց», շեշ­տեց ­­Հայ­րա­պե­տը։ «Իմ սպա­սումս է, որ մեր ե­րեք նո­րըն­ծայ ե­պիս­կո­պոս­նե­րը այս գի­տակ­ցու­թեամբ ու նո­ւի­րու­մով, ի­րենց դի­մաց ու­նե­նա­լով իշ­խան­նե­րու Իշ­խա­նը ու ծա­ռա­նե­րու ­­Ծա­ռան՝ Ք­րիս­տո­սը, եւ լսե­լով Ա­նոր պատ­գա­մը, եր­թան ի­րենց վստա­հո­ւած ծա­ռա­յա­կան դաշտ եւ Ա­ւե­տիա­րա­նի սկզբունք­նե­րով, ար­ժէք­նե­րով ու ճշմար­տու­թիւն­նե­րով ծա­ռա­յեն Աս­տու­ծոյ, ծա­ռա­յեն մեր ժղո­վուր­դին եւ ծա­ռա­յեն մեր ­­Հայ­րա­նի­քին։ Ա­հա­ւա­սիկ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուս կո­չու­մը. ա­հա­ւա­սիկ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ ­­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ­­Միա­բա­նու­թեան սրբա­զան կո­չու­մը», եզ­րա­փա­կեց իր պատ­գա­մը ­­Նո­րին ­­Սուրբ Օ­ծու­թիւ­նը։
«Ող­ջոյն»-ի պա­հուն, ­­Վե­հա­փառ հայ­րա­պետն ու միա­բան հայ­րե­րը նո­րաօծ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն միւ­ռո­նադրոշմ ճա­կատն ու ձեռ­քե­րը համ­բու­րե­լով՝ շնոր­հա­ւո­րե­ցին զա­նոնք եւ ար­դիւ­նա­բեր ու պտղա­լի ծա­ռա­յու­թիւն մաղ­թե­ցին։
Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­րաօծ ե­պիս­կո­պոս­նե­րուն ճա­կա­տի ու ձեռ­քի լո­ւա­ցու­մը։ Տ. ­­Սա­հակ ե­պիս­կո­պո­սին ճա­կատն ու ձեռ­քը լո­ւա­ցին կնքա­հայր Ար­սէն եւ ­­Վե­րո­նիկ ­­Գալ­ֆա­յեան­ներ։