12 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան 147րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Եղիշէ Թադեւոսեանի, որ խորապէս արտայայտչական ու յատկապէս տպաւորապաշտ իր կտաւներով ինքնուրոյն դէմք մը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան մէջ։
1870ի այս օրը Վաղարշապատ՝ Էջմիածին ծնած հայ մեծ նկարիչը իրեն շնորհուած կեանքի 66 տարիները, յատկապէս ստեղծագործական կեանքին մեծ մասը ապրեցաւ հայրենի հողէն հեռու, Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի մէջ, բայց միշտ ալ թէ՛ գեղանկարչական իր ներաշխարհին կիզակէտը դարձուց Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, թէ՛ իր ծաւալած հասարակական գործունէութեամբ հաւատարիմ մնաց ազգային իր արմատներուն։
Հայկական կերպարուեստի վարպետներէն Երուանդ Քոչարի վկայութեամբ՝ Եղիշէ Թադեւոսեան «…Նա ինքը մեծ հոգու տէր էր եւ խորունկ կուլտուրայով (մշակոյթով) հարստացած. նա մօտ բարեկամ էր Յովհ. Թումանեանին, Թորոս Թորամանեանին, Կոմիտասին եւ գրեթէ բոլոր մեծ արուեստագէտներին։ Նա մեծ երախտաւոր էր թէ՛ իր արուեստով, թէ՛ իր հասարակական գործունէութեամբ»։
Եղիշէ Թադեւոսեան շատ երիտասարդ տարիքէն մուտք գործեց արուեստի աշխարհէն ներս եւ իր յախուռն արտայայտչական գործերով անմիջապէս ոչ միայն գրաւեց ուշադրութիւնը արուեստի վարպետներուն եւ քննադատներուն, այլեւ թիրախ դարձաւ հակադիր բուռն գնահատումներու՝ բոլոր իրա՛ւ արուեստագէտներուն պէս ունենալով իր ջերմ պաշտպաններն ու անհաշտ ընդդիմախօսները։
Մանուկ տարիքէն հետեւեցաւ արուեստագիտական ուսման՝ նախ Թիֆլիսի մէջ, 1879-1881 տարիներուն, աշակերտելով Տէր-Յակոբեան Պանսիոնին, ապա՝ Մոսկուա, 1881-1885 տարիներուն, Լազարեան Ճեմարանէն ներս։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1894 թուականը, շնորհալի հայ պատանի-երիտասարդը արուեստից բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Մոսկուայի Գեղանկարչութեան, Քանդակագործութեան եւ Ճարտարապետութեան Ուսումնարանին մէջ, ուր աշակերտեց մեծանուն ռուս գեղանկարիչներ Ն. Նեւրեւին, Վ. Մակովսկիին եւ Վ. Պոլենովին։ Յատկապէս վերջինին հետ, ուսանողական տարիներէն, Եղիշէ Թադեւոսեան ունեցաւ սերտ ու մտերիմ կապ, որուն հիմքը Պոլենովի արուեստին նկատմամբ հայ երիտասարդ նկարիչին պաշտամունքի աստիճան հիացմունքն էր եւ նոյն ուղիով ստեղծագործական սեփական ոճը գտնելու մղումը։ Այդ կապը նաեւ ընտանեկան մտերմութեան վերածուեցաւ ու երկար տարիներ հիմք դարձաւ աշխատանքային գործակցութեան. 1898ին Ե. Թադեւոսեան ընկերացաւ Պոլենովին՝ դէպի Պաղեստին անոր կատարած գեղարուեստական հետախուզութեան արշաւախումբին հետ։
Մոսկուայի գեղանկարչական շրջանակներուն հետ իր հաստատած սերտ կապերը օգնեցին հայ նկարիչին, որ գեղարուեստական իր հորիզոնը ընդլայնելու նպատակով ճանաչողական ուղեւորութիւններ կատարէ դէպի Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր երկիրներ, մօտէն ծանօթանայ տարբեր մշակոյթներու ժառանգութեան, ինչպէս եւ գեղանկարչական նորարար շարժումներուն։ Յատկանշականօրէն՝ Ե. Թադեւոսեան որքան բացուեցաւ ազգային այլ մշակոյթներու եւ ժառանգութեանց, այնքան խորացուց իր ճանաչողութիւնն ու ընկալումը հայկական գեղանկարչական ժառանգութեան եւ հարուստ աւանդներուն։
Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը Վաղարշապատի ծնունդ երիտասարդ նկարիչին հրաւիրեց դասախօսական պաշտօնի, բայց Թադեւոսեան միայն 1894-1895 տարիներուն դասաւանդեց Ճեմարանի մէջ եւ վերադարձաւ Մոսկուա, ուր բեղուն ստեղագործական ու հասարակական աշխատանք ծաւալեց՝ տալով աձնական ցուցահանդէսներ եւ մեծ հռչակի տիրանալով։
1901ին Թադեւոսեան վերջնական բնակութիւն հաստատեց Թիֆլիսի մէջ, ուր ապրեցաւ ու գործեց մինչեւ 22 Յունուար 1936ի իր վախճանը, տարիներու վրայ երկարած ծանր հիւանդութենէ ետք։
Գէորգեան Ճեմարանի մէջ իր դասաւանդութեան շրջանէն սկսեալ Ե. Թադեւոսեան ստեղծագործական իր յուզաշխարհին կիզակէտը դարձուց թրքական լուծի տակ հիւծող հայ ժողովուրդին պարտադրուած դաժան կեանքը, ինչպէս եւ հայոց ազգային ազատագրութեան ձգտումը։ Այդ շրջանին ստեղծուած Թադեւոսեանի «Դէպի Պանդխտութիւն» կտաւը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան եզակի նուաճումներէն մէկը։
Թիֆլիսեան աւելի քան երեսնամեայ իր կեանքն ու գործունէութիւնը Թադեւոսեան պսակեց երկու մեծ իրագործումներով.- Առաջինը կազմութիւնն էր, 1916 թուականին, Հայ Արուեստագէտներու Միութեան, որուն նախագահութիւնը ստանձնեց երկար տարիներ։ Իսկ երկրորդը՝ հիմնադրութիւնն էր Վրաստանի Գեղարուեստի Ակադեմիային, որուն առաջին փրոֆեսէօրներուն եղաւ եւ սերունդներ հասցուց գեղանկարչութեան մարզին մէջ։
Իր կտակին համաձայն՝ Եղիշէ Թադեւոսեան թաղուեցաւ Երեւան։ Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները յատուկ պատուիրակութեամբ մը Թիֆլիսէն Երեւան տեղափոխեցին հայ մեծ նկարիչին անկենդան մարմինը, վրացական իշխանութիւնները օրին ստանձնեցին յուղարկաւորութիւնը եւ 29 Յունուար 1936ին Եղիշէ Թադեւոսեան իր վերջնական հանգիստը գտաւ Երեւանի Արուեստի եւ Գիտութեան Գործիչների Պանթէոնին մէջ։
Գեղարուեստական առումով յատուկ գնահատանքի արժանացած են տպաւորապաշտ ոճով նկարուած Թադեւոսեանի բնապատկերները՝ «Արագած»ը (1917) եւ «Արարատ»ը (1934)։ Անոր փայլուն դիմանկարներու շարքին յիշատակելի են «Ա. Շիրվանզադէ»ն (1933) եւ «Յ. Թումանեան»ը (1935)։ Ունի նաեւ խոհական դիմապատկերներ, որոնց շարքին հռչակաւոր է «Կոմիտաս» մեծարժէք կտաւը (1935)։ Հայոց սերունդներուն կտակած է նաեւ մեր ժողովուրդին հարուստ անցեալը արտայայտող կտաւներ, ինչպէս «Տորք Անգեղ»ը (1910) եւ «Արշակ եւ Փառանձեմ» (1921) կտաւները։ Նոյնպէս յայտնի եւ արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ են՝ «Հանճարը եւ Ամբոխը» (1909), «Քրիստոսը եւ Փարիսեցիները» (1919), «Քարոզ Ուղղափառներին» (1896) եւ «Տիրամայր» (1917) կտաւները։
Ինչպէս որ Մեծն Մարտիրոս Սարեան ընդգծած է Եղիշէ Թադեւոսեանի նուիրուած իր վկայութեան մէջ՝ «Նա ստեղծեց իր հրաշալի էտիւդները, որոնց մէջ արուեստի իսկական գոհարներ կան։ Գոյնի նուրբ զգացողութիւն ունէր ու կարողացաւ մերձենալ իմպրեսիոնիզմի (տպաւորապաշտութեան) սկզբունքներին, կարողացաւ լուսային, գունային մաքուր թռթռումներով փոքր չափի էտիւդների մէջ արտացոլել հայրենի բնութեան գողտրիկ անկիւնները, այնքա՜ն վճիտ ու հայկական»…
Եղիշէ Թադեւոսեան (1870-1936)
Եղիշէ Թադեւոսեան (1870-1936). Տպաւորապաշտ գեղանկարչութեան հայկեան ճառագայթումը Ն.